Սիրան Սեզա
Սիրան Սեզա | |
---|---|
Ծնած է | 9 Փետրուար 1903 |
Ծննդավայր | Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն |
Մահացած է | 8 Սեպտեմբեր 1973 (70 տարեկանին) |
Մահուան վայր | Պէյրութ, Լիբանան |
Ուսումնավայր | Քոլումպիա ՀամալսարանԿատեգորիա:Վիքիդատա։Կատեգորիայի կարիք ունեցող հոդվածներ |
Մասնագիտութիւն | հրապարակախօս, Խմբագիր, արձակագիր |
Աշխատավայր | Երիտասարդ Հայուհի |
Սիրան Սեզա (Սիրան Տաճատ Զարիֆեան-Քիւփէլեան, 9 Փետրուար 1903, Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 8 Սեպտեմբեր 1973, Պէյրութ, Լիբանան), հայ արձակագիր, հրապարակախօս, խմբագիր։
Ծնած է Սկիւտար, Կ.Պոլիս։ Քոյրն է բանաստեղծ Մատթէոս Զարիֆեանի։ Նախակրթութիւնը կը ստանայ տեղւոյն հայկական վարժարաններուն մէջ. երկրորդական ուսումը կը ստանայ ֆրանսական եւ ամերիկեան վարժարաններէն ներս։ Քեմալականներու՝ Պոլիս մուտքէն ետք, կ'անցնի Պէյրութ, ապա՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, ուր կը հետեւի բարձրագոյն ուսման (Նիւ Եորք)։
«Երիտասարդ Հայուհին» հանդէսը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Պէյրութ վերադարձած, կ'ունենայ գրական եւ հրապարակագրական բազմամեայ գործունէութիւն. 1932-ին հիմնած եւ 15 տարի խմբագրած է «Երիտասարդ Հայուհին» հանդէսը։ Սիրան Սեզայի նախաձեռնութեամբ Պէյրութ հրատարակուած «Երիտասարդ Հայուհի» պարբերականը եղած է այն ամպիոնը, ուրկէ հնչած է գրագիտուհիին եւ իր համախոհներուն ձայնը:
«Երիտասարդ Հայուհին» պարբերաթերթը 1934-ին դադրած է, վերահրատարակուելու համար 1947-ին, որմէ ետք կանոնաւորութեամբ շարունակուած է մինչեւ 1968 թուական, շնորհիւ իր ամուսնոյն՝ բժիշկ Քիւփէլեանի նիւթական օժանդակութեան:
Գրական մամուլին աշխատակցած է պատմուածքներով, վիպակներով։ Անջատ հատորով գործերը լոյս տեսած են 50–60-ական թուականներուն։ Փոքրերու համար մշակած է հեքիաթներու շարք մը՝ «Հեքիաթներու աշխարհէն» (1973)։ Վահէ Վահեանի հետ կազմած ու խմբագրած է Մատթէոս Զարիֆեանի «Ամբողջական Գործեր» (1966), ստուարածաւալ հատորը։ Ան հեղինակած է հետեւեալ գործերը.
- «Պատնէշը»՝ 1959,
- «Մեղաւորուհին»՝ 1959:
Գրական վաստակը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Իր գրական վաստակը ձեւաւորուեցաւ երեք հանգրուաններով:
Առաջին շրջանը գրուած է գեղեցիկի ընկալչութեամբ, հեքիաթային աշխարհ մը հաղորդական դարձնելու միտումով․
- «Կակաչներու իշխանուհին»,
- «Մեղաւորուհին»,
- «Զենոպի»,
- «Շամիրամ»,
- «Աղաւնիներու քարայրը»,
- «Շէրիֆի» եւ այլ պատմուածքներ, որոնք կը յատկանշուին իրենց քնարական շունչով եւ նրբահիւս ոճով:
Անցեալի եւ իր ժամանակի կանացի դէմքերու ապրուած տրամաները պատկերուած են արձակ բանաստեղծութեան կաղապարումով, տեսակ մը շարունակելով պոլսահայ կին գրողներու՝ Սիպիլի, Մաննիկ Պէրպէրեանի, Եւփիմէի մօտայիկ ու պչրագեղ գրականութիւնը: Իր առասպելական կամ առօրեայ համեստ հերոսուհիները ընդհանրապէս ներկայացուած են որպէս խաբուած սիրոյ, մերժումի եւ լքումի զոհեր: Այս շրջանին իսկ, Սեզայի մօտ զգալի դարձած է լեզուի վայելչագեղութիւնն ու թարմատի շունչը: Ինքնատիպ է իր ընկալումով եւ հայեցողութեամբ: Իր նպատակը ֆեմինիզմի ջատագովութիւնը չէ միայն, այլ՝ կիներուն ճանչցնել կիներու բարդ եւ զգայուն հոգեկան աշխարհը՝ որպէս ինքնաճանաչում:
«Գիրք ԾՆնդոց»
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Սիրան Սեզայի «Գիրք ԾՆնդոց»ը ինքնակենսագրական բնոյթ ունի։ Վէպը կ'ընդգրկէ 1900-ականներէն մինչեւ 1918 երկարող տարիներու դէպքերը եւ անոնց արձագանգները պոլսահայ ու յատկապէս՝ իր ապրած շրջանակի մարդոց կեանքէն ներս։
Հարազատօրէն կը ներկայացուին պարմանուհի եւ ապա վաղ երիտասարդութեան սեմէն ներս մտնող Սիրան Զարիֆեանի (Սեզա) ընկալումները, վերաբերմունքը արեւմտահայութեան մշակոյթի օրրան Պոլսոյ մէջ կատարուող զանազան մշակութային ու քաղաքական անցուդարձերու։
Հեղինակը հարազատօրէն կը ներկայացնէ նաեւ անձնական փորձառութիւնները, սէրերը եւ հանդիպումները հայ մշակոյթի դէմքերու հետ։ Հեղինակը իր վէպին անցուդարձերը կը ցուցադրէ առհասարակ Պոլսոյ եւ Օսմանեան կայսրութեան ներքին ու արտաքին քաղաքականութեան խորքին վրայ։
«Խորտակուած կեանքեր»
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Սիրան Սեզայի «Խորտակուած կեանքեր» ծաւալուն վէպը ուշագրաւ է ո՛չ միայն սիրային խորքով, ուր գլխաւոր հերոսներուն սէրերը կը ծլարձակուին, բայց չեն հասնիր ցանկալի աւարտին, այլ այն առումով որ գրագիտուհին այս վէպը ստեղծագործած է ընդամէնը քսանմէկ տարեկանին, վէպին մէջ ընդգծուած դրական եւ բացասական ազդեցութիւններով: Վէպին պատմողական գունագեղ ոճը, մանաւանդ պոլսահայ լեզուամտածողութիւնը աւելի հետաքրքրական եւ հաճելի կը դարձնեն այս ստեղծագործութեան ընթերցումը:
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Գրագիտուհի Եւ Հրապարակագիր Սիրան Սեզայի Նոր Հատորները Archived 2019-09-03 at the Wayback Machine.
- Սիրան Սեզա
- 1968 LEBANON- Երիտասարդ Հայուհի ամսագիր; Young Armenian Woman- literary journal Archived 2019-09-03 at the Wayback Machine.
- Խորտակուած կեանքեր
- Հրապարակային Ներկայացում ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱՅԻ հատորներուն Պոլսահայ Միութիւն
- ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱՆ
- Ո՞վ կը յիշէ Սիրան Սեզան