Փիլիսոփայութեան Սկզբունքներ (Տեքարթ)

Principia Philosophiae Փիլիսոփայութեան Սկզբունքներ
Հեղինակներ Ռընէ Տեքարթ
Լեզու Լատիներէն
Հրատարակուած 1644


Փիլիսոփայութեան Սկզբունքներ (լատիներէն՝ Principia Philosophiae), գիրք մըն է Ռընէ Տեքարթին գրիչով։ Էութեան մէջ, համադրում մըն է «Մտախոհութիւններ Առաջին Փիլիսոփայութեան Մասին» եւ «Խօսոյթ Ուղեգիծի Մասին» գիրքերուն։[1] Առաջին անգամ գրի առնուած է լատիներէնով, հրատարակուած 1644 թուականին եւ ձօնուած իշխանուհի «Եղիսաբէթ Պոհեմիացի»-ին, ով Տեքարթին վաղեմի ընկերուհին էր։ Գիրքին Ֆրանսերէն տարբերակը (Les Principes de la Philosophie) հրատարակուեցաւ 1647 թուականին։

Այս գիրքը կը ներկայացնէ բնութեան սկզբունքները—Բնագիտութեան (լատիներէն՝ Physica, Ֆիզիքա) կանոնները— այնպէս ինչպէս Տեքարթը կը տեսնէր զանոնք։ Անիկա կը սահմանէ այն սկզբունքը որ կ'ըսէ․ «արտաքին ոյժերու բացակայութեան դէպքին, առարկայի մը շարժումը կ'ըլլայ միակերպ եւ շիտակ գիծով»։ Իսահակ Նիութոնը (Isaac Newton) այս սկզբունքը փոխառաւ Տեքարթէն եւ ներառեց իր «Նախատարրերք» (լատիներէն՝ Principia) գիրքին մէջ (լատիներէն՝ Philosophiæ Naturalis Principia Mathematica, Բնական Իմաստասիրութեան Չափագիտական Նախատարրերքը, կամ Բնական Փիլիսոփայութեան Ուսողական Սկզբունքները)։ Մինչեւ այսօր անիկա Նիւթընին կը վերագրուի ու կը կոչուի «Նիութոնի Շարժումի Առաջին Օրէնքը»։[2]

Այս գիրքին մէջ երկրորդ անգամ կը հանդիպինք «Ես կը մտածեմ, ապա գոյ եմ» արտայայտութեան (լատիներէն), որուն առաջին անգամ կը հանդիպինք «Մտախոհութիւններ Առաջին Փիլիսոփայութեան Մասին» գիրքին մէջ (Ֆրանսերէնով)։

Ռընէ Տեքարթ, Գարդէսիոս

Ֆրանսերէն Հրատարակութեան Նախաբանը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տեքարթը «Ապպօթ Քլօտ Փիքօ»-էն (Abbot Claude Picot) կը խնդրէ իր լատիներէնով գրած Principia Philosophiae գիրքը թարգմանէ Ֆրանսերէնի։ Այս հրատարակութեան համար (որ տպուեցաւ «Les Principes de la Philosophie» վերնագիրով) Տեքարթը գրեց յառաջաբան մը զոր քօղարկեց թարգմանիչին յղուած նամակի մը տեսքով եւ կրեց հետեւեալ վերնագիրը․ «Հեղինակին նամակը գիրքին թարգմանիչին, որ կրնա գործածուիլ որպէս նախաբան»։ Ասիկա կը հրատարակուի 1647-ին, երբ ան հասունացած էր ու իր կեանքի վերջին շրջանն էր։ Այս գրութեան մէջ, Տեքարթը կարգ մը խոկումներ կը յայտնէ իմաստության և իմաստասիրութեան (փիլիսոփայութեան) մասին իր գաղափարը: Այս նախաբանին պարունակութիւնը կարելի է հետեւեալով ամփոփել․[3]

Փիլիսոփայութեան Հասկացութիւնը (Գաղափարը)[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Փիլիսոփայութիւնը իմաստութեան ուսումնասիրութիւնն է, զոր կը հասկցուի որպէս մարդկային գործունէութիւնը վարելու կարողութիւն։ Նաեւ կը ճանչցուի որպէս կատարեալ իմացութիւն այդ ամէն բաներուն որոնք մարդը կրնա գիտնալ իր կեանքը տնօրինելու, առողջ մնալու, եւ արուեստներու մէջ հմտանալու համար։ Միայն Աստուած կատարեալօրէն իմաստուն է, մինչ մարդը քիչ թէ շատ իմաստուն է, համետատութեամբ այն գիտելիքներուն որոնց ան կը տիրապետէ ամէնակարեւոր ճշմարտութիւններուն մասին։

Գիտութեան Աստիճանները[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տեքարթը գիտութիւնը (իմացութիւնը) կը բաժնէ չորս աստիճաններու որոնք «ընդհանուր» կ'անուանէ, եւ մէկ այլ աստիճան մը կ'առանցնացնէ զոր կը կոչէ «բարձրագոյն»։ Առաջին աստիճանը կը բաղկանայ յստակ եւ ակնյայտ հասկացողութիւններէ որոնք րնան ձեռքբերուիլ առանց ոեւէ մտախոհութեան կարիքին։ Երկրորդ աստիճանը ամէն ինչն է որ կը սորվուի զգայարանքներու միջոցով։ Երրորդը կը ներառէ այն ինչ որ մենք կը սորվինք ուրիշ մարդոց (բնագրին մէջ՝ ուրիշ տղամարդոց) հետ խօսելով։ Չորորդը կը ներփակէ այն ինչ որ մենք կրնանք սորվիլ այնպիսի մարդոց գրութիւններէն, որոնք ատակ են լաւ ուսուցումներ տալու։

Բարձրագոյն Իմաստութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բոլոր ժամանակներուն եղած են մարդիկ, որոնք հետախոյզ եղած են աւելի լաւ եւ աւելի ստոյգ իմաստութիւն մը․ իմաստութեան հինգերորդ աստիճան մը։ Ասիկա կայացած է առաջին պատճառներուն հետապնդումէն, եւ անոնք որոնք հետեւած են այս հետապնդրումին իմաստասէր (փիլիսոփայ) կը կոչուին։ Սակայն ան կը կարծէ թէ ոչ մէկը յաջողած է դեռ։

Կասկած եւ Ստուգութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պղատոնէն ու Արիստոտէղէն ի վեր, բանավէճ մը կայ կասկածի եւ ստուգութեան (որոշակիութեան) մասին։ Անոնք որոնք կասկածի կողմը կը բռնեն, հասած են ծայրայեղ կասկածի ծայրայեղութեան, կասկածի տակ դնելով անգամ ամէնաստոյգ բաները։ Իսկ անոնք որոնք ստուգութեան (որոշակիութեան) կողմը կը բռնեն չափազանցօրքէն կը կ'ապաւինին զգացումներուն։ Թէեւ ճիշդ է որ ընդունուած է թէ զգայարանքները կրնան մոլորեցնել մեզի, ըստ Տեքարթին, դեռ ոչ մէկը յայտնած է թէ ճշմարտութիւնը կրնա հիմնուիլ զգայարանքներուն վրան, բայց հասկացողութեան մէջ, երբ անիկա կը հիմնուի ակնյայտ ընկալումներու վրայ։

Մտախոհութիւններ Առաջին Փիլիսոփայութեան Մասին[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Առաջին պատճառներուն, կամ հիմնական ճշմարտութեանց որոնումը, ինչպէս Տեքարթը ձեռնարկած էր, այս գիրքին մէջ պարփակուած էր։ Ասիկա կը բացատրէ բնազանցական (մէթքֆիզիքական) սկզբունքները որոնց վրայ կը հիմնուի մնացած գիտութիւնը։

Փիլիսոփայութեան Ծառը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Իմաստասիրութիւնը (Փիլիսոփայութիւնը) ծառի մը պէս է, որուն արմատները բնազանցութիւնը (Metaphysics) կը ներկայացնէ, եւ կոճղը կը ներկայացնէ բնագիտութիւնը (Physics), իսկ ճիւղերը մնացած գիտութիւնները կը ներկայացնէն․ գլխաւորապէս բժշկութիւն, մեքենագիտութիւն, եւ բարոյագիտութիւնը որ իմաստութեան վերջին մակարդակն է։ Ինչպէս ծառին պտուղները իր դուրսի մասերուն մէջ կը գտնուին այդպէս ալ փիլիսոփայութեան օգտակարութիւնը կը կայանայ իր աւարտին մէջ։

«Փիլիսոփայութեան Սկզբունքները» 1656

Արդի Հրատարակութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1983 թուականին Նետրլանտացի (Հոլանտացի) հրատարակիչ «Ռայտըլ»-ը (Reidel), տպագրեց գիրքին Անգլերէն տարբերակը ( ISBN 90-277-1451-7), որ թարգմանուած էր «Վալընթայն Րօճըր»-ին (Valentine Rodger) եւ «Րիիս Փ․ Միլլըր»-ին (Reese P. Miller) կողմէն, բացատրական ծանօթագրութեանց հետ։ Թէեւ այս թարգմանութիւնը կատարուած էր բուն 1644-ի լատիներէն օրինակէն, սակայն 1647-ի Ֆրանսերէն թարգմանութեան յաւելեալ նիւթերն ալ կը պարփակէ։

«Փիլիսոփայութեան Սկզբունքները» (Principia philosophiae) գիրքէն օրինակ մը տպագրուած է 1656 թուականին։ Կը պատկանի Հարաւարեւմտեան հետազօտական հիմնարկին հազուագիւտ գիրքերու հաւաքածոյին, զոր կը գտնուի Թեքսասի Սան Անտոնիոյի մէջ գտնուող Թօմ Սլիքի (Tom Slick) անուան գրադարանին մէջ։

Տես Նաեւ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Guy Durandin, Les Principes de la Philosophie. Introduction et notes, Librairie Philosophique J. Vrin, Paris, 1970.
  2. D. T. Whiteside, "The prehistory of the Principia", Notes Rec. R. Soc. Lond. 45/13 (1991).
  3. René Descartes. "Letter of the Author to the French Translator of the Principles of Philosophy serving for a preface". John Veitch (թարգմանութիւն Անգլերէնի).