Սուրէն Ուզունեան

Սուրէն Ուզունեան
Ծնած է 1883
Ծննդավայր Կ. Պոլիս
Մահացած է 23 Փետրուար 1927(1927-02-23)
Մահուան վայր Պուխարեստ, Ռումանիա
Կրթութիւն Պէյրութի Սեն Ժո­զեֆ Ֆրան­ս­ա­կան հա­մալ­սա­րա­ն
Մասնագիտութիւն բժիշկ
Աշխատավայր Կե­լի­պո­լուի զին­ուո­րա­կան հի­ւան­դա­նո­ց
Ամուսին Մար­գա­րիտ Աւե­տի­սեա­ն

Սուրէն Ուզունեան (1883, Կ. Պոլիս - 23 Փետրուար 1927, Պուխարեսթ), հայ բժիշկ, Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան (ՀՄԸՄ) հիմնադիրներէն մէկը։

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է 1883 թուականին՝ Կ. Պոլիս։ Մանկութիւնը ծնողներուն հետ անցուցած է Կարնոյ մէջ։ Վերադառնալով Կ. Պոլիս՝ ուսանած է Պէրպէրեան վարժարանէն ներս։ Յետագային կրկին տեղափոխուած է Կարին եւ ուսանած՝ Սանասարեան վարժարանին մէջ։ Այնուհետեւ ուսանած է Պէյրութի Սեն Ժոզեֆ Ֆրանսական համալսարանի բժշկական բաժինէն ներս։ Աւարտելէ ետք մեկնած է Փարիզ եւ «Օթել Տիէօ» հիւանդանոցին մէջ հետեւած Դիյոլաֆուայի դասերուն։

Վերադառնալով Կ. Պոլիս՝ թուրք-ռուսական սահմանագլխու առողջապահական քննիչ նշանակուած է։ 1911 թուականին հրաժարելով պաշտօնէն՝ հաստատուած է Կ. Պոլսոյ ասիական կողմի Սկիւտար թաղամասին մէջ։ 1914 թուականին՝ Առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ, զօրակոչուած է Օսմանեան բանակ եւ որպէս զինուորական բժիշկ ծառայած է։ Ռազմաճակատին վրայ վիրաւորուած, բուժուած, ապա՝ Կելիպոլուի զինուորական հիւանդանոցի բժշկապետ նշանակուած է։ 1918 թուականին՝ պատերազմի աւարտէն ետք վերահաստատուած է Սկիւտար, ուր լայն ժողովրդականութիւն վայելած է։ Եղած է Տարագրելոց, Որբախնամի, Կարմիր խաչի եւ Հայ բժիշկներու միութիւններու անդամ։ Եղած է Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան (ՀՄԸՄ) հիմնադիրներէն մէկը։

1920 թուականին ամուսնացած է հանրաճանաչ գրագիտուհի տիկին Անայիսի (Եվփիմէ Աւետիսեան) դստեր՝ Մարգարիտ Աւետիսեանին հետ։ 1922 թուականի աշնան ընտանիքով գաղթած է Ռումանիա եւ հաստատուած Պուխարեսթ մայրաքաղաքին մէջ, ուր շարունակած է բժիշկ աշխատիլ եւ հանրային գործունեութեամբ զբաղիլ։

Պուլղարական խորհուրդին մէջ ուշագրաւ ատենախօսութիւն կատարած է։

Մահացած է 1927 թուականի Փետրուար 23-ին, Պուխարեսթ՝ 44 տարեկան հասակին։

Գրականութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Թէոդիկ, Ամէնուն տարեցոյցը, 1928, Փարիզ, 1929։

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։