Jump to content

Սարգիս Մինասեան

Սարգիս Մինասեան
Ծննդեան անուն Սարգիս Մինասեան
Ծնած է 1873
Ծննդավայր Եալովա, Թուրքիա
Մահացած է 1915
Մահուան վայր Անգարա, Անգարայի Վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
Ուսումնավայր Ազգային Կեդրոնական Վարժարան
Մասնագիտութիւն լրագրող, գրագէտ, ուսուցիչ, քաղաքական գործիչ
Աշխատավայր Դրօշակ
Հայրենիք
Ա­զա­տա­մարտ
Վարած պաշտօններ Հայ Ազգային ժողովի պատգամավոր?
Կուսակցութիւն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն

Սարգիս Մինասեան (1873, Եալովա, Թուրքիա - 1915, Անգարա, Անգարայի Վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն, խմբագիր եւ մանկավարժ։

Գրական ծածկանունն է Արամ Աշոտ։ Պարտիզակի բարձրագոյն վարժարանէն կ'անցնի Կեդրոնական վարժարան եւ կ'աւարտէ զայն։

Բացառիկ կարողութեան շնորհիւ Հրանդի աջակցութեամբ 1894-ին կը մեկնի Ժընեւ, ուր կը հետեւի քաղաքական եւ ընկերային գիտութիւններու մինչեւ 1903 թուականը։ Երկար ատեն կ'աշխատակցի «Դրօշակ» պարբերաթերթին։

Կ'անցնի Ամերիկա եւ կը վարէ «Հայրենիք» թերթի խմբագրութիւնը։ 1905-ին կը վերադառնայ Ժընեւ, ուր կը մնայ մինչեւ 1909։ Ապա կ'անցնի Պոլիս եւ կը զբաղի ուսուցչութեամբ ու գրականութեամբ։

Հմուտ եղած է ֆրանսերէն լեզուին։ Աւարտած է ֆրանսերէն-հայերէն բառարանի մը աշխատութիւնը, որ սակայն մնացած է ձեռագիր։

Ժընեւի մէջ անանուն հրատարակած է Սերոբ Աղբիւրի կենսագրականը։