Սարգիս Տխրունի

Սարգիս Տխրունի
Ծննդեան անուն հայ.՝ Սարգիս Քէտէրեան
Նաեւ յայտնի է իբրեւ Սարգիս Տխրունի
Ծնած է 1898
Ծննդավայր Սիս, Ատանա, Թուրքիա
Մահացած է 17 Յունուար 1929(1929-01-17)
Մահուան վայր Պէյրութ, Լիբանան
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
Մասնագիտութիւն քաղաքական գործիչ
Կուսակցութիւն Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւն

Սարգիս Տխրունի կամ Սարգիս Քէտէրեան հայ քաղաքական գործիչ։ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան գործօն անդամ:[1]

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մանկութիւն, ընտանիք եւ ուսում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սարգիս Քէտէրէան (Սարգիս Տխրունի) ծնած է 1898-ին Սիս քաղաքին մէջ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի ազգային վարժա րանին մէջ, ապա 1912-ին շարունակած է ուսումը Այնթապի ուսումնարանին մէջ (անգլերէն՝ college, գոլէճ): Մեծ եղեռնի տարիներուն կը կորսնցնէ հօրը, իսկ ինք ու մայրը կը փրկուին ու կը վերադառնան Կիլիկիա։

Գործունէութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Վերադառնալով Սիս կը զբաղի ուսուցչութեամբ։ Կիլիկիոյ մէջ ան կը ծաւալէ կուսակցական աշխոյժ գործունէութիւն, ուշադրութիւն կը գրաւէ յատկապէս երիտասարդութեան մէջ: Կ՛աշխատակցի, ապա կը խմբագրէ «Տաւրոս» եւ «նոր Սերունդ» թերթերը, կ՛անդամակցի ազգային միջկուսակցական մարմիններուն:[2][3]

Կիլիկիոյ անկումէն ետք կը տեղափոխուի Սուրիա: 1923-ին կ՛աշխատի որպէս մանկավարժ Ճպէյլի (արաբերէն՝ جبيل) Ամերիկեան որբանոցին մէջ: Կ՛աշխատակցի, ապա 1924-26 թուականներուն կը խմբագրէ «Սուրիական մամուլ» երիտասարդական ամսաթերթը: Տխրունին գործածած է նաեւ U.S., Սէտիւն,Սիսուանի, Սիւնի, Ռմբունի, Խարազան, Ռազմունի գրչանունները:[2][3]

1924-ին կը նշանակուի է ՍԴՀԿ Սուրիոյ եւ Լիբանանի շրջանի ընդհանուր գործիչ: Ան այդուհետեւ կը շրջի տարբեր վայրեր, յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէ երիտասարդութեան: Անոր ջանքերով կը հիմնադրուին եւ աշխոյժ գործունէութիւն կը ծաւալեն Հնչակեան ուսանողական միութիւնները։[2][3]

Սարգիս Տխրունին խօսքով եւ գրիչով կը պայքարի թրքախօսութեան եւ հայ գաղթականները իբրեւ անբաղձալի տարր ցոյց տալու քարոզչութեան դէմ: Սակայն անոր քաղաքական գործունէութեան հիմնական առանցքը կը դառնայ հակագաղութատիրութիւնն ու սփիւռքահայութեան հայեացքը դէպ ի խորհրդային Հայաստան ուղղումը: Ս. Տխրունին ջերմօրէն կը հաւատար խորհրդային հայրենիքի վերածնունդին: 1925թ-ին տեղի կ՛ունենան Լիբանանի Ազգային Գաւառական ժողովի ընտրութիւնները, ուր ան կը ծաւալէ քարոզչական եւ կազմակերպչական աշխատանքներ:[2][3]

Տխրունիի քաղաքական գործունէութիւնը այնուամենայնիւ չի վրիպիր Ֆրանսական գաղութատիրական իշխանութիւններուն ուշադրութենէն: 1927-ին կը ձերբակալուի եւ կ՛աքսորուի Արուատ կղզի: Սակայն ան հոն եւս ձեռնածալ չի մնար, եւ համագործակցելով աքսորուած արաբ հայրենասէրներու հետ, կը հրատարակեն «նոր Պասթիյ» (ֆրանսերէն՝ Bastille, ամրոց, բանտ) խմորատիպ (ձեռագիր գրուածքը բազմապատկելու ձեւ՝ եղանակ, քիմիական մելանով ու խմորով, հակառակը՝ տպագիր) թերթը։[2][3]

Մահ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

17 Յունուար 1929-ին Պէյրութի մէջ Տխրունին կը սպաննուի: ՍԴՀԿ գործիչը թաղուած է Պէյրութի ազգային գերեզմանատան մէջ։

ՍԴՀԿ Երիտասարդական միութիւն

ՍԴՀԿ ուսանողական եւ երիտասարդական միութիւնները յաճախ կը կրեն իր անունը, որպէս ընծայ երիտասարդութեան հանդէպ իր ունեցած ուշադրութեան։[4][2][3]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. «ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՆԱՀԱՏԱԿ ՍԱՐԳԻՍ ՏԽՐՈՒՆԻԻ ՄԱՀՈՒԱՆ 94-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ»։ Ararad Daily Newspaper (en-US)։ 2023-01-26։ արտագրուած է՝ 2023-09-25 
  2. 2,0 2,1 2,2 2,3 2,4 2,5 Biography
  3. 3,0 3,1 3,2 3,3 3,4 3,5 Martyrs on Bloody Path, by Dr Yeghia Jerejian, Beirut, 1989. p. 155
  4. ՍԴՀԿ երիտասարդական միություն - Սարգիս Տխրունի «Տխրունին է եւ կը մնայ Հնչակեան»