Վահան Գարտաշեան
Վահան Գարտաշեան | |
---|---|
| |
Ծնած է | 1 Դեկտեմբեր 1883 |
Ծննդավայր | Կեսարիա, Թուրքիա |
Մահացած է | 1934[1] |
Մահուան վայր | Նիւ Եորք, Նիւ Եորք, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ |
Ուսումնավայր | Եէյլի համալսարան |
Մասնագիտութիւն | փաստաբան, քաղաքագէտ |
Գարտաշեան Վահան (1 Դեկտեմբեր 1883, Կեսարիա, Թուրքիա - 1934[1], Նիւ Եորք, Նիւ Եորք, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), փաստաբան եւ մտաւորական։
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կը պատկանի Ետիգարտաշեաններու ընտանիքին, որոնց մէկ ճիւղը կը գտնուի Ռումանիա եւ միւսը՝ Եգիպտոս: Իր նախակրթութիւնը ստացած է իր ծննդավայրին վարժարանը եւ յետոյ յաճախած՝ Սէնթ Պազիլ Յիսուսեանց վարժարանը (1890-1900): 2 Յուլիս 1902-ին կ'երթայ Մ. Նահանգները եւ կը մտնէ Եէյլի համալսարանը եւ կը հետեւի օրէնսգիտութեան (1905-1908): Համալսարանը աւարտելէ յետոյ կ'ընդունուի օրէնսգէտներու կաճառին մէջ եւ 1909-ին կը կազմէ ընկերակցութիւն մը ուրիշ փաստաբանի մը հետ: 1911-ին կ'ըլլայ տնօրէն, խորհրդական եւ վիճակագիր Ամերիկայի Օսմ. Առեւտրական Սենեակին եւ խորհրդական Ուաշինկթընի Թրքական Դեսպանատան եւ Նիւ Եորքի Թրքական Ընդհ. Հիւպատոսարանին (1910-1914): 1913-ին Ելմտական գործակալ Թուրքիոյ Միացեալ Նահանգաց մէջ, եւ 1914-ին օգնական բարձր յանձնակատար Թուրքիոյ՝ Սան Ֆրանսիսքոյի Միջազգային արուեստահանդէսին:
Ընդհանուր պատերազմէն յետոյ թրքական ծառայութիւնը կը թօթափէ եւ կը գտնուի ազգային կեանքի մէջ, եւ կ'աշխատի հայկական անկախութեան դատին համար եւ կը վարէ Հոկտեմբեր 1918-էն 1923 պատուակալ տնօրէնութիւնը Փրէս Պիւրոյի եւ James W. Gerardի ատենապետութեան տակ գործող Հայաստանի Անկախութեան Ամերիկեան Յանձնախումբին:
Ստեղծագործական Կեանք
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հեղինակած է այլեւայլ գիրքեր, ինչպէս Օսմ. Կայսրութիւնը Ի. Դարուն (1908): Արեւելեան տնդրոյ վրայ կարճ բացատրութիւն մը (1908), Խորհրդարանական օրինաց սկզբունքները (1909), Արդի կեանքը թրքական հարէմին մէջ (1912), Հայաստան եւ Հայք (1916): Ունի բազմաթիւ յօդուածներ եւ տետրակներ Արեւելեան խնդրոյն մասին (1916-1923). Հայկ եւ Արման անուններով աշխատակցած է Հայրենիքի: 1907-1923 շրջանին կատարած է գիտական կաճառներու եւ Համալսարաններու մէջ բազմաթիւ բանախօսութիւններ Արեւելեան խնդրոյն եւ անոր յարակից նիւթերու մասին:
Վահան Գարտաշեան թերեւս տաղանդ ունէր սակայն դժբախտութիւն մըն է, որ նկարագրով բախտախնդի մը եղած է: 1908-ին ամուսնանալով տարէց այրի Ամերիկուհիի մը հետ, անոր նիւթական միջոցները ուզած է իրեն բարձրացման պատուանդան դարձնել, եւ ասոր համար է որ իր ծառայութիւնը տրամադրած է նախ Թուրքերուն: Կարծելով թէ կրնայ օգտագործել Թուրք կառավարութիւնը 1913-ին կ'երթայ Կ. Պոլիս, իբր թէ լուսաւորելու համար թուրք ժողովուրդը եւ թուրք կառավարութիւնը թէ Օսմ. կայսրութիւնը կազմող զանազան ցեղերը պարտ էին սորվիլ բարեկամ ըլլել իրարու հետ եւ մշակել եղբայրութեան ոգին: Միւս կողմէ Ամերիկացիներուն կը ներկայանար իբր պետը կազմակերպութեան մը, որուն նպատակն էր յառաջացնել Թուրքիոյ մէջ բարոյական վիճակներ, որոնք հարկաւոր էին նոր բէժիմին յաջողութեան»: Արդարեւ Թուրքիայէն կը դառնար ձեռք բերած վերը նշանակուած շահաբեր պաշտօնները, (Ելեւմտական գործակալ, օգնական բարձր յանձնակատարի եւ փաստաբան Նիւ Եորքի թուրք հիւպատոսարանին) որոնք պահեց մինչեւ 1918 գէթ իբր տիտղոս, եւ գործակցեցաւ այն մարդոց որոնք Թուրքիոյ ամբողջութիւնը պաշտպանելու նպատակով ծրագիրներ կը յղանային եւ կը պատրաստէին «Reconstruction Work in Turkey» գիրքը որ հազարաւոր օրինակներով ձրի ցրուուեցաւ, եւ խոշոր դեր կատարեց ամերիկացիներու միտքերը յեղաշրջելուն մէջ:
Սակայն իր արկածախնդրական բազմաթիւ արարքներուն մէջ գլուխ-գործոցը պիտի մնայ 1921-ին հրատարակած տետրակը «Ուիլսըն Հայաստանի կործանիչ» խորագրով որով կը յարձակէր Նախագահ Ուիլսընին, Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստամատոյցին եւ Ամերիկեան Միսիոնարներուն վրայ, զանոնք մատնանշելով իբր Հայաստանի դժբախտութեան երկարաձգման պատասխանատու, ինչ որ պատճառ եղաւ որ Կ. Պոլսոյ հայ երեք հոգեւոր պետերը 20 Մայիս 1921-ին պաշտօնական յայտարարութեամբ դատապարտեն զինքը: Վահան Գարտաշեան, երբեմն հակառակորդ յետոյ անձնուէր գործիչ Դաշնակցութեան, կը մեռնի 12 Յունիս 1934-ին ի Նիւ Եորք:
Գարտաշեան որդին էր Նազար Գարտաշեանի: 1920-էն ի վեր, երբ Սովիէթ Ռուսիոյ կողմէ գրաւուեցաւ կարճատեւ Հայկական Հանրապետութիւնը, Գարտաշեան փաստաբանն էր Հայկական Հանրապետութեան պատուիրակութեան, որ ստորագրեց Սեւրի դաշնագիրը եւ օրինաւոր յաջորդն է Հայկական Հանրապետութեան կառավարութեան, որուն կեդրոնը կը գտնուի Փարիզ:
Գարտաշեան խիստ քննադատ մըն էր Մ. Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան՝ Թուրքիոյ վերաբերմամբ, եւ 1923-ի Ապրիլին ծերակուտեիեն Պորահի գրած նամակով մը ամբաստանեց թէ՝ նախագահին դահլիճին երկու անդամները Լօզանի քօնֆէրանսին մէջ ծախեցին հայկական դատը... Կարճ ժամանակ կը յետոյ, Գարտաշեան իբր փաստաբանը Հայկ. Հանրապետութեան պատուիրակութեան նամակ մը ուղղեց նախագահ Գուլիճին, հրաւիրելով Միացեալ Նահանգները որ պատուիրակութեան հետ միասին Լահէի իրաւաբանական մնայուն Ատեանին ենթարկեն Մ. Նահանգներու եւ Հայաստենի միջեւ գոյութիւն ունեցող խնդիրները։
Գարտաշեան դասախօսեց Եէյլ համալսարանի եւ այլ հաստատութեանց մէջ:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ 1,0 1,1 1,2 Bibliothèque nationale de France data.bnf.fr: open data platform — 2011.
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1938, Պուքրէշ, Հատոր Գ․, էջ 484: