Վահան Թէքէեան Միջնակարգ Վարժարան (Լիբանան)
Վահան Թէքէեան միջնակարգ վարժարան, իննամեայ երկսեռ միջնակարգ վարժարան, Լիբանանի մէջ։ Ունի նաեւ մանկապարտէզի բաժին։
Հիմնումը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հիմնուած է 1951-ին՝ ՌԱԿ «Պայքար» ակումբի եւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան ջանքերով։ Ներկայիս Թէքէեան Մշակութային Միութեան սեփականութիւնն է։ Կը ղեկավարուի ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի կողմէ նշանակուած հոգաբարձութեամբ։
Շենքային պայմաններ Առաջին շրջանին իբրեւ նախակրթարան գործած է Պուրճ Համուտի հայահոծ շրջանի Սանճաք թաղամասի իրարմէ հեռու գտնուող, վարձուած հինգ տարբեր շէնքերու մէջ։ Վարժարանը 1965-ին օժտուած է նոր, սեփական շէնքով։ 1951-77-ին ունեցած է 1132 շրջանաւարտ։ 1973-74-ին ունեցած է 885 աշակերտ։
Քաղաքացիական պատերազմի եւ անոր յաջորդող տարիներուն Քաղաքացիական պատերազմի եւ անոր յաջորդող տարիներուն աշակերտութեան թիւը նուազած է։ 1991-ին ունեցած է նաեւ միջնակարգ բաժին։ 2002-ին աշակերտութեան թիւը 188 էր։ 1991-էն մինչեւ իննսունականներու աւարտը, դպրոցին կից գործած է «Արմենական արիական շարժում» սկաուտական երկսեռ շարժումը։
Տնօրէններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Վահան Էլմայեան
Երուանդ Պապայեան
Մանիա Գաֆէսճեան-Գազէզեան
Երուանդ Պոզոյեան
Արմէն Իւրնէշլեան
Յովսէփ Սահակեան
Ազատուհի Գայսէրլեան
Կալինա Շեմեմեան-Նաճարեան
Հրատարակութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Տարեգիրք
«Թէքէեանի Ձայն» աշակերտական պարբերաթերթ
«Արմենական Արի» սկաուտական պարբերաթերթ