Jump to content

Սմբատ Փանոսեան

Սմբատ Փանոսեան
Ծնած է 1909 թուականին
Ծննդավայր Թիֆլիս
Մահացած է 27 Մայիս 1995(1995-05-27)
Մահուան վայր Լաթակիա, Սուրիա
Քաղաքացիութիւն  Ռուսական Կայսրութիւն
Ուսումնավայր Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւն
Մասնագիտութիւն արձակագիր

Սմբատ Փանոեան ծնած է Թիֆլիս 1909 թուականին։ Տասը տարէկանին կը կորսնցնէ հայրը, որ զոհ կ'երթայ կոյր գնդակի մը, հայեւքիւրտ բախումներու ընթացքին։ Տարագրութեան օրերուն, 1919 թուականին՝ Միջագետքի մէջ կը կորսնցնէ նաեւ մայրը։ Որբ, 1920 թուականին կը յանձնուի Նահր Էլ Օմարի գաղթակայաններուն մէջ հիմնուած որբանոցի մը խնամքին։ Բացառաբար Վասպուրականցի հազարի մօտ երկսեռ որբեր, այս որբանոցին մէջ, 1922 թուականին կը փոխադրուին Երուսաղէմ. անոնց հետ՝ նաեւ ինք։ Նախակրթութիւնը թէեւ ստացած է որբանոց մուտքէ առաջ, սակայն որբանոցն է որ տուած է իրեն լուրջ կրթութիւն մը։ 1926 թուականին, իբրեւ ուշիմ եւ աշխատասէր աշակերտ, զինք կ'ընդունին Կիպրոսի Մելգոնեան Կրթական հաստատութեան մէջ, որուն անդրանիկ շրջանաւարտն է 1930 թուականին։ Գրականութեան իր ուսուցիչը եղած է Օշական, որուն շունչին տակ կը կազմուի գրագէտը։ 1930 թուականին կոււ գայ Պէյրութ, եւ իբրեւ պաշտօնեայ գործի կը ձեռնարկէ տեղւոյն կալուածոց գրասենեակին մէջ։ 1933 թուականին կ'անցնի Լաթաքիա (Սիւրիա)՝ ուր մինչեւ այսօր կը պաշտօնավարէ ծխախոտի էնկերութեան մէջ, իբրեւ քննիչ։ Առաջին պատմուածքը լոյս տեսած է «Հայրենիք» ամսագրի մէջ, 1932 թուականին (երգը): Այդ թուականէն ասդին կ'աշխատակցի գաղութահայ բոլոր հանդէսներուն, մասնաւորաբար՝ «Նայիրի», «Ակօս» եւ «Անի»: Պատմուածքներու առաջին հատորը, «Անարձագանգ Քայլեր», լոյս տեսաւ 1949 թուականին։ «Անի» ամսագրի հրատարակչականին կողմէ։1953 թուականին հրատարակեց իր առաթին ծաւալուն վէպը՝ «Որ մրրկաւ էին զատուած», 1915 թուականին Եղեռնէն թելադրաբար։ 1959 թուականին՝ «Հայկական վէրք» երգիծավիպակը եւ 1968 թուականին՝ «սէրը, որ գին չունէր» պատմուածքներու եւ Վիպակներու հատորը[1]:

Ծանոթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Մինաս Թէօլէօլեան, Դար մը գրականութիւն, հ. հատոր Բ (Բ. հրատարակութիւն), Հալէպ։