Պուխարեսթ (ռում.՝ Bucureşti), Ռումանիոյ մայրաքաղաքը։ Կը հանդիսանայ տնտեսական եւ մշակութային կարեւոր կեդրոն։
Պուխարեսթի մէջ եւ անոր արուարձաններուն մէջ կ՛ապրին աւելի քան 2.6 մլն. մարդ[4]։ Քաղաքին ընդհանուր մակերեսը կը կազմէ՝ 228 քմ²։ Այն հարաւ-արեւելեան Եւրոպայի ամենամեծ քաղաքն է։
Ժամանակակից անունով յայտնի է 17-րդ դարէն։ Կ՛ենթադրեն, որ անուանումն առաջացած է Պուքուր անձնանունէն (հաւանաբար եղած է աւատատիրոջ անունը)։ Արեւմտահայերէնով տարածուած է «Պուքրէշ» ձեւը։