Զարեհ Ա. Կաթողիկոս
Զարեհ Ա. Կաթողիկոս | |
---|---|
Ծնած է | 14 Փետրուար 1915 |
Ծննդավայր | Մարաշ, Ատանայի վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն |
Մահացած է | 18 Փետրուար 1963 (48 տարեկանին) |
Մահուան վայր | Անթիլիաս, Մաթնի շրջան, Լեռնային Լիբանանի նահանգ, Լիբանան |
Մասնագիտութիւն | քահանայ |
Զարեհ Ա. (աւազանի անունով՝ Սիմոն, 14 Փետրուար 1915, Մարաշ, Ատանայի վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն - 18 Փետրուար 1963, Անթիլիաս, Մաթնի շրջան, Լեռնային Լիբանանի նահանգ, Լիբանան), Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս 1956-1963:
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Զարեհ Ա. Կաթողիկոս Ա. ծնած է 1915-ին Մարաշ, Փայասլեան յարկի տակ: 1931-ին եղած է Մեծն Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի նորահաստատ դպրեվանքին անդրանիկ սաներէն: 1933-1938-ին հետեւած է Պրիւքսէլի համալսարանի հայագիտութեան եւ արեւելագիտութեան դասընթացքներուն:
1939-ին Զարեհ վարդապետ առաջնորդական տեղապահ ընտրուած է Հալէպի թեմին, իսկ առաջնորդ՝ 1943-ին: 1947-ին եպիսկոպոս ձեռնադրուած է երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Յովսէփեան Կաթողիկոսի կողմէ։ Գարեգին Ա. Կաթողիկոսի վախճանումէն ետք (1952), շուրջ չորս տարի տեւած ու Հայաստանեայց եկեղեցին պառակտման եզրին հասցուցած ազգային, քաղաքական եւ գաղափարական բուռն վէճերէ ու հակամարտութիւններէ ետք, 20 Փետրուար 1956-ին Զարեհ Ա. ընտրուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս: Վախճանած է 18 Փետրուար 1963-ին։
Կաթողիկոսական իր պաշտօնավարութեան եօթնամեայ շրջանին, անանձնական մօտեցումով, ներողամտութեան ոգիով եւ անսահման բարութեամբ ու նուիրումով մեծ ներդրում ունեցած է ընտրութեան նախօրէին եւ անոր յաջորդած պառակտումի դառն էջերը փակելու եւ համերաշխութեան ու միասնականութեան ենթահող պատրաստելու։ Անխախտ հաւատքով փարած է Կիլիկեան Ս. Աթոռի անկախութեան տէր կանգնելու իր կոչումին եւ առաքելութեան: Զարեհ Ա. Կաթողիկոս յետադարձ հայեացքով արժեւորած է իր ընտրութեան իրադարձութիւնները, անոր 6-րդ տարեդարձի հանդիսութեան Կիլիկեան Միաբանութեան ուղղելով իր պատգամը՝ 20 Փետրուար 1962-ին.
«Սիրելի միաբան եղբայրներ, սիրելի սաներ, ի սրտէ շնորհակալ եմ ձեր սրտաբուխ եւ ազնիւ արտայայտութիւններուն համար, որոնք վստահ եմ կը բխին նոյնքան ազնիւ սրտերէ: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս ընտրուելուս վեցերորդ տարեդարձը զիս կը լեցնէ անգամ մը եւս ցաւալի եւ ուրախալի յուշերով: «Արդարեւ, վեց տարիներ առաջ, օդը նուազ փոթորկալից էր, քան այսօր. սակայն փոթորիկ կար այս դահլիճէն ներս, մանաւանդ՝ սրտերէ եւ հոգիներէ ներս: Պիտի կատարուէր պատմական ընթացիկ դէպք մը՝ ընտրութեամբը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ երանաշնորհ Գարեգին Ա. կաթողիկոսի յաջորդին: Բայց կատարուելիք այս ընտրութիւնը զգեցած էր, այս անգամ, բացառիկ հանգամանք եւ իմաստ, որովհետեւ այս Աթոռիս հակառակորդները կամ զայն անուանարկել ուզողները կը փափաքէին ընել այնպէս, որ ան դադրի ծառայելէ իր հոգեւոր կոչումին եւ չկարենայ լրիւ կատարել իր պարտականութիւնները քրիստոնէական սուրբ կրօնին եւ հայ ժողովուրդին ծառայելու իր կոչումին մէջ: «Եթէ միայն նիւթական եւ տեսանելի դժուարութիւնները հաշուի առնէինք եւ մոռնայինք աստուածային օժանդակութիւնը, իմաստուն գործ պիտի չըլլար յանձն առնել կաթողիկոսական պաշտօնը եւ արտասահմանի մեր եկեղեցւոյ կեանքին մէջ այս Աթոռին բաժին ինկող պարտականութեանց կատարումին ղեկավարութիւնը: Ու երբ Կիլիկեան թեմերու Պատգամաւորական ժողովը իր ձայներու մեծամասնութիւնը կեդրոնացուց իմ վրայ, երբեք չխուսափեցայ կոչին դրական պատասխան տալէ՝ հակառակ ամէն տեսակ դժուարութեանց, անհասկացողութեանց, խոչընդոտներու եւ մինչեւ իսկ բացայայտ թշնամութեան՝ սիրելի անհատներէ կամ նոյնքան սիրելի կազմակերպութիւններէ ի յայտ բերուած: «Այժմ կ'երեւակայեմ 1956 Փետրուար 20էն մինչեւ աշուն երկարող տաժանելի օրերը, որոնք լեցուն եղան ամէն տեսակի դժուարութիւններով: Ու կ'ապրի՛մ դառն յիշատակովը ֆիզիքական ամայութեան, որ այս Աթոռին ժամանակաւոր բաժինը եղաւ դպրեվանքի Պիքֆայա փոխադրութեամբը 1956-ի Հոկտեմբերին: Ու մտքով կը տեսնեմ, որ այդ շրջանին Անթիլիասէն ներս հազիւ քանի մը ճրագներ կը պլպլային գիշերները: Ու գոհութիւն Աստուծոյ, որ մեզի հետ եղաւ մեր ամբողջ գործավարութեան ընթացքին, ահա յարաբերաբար կարճ ժամանակի մը մէջ այս Աթոռը կրկին պայծառացած է եւ ուրախութեամբ կը դիտեմ անոր բարգաւաճ վիճակը: Բազմապատկուեցաւ մեր միաբաններուն թիւը եւ արդէն քանի մը տարիէ ի վեր սկսած ենք պատասխանել այս Աթոռին ուղղուած կոչերուն՝ առաջնորդներ եւ հովիւներ տրամադրելով հայ համայնքներուն: Մեր միաբանները շինարար աշխատանքի լծուած են հեռաւոր Ամերիկայէն սկսեալ մինչեւ Պարսկաստան, ուր այս Աթոռին անունն իսկ անծանօթ էր տակաւին շատ մօտիկ անցեալին: «Հաւանական է, որ աւելի հեռու տեղերէ ալ կանչուիք՝ ծառայելու եւ Հայ եկեղեցին կանգուն պահելու համար: Ու պիտի ընդառաջենք այդ հրաւէրներուն ոչ թէ կայսրութիւն հիմնելու, ոչ թէ թեմեր յափշտակելու, ու մանաւանդ՝ ոչ թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութեան հակադրելու համար. նման նպատակ չունեցանք ու պիտի չունենանք, այլ պարզապէս ծառայելու համար եւ ընելու այնպէս, որ արտասահմանի մէջ չեղծուի Հայաստանեայց եկեղեցւոյ նկարագիրը եւ հայ ժողովուրդը չհեռանայ իր մայր եկեղեցիէն ու կորստեան չդատապարտուի: «Մեր այս ոգին եւ ուղիղ դիրքը չէ հասկցուած դժբախտաբար ու մեզի կը վերագրուին մտայնութիւններ, որոնք նուազագոյնը ուղիղ չեն համեմատիր հայ ժողովուրդին, հայ եկեղեցւոյ հանդէպ մեր կեցուածքին հետ: Բայց մենք կ'անգիտանանք այդ բոլորը եւ անտես պիտի առնենք բոլոր տեսակի անհասկացողութիւնները, ուրկէ եւ որքան որ սիրելի անձերէ կամ մարմիններէ բխին անոնք: Ու պիտի հասնինք հոգեւոր կարիքներուն մեր ժողովուրդին, որուն ծառայելը նկատած ենք միշտ մեր մեծագոյն փառքը: «Կ'ուզեմ, որ այս ոգիով լեցուիք բոլորդ, որպէսզի նման տարեդարձներ իմաստ ստանան ու դառնան երջանիկ հանգրուաններ մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ»:[1]- Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Զարեհ Ա. Կաթողիկոս
|
Տե՛ս նաեւ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն
- ՀԵՀՈՄ (Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութիւն)
- Արամ Ա. Կաթողիկոս
- Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Թանգարան
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Ա. Կաթողիկոս 1915-1963
- ԵՐՋ. ԶԱՐԵՀ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՎԱԽՃԱՆՄԱՆ 50-ՐԴ ԵՒ ԵՐՋ. ԽՈՐԷՆ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՎԱԽՃԱՆՄԱՆ 30-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑՆԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ԵՐԵԿՈՅ
- Զարեհ Ա. Կաթողիկոս Փայասլեան (1915-1963)… Հայոց Սրբակեաց Կաթողիկոսի Լուսապսակ Ճակատը