Jump to content

Սիւզան Խարտալեան

Սիւզան Խարտալեան
Ծնած է 5 Փետրուար 1956(1956-02-05) (68 տարեկան)
Ծննդավայր Պէյրութ, Լիբանան
Քաղաքացիութիւն  Շուէտ
Մասնագիտութիւն լրագրող, ժապաւէնի բեմադրիչ, հեղինակ
Ամուսին PeÅ Holmquist?

Սիւզան Խարտալեան (5 Փետրուար 1956(1956-02-05), Պէյրութ, Լիբանան), լրագրող, հրապարակախօս, վաւերագրական ֆիլմերու հեղինակ եւ բեմադրիչ։


Սիւզան Խարտալեանի «Inside Her Inside Me, A Tale of Three Yazidi Women» փաստավաւերագրական ֆիլմը The Wiener Holocaust Library-ի նախաձեռնութեամբ, Ապրիլ 30-ին պիտի ցուցադրուի Լոնտոնի մէջ[1]։

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Պէյրութ, նախնիները Կիլիկիայէն են։ Մեծցած է հայկական աւանդութիւններով ապրող ընտանիքի մը մէջ` Պուրճ Համուտի կեդրոնական մասը գտնուող հայկական թաղամասին մէջ, ուր անցուցած է մանկութիւնը:

Աւարտած է Լիբանանի հայկական երկրորդական վարժարանը: Քանի մը կրթութիւն ստացած է: Սկիզբը հետաքրքրուած է բնագիտութեամբ, եօթը տարի այս մասնագիտութիւնը սորված է, զուգահեռաբար աշխատած է։ Ստացած է նաեւ դիւանագիտական կրթութիւն: Լրագրութեամբ սկսած է զբաղիլ 14 տարեկանին։

Ուսանած է տարբեր համալսարաններու մէջ, ապա գացած է Ֆրանսա՝ ուսանելու, որմէ ետք փաստագրական եւ վաւերագրական աշխատանքներու մէջ խորամուխ եղած է[2]: Փարիզի մէջ հրատարակուող հայկական «Կամք» թերթի խմբագիրը եղած է։

1987 թուականէն Սթոքհոլմ կը բնակի։ Շուէտի մէջ աւարտած է Փաստագրական ֆիլմերու սթոքհոլմեան դպրոցը։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]