Սըրսոք ընտանիքը
Սըրսոք ընտանիքը (արաբերէն՝ عائلة سرسق) կը համարուի Լիբանանի եօթ ամենահին եւ ազնուական ընտանիքներէն։ Լիբանանի յոյն ուղղափառ տոհմերէն մին, որ կը կրէ բիւզանդական եւ այլ հնագոյն քաղաքակրթական աւանդոյթներ:
Սըրսոքները սերած են Կոստանդնուպոլիսէն: Անոնց հարստութիւնը տարածուած էր Մերսինէն մինչեւ Աղեքսանդրիա, Լիբանանէն մինչեւ Կիպրոս եւ Պաղեստին, ունեցած են ցորենի, բամպակի դաշտեր, գիւղատնտեսական եւ արտադրական այլ ձեռնարկութիւններ։
Իսրայէլի պետութեան ստեղծումով եւ Թուրքիոյ ու Եգիպտոսի մէջ վարչաձեւերու փոփոխութիւնով Սըրսոքները կորսնցուցած են իրենց հողերն ու եկամտաբեր վայրերը, իսկ Պէյրութի պալատը անոնց նախկին փառքի քանի մը խորհրդանիշներէն է:
Ընտանիքը Լիբանան հաստատուած է 1700-ականներուն: Սըրսոքներուն հետ, իբրեւ Լիբանանի միւս կարեւոր տոհմեր կը նշուին նաեւ Տաղէր, Թուէյնի, Ֆըրնէն, Ֆայատ, Տուք, Պուսթրոս, Տըպպէս ընտանիքները: Ասոնցմէ իւրաքանչիւրը կարեւոր ներդրում ունեցած է վերջին երեք դարերու Լիբանանի պատմութեան մէջ եւ ընտանիքներուն ձգած ժառանգութեամբ տակաւին կը շարունակուի անոնց ազդեցութիւնը։
Սըրսոքներուն առանձնատուներէն մէկուն մէջ տեղակայուած է Լիբանանի ժամանակակից արուեստի թանգարանը, որ կը գտնուի Պէյրութի Էշրաֆիէ շրջանի Ռիւ Սըրսոք փողոցին վրայ[1][2]:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «Gemmayzeh : is the quarter becoming 'less and less convivial'?»։ www.1stlebanon.net (անգլերէն)։ արտագրուած է՝ 2022-02-28
- ↑ «Լէյտի Սըրսոք. Պատմութեան մը ցաւալի աւարտը»։ https://arevelk.am/։ արտագրուած է՝ 2022-02-28