Յակոբ Գէորգեան
Յակոբ Գէորգեան | |
---|---|
Ծնած է | Մայիս 1880[1][2][3] |
Ծննդավայր | Կեսարիա, Օսմանեան Կայսրութիւն |
Մահացած է | 10 Փետրուար 1962[4] (81 տարեկանին) |
Մահուան վայր | Փարիզի 17-րդ շրջան, Փարիզ[5][3] |
Քաղաքացիութիւն | Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ |
Ուսումնավայր | Ռոպերթ Գոլէճ |
Մասնագիտութիւն | հնաբան, արվեստի կոլեկցիոներ |
Անդամութիւն | American Oriental Society? |
Յակոբ Գէորգեան (Մայիս 1880[1][2][3], Կեսարիա, Օսմանեան Կայսրութիւն - 10 Փետրուար 1962[4], Փարիզի 17-րդ շրջան, Փարիզ[5][3]) Ամէրիկահայ հնագէտ, արուեստաճանաչ, եւ արուեստահաւաք։ Արմատներով Մաժաքացի (Կեսարիացի) է, Կոստանդնուպոլսոյ (թրք․՝ Իսթանպուլի) Ամէրիկեան Րոպէրթ Ուսումնարանի (Գոլէճի) շրջանավարտ։ ԺԹ (19-րդ) դարու վերջերը կը հաստատուի Նիւ Եորք քաղաք։ Անոր շնորհիւ է որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ աւելի մեծ ուշադրութիւն կը դարձուի այսպէս կոչուած ց եւ Իլամական աշխարհի մշակութային հարստութեան։
Գործունէութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գէորգեանը Պարսկաստանի մէջ կատարած է պեղումներ, 1903-էն սկսեալ Սուլթանապատի մէջ, եւ մոտաւորապէս 1907-էն սկսեալ միջնադարեան Րէյյ քաղաքին մէջ։ Ան ժողվեց արեւելեան արուեստի հոյակապ հաւաքածոյ մը, մասնաւորապէս Իսլամակա ու Պարսկական։ 1911-ին, Լոնտոնի մէջ կազմակերպեց Իսլամական խեցեգործութեանց ցուցահանդես մը։ Անոր վերահսկողութեան տակ պեղուած յայտնագործութիւնները ցուցադրուեցան Նիւ Եորքին մէջ 1914 թուականին։ Անոր հաւաքածոյի Իսլամական նմոյշներու խոշոր վաճառքները, ներառեալ Սպահանի լաքապատ դուռերն ու սալիկէ շարագոյրերըխեցեգործական, գիրքերն ու նկարները, գորգերը եւ խեցեգործութիւնները, տեղի ունեցան 1920-ականներուն Նիւ Եորքի Անտըրսըն պատկերասրահին մէջ:
1929 թվականին աճուրդով մը ձեռք բերաւ գեղագրութեան և նկարչութեան մոնկոլական պատկերատետրը, որ յայտնի դարձաւ որպէս «Գէորգեան Ալպոմ», այսօր Նիւ Եորքի «Մէթրօպոլիթըն Արուեստի Թանգարան»-ին կողմէն վերանուանուած է որպէս «Շահ Ճահան Ալպոմ» (բաւական չփոթեցնող անուանում, մանաւանդ որ գոնէ մէկ այլ ալպոմ կայ այս անուանումով)։ Նիւ Եորքի «Մէթրօպոլիթըն Արուեստի Թանգարան»-ը եւ մայրաքաղաք Ուաշինկթըն Քոլոմպիայի Շրջան, այժմ Գէորգեան Ալպոմէն կարգ մը տարրեր կը պարունակեն իրենց ժողովածոներուն մէջ։ Անո ժողովածոյէն մաս մը աճուրդի դրուեցաւ 1970 թուականին Փարք-Պըրնէթ գեղարուեստական Հաւաքածոյի մէջ Անգլերէն՝ (Parke-Bernet Galleries)։
Իսլամական հնամի առարկաներու ապրանքացումին (Միայն որպէս ապրանք վարուիլ) եւ թանգարանային ժողովածոներ անոնց մուտքագրումին իր ուսումնասիրութեան մէջ «Մերսետէս Վօլէ»-ն (Ֆրանսերէն՝ Mercedes Volait) Յակոբ Գէորգեանի մասին կ'ըսէ թէ ան «Փարիզի մէջ, արուեստի անուանի Հայ վաճառականներէն էր» Տիգրան Խան Քէլէքեանի (1868-1951) եւ Հալէպի մէջ՝ Անթօնի Պրիմօ-ի (Ֆրանսերէն՝ Antoine Brimo) կողքին (1872-1862)։ Մ․ Վօլէ-ն կ'ըսէ թէ Գէորգեանն ու միւսները փոփոխեցին Իսլամական հնութիւններուն առեւտուրը սկսած Տամասկոսէն, հասած Գահիրէ, Փարիզ, Լոնտոն, եւ Նիւ Եորք։ Ճամբան հարթելով այս առարկաներուն մուտքին «Մէթրօպոլիթըն Արուեստի Թանգարան», «Լուվր» եւ «Վիքթօրիա եւ Ալպըրթ Թանգարան»-ի եւ այլ թանգարաններու հաւաքածոները։
Բարեգործութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Պրուքլինի Արուեստի Թանգարանի Գէորգեան ժողովածոն կը ցուցադրէ Ասորական քանդակներ որոնք Յ․ Գէորգեանը նուիրած է այս հաստատութեան։
Գէորգեանի մահէն ետք իր հաստատութիւնը Քոլօմպիայի Համալսարանին մէջ հիմնադրեց Իրանագիտութեան Գէորգեան ամբիոնը։ Նիւ Եորքի համալսարանի իր անունը կրող կեդրոնը կը պարփակէ «Միջին Արեւելեան ուսումնասիրութիւններու» բաժանմունքը եւ գրադարանը։ Նիւ Եորքի Համալսարանի այսպէս կոչուած «մերձաւոր արեւելեան» ուսումնասիրութիւններու Յակոբ Գէորգեանի անունը կրող կեդրոնը հիմնուած էր 1966-ին ընթարձակելու արդի եւ ժամանակակից «մերձաւոր արեւելեան» միջառարկայական ուսումնասիրութիւնը եւ բարելաւելու հանրութեան ընկալումը տարածաշրջանին մասին։
Գէորգեանը խոշոր բարերար էր «Փէնսըլւէյնիոյ Համալսարանի Հնագիտութեան եւ Մարդաբանութեան Թանգարան»-ին։ Փենսըլվանիայի համալսարանի հնագիտութեան եւ մարդաբանութեան թանգարանի ժողովածոյի 99 առարկայ Գէորգեանին կողմէն ձեռք բերուած էին կամ գնելու միջոցով եւ կամ յետագային նուիրատուութեամբ։
1950-ին ան հիմնադրեց «Գէորգեան Հիմնադրամ»-ը որ դրամով մատակարարեց Փէնսըլւէյնիոյ Համալսարանի Հասանլու գործուղուած արշաւախումբը, Իրանի հիւսիս-արեւմուտքին գտնուող այն դիրքը (Քրիստոսէ առաջ Զ / 6րդ դար) զոր Րոպըրթ Ճ․ Տայսըն կրտսէրը (Անգլերէն՝ Dr. Robert J. Dyson Jr) պեղած էր։ Անոր մահէն ետք Գէորգեան հիմնադրամը նաեւ աջակցեցաւ Իրանական արուեստի եւ հնագիտութեան նիւթով այց-դասախոսութիւններուն, եւ միջազգային բանախօսներու այցելութիւններուն վերոյիշեալ ՓՀՀՄԹ (Penn) թանգարան։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ 1,0 1,1 Union List of Artist Names
- ↑ 2,0 2,1 Kevorkian, Hagop // Grove Art Online / J. Turner — [Oxford, England], Houndmills, Basingstoke, England, New York: OUP, 2018. — doi:10.1093/GAO/9781884446054.ARTICLE.T046367
- ↑ 3,0 3,1 3,2 3,3 3,4 (unspecified title)
- ↑ 4,0 4,1 4,2 https://archives.paris.fr/arkotheque/visionneuse/visionneuse.php?arko=YTo2OntzOjQ6ImRhdGUiO3M6MTA6IjIwMjItMTAtMzEiO3M6MTA6InR5cGVfZm9uZHMiO3M6MTE6ImFya29fc2VyaWVsIjtzOjQ6InJlZjEiO2k6NDtzOjQ6InJlZjIiO2k6Mjc0ODQ3O3M6MTY6InZpc2lvbm5ldXNlX2h0bWwiO2I6MTtzOjIxOiJ2aXNpb25uZXVzZV9odG1sX21vZGUiO3M6NDoicHJvZCI7fQ==#uielem_move=162%2C-60&uielem_islocked=0&uielem_zoom=153&uielem_brightness=0&uielem_contrast=0&uielem_isinverted=0&uielem_rotate=F
- ↑ 5,0 5,1 5,2 JSTOR — 1995.