Jump to content

Սաթենիկ Մատինեան-Արղութեան

Սաթենիկ Մատինեան-Արղութեան
Ծնած է 24 Սեպտեմբեր 1874(1874-09-24)
Ծննդավայր Գիւմրի, Երեւանի նահանգ, Կովկասի Փոխարքայութիւն, Ռուսական Կայսրութիւն
Մահացած է 12 Դեկտեմբեր 1930(1930-12-12) (56 տարեկանին)
Մահուան վայր Փարիզ, Ֆրանսա
Մասնագիտութիւն Յեղափոխական

Սաթենիկ Մատինեան-Արղութեան (24 Սեպտեմբեր 1874(1874-09-24), Գիւմրի, Երեւանի նահանգ, Կովկասի Փոխարքայութիւն, Ռուսական Կայսրութիւն - 12 Դեկտեմբեր 1930(1930-12-12), Փարիզ, Ֆրանսա[1]), ծածկանունով Ծաղիկ[2], Հայ Յեղափոխական շարժման ընթացքին կ՚ունենայ մեծ դերակատարութիւն եւ կը տանի ծաւալուն աշխատանքներ։

Սաթենիկ ծնած է Ալեքսանդրապոլ[3] եւ ընտանիքով փոքր տարիքէն կը փոխադրուի Թիֆլիս։ Ինը տարեկանին կը սկսուի Թիֆլիսի առաջին Օրիորդաց Գիմնազիան, սակայն հիւանդութեան պատճառով Զ. դասարանին կը ստիպուի դպրոցը ձգել։ Հետագային այն կը ստանայ մանկավարժութեան վկայականը։ Մատինեաններու ընտանիքը ըստ Մալխասի՝ Թիֆլիսի երիտասարդութեան հաւաքավայրն էր եւ կը կոչուէր «Դաշնակցութեան Պապոնց Տուն»ը։

Սաթենիկ եւ իր քոյրը Նատալիան, փոքր տարիքէն կը հետեւին իրենց տան մէջ տեղի ունեցող զրոյցներուն եւ կը սկսին հետզհետէ հետաքրքրուիլ ազգային հարցերով։ Երբ Դաշնակցութիւնը կը հիմնուի, ան շարքերը կը մտնէ։ Դաշնակցութեան Ա. Ընդհանուր Ժողովէն ետք, կը որոշէ ձգել Թիֆլիս եւ ուսուցչութիւն ընել Թաւրիզի Լիլիաւայի դպրոցը (Պարսկաստան)։ Հոն կը շարունակէ որ յեղափոխական գործերը եւ կը սկսի աշխատիլ յեղափոխական ծածկանունով, Ծաղիկ։

Թաւրիզի մէջ իրեն յանձնուած էր կազմակերպել կիները իբր պարտականութիւն։ Սաթենիկ կը սկսի մտնել հայ ընտանիքներուն տունները եւ կապեր հաստատել։ Կիներու ընթարձակ ցուցակ մը կը կազմէ եւ իրենց առաջին ժողովին կը հրաւիրէ, ուր բոլոր կիները իրենց պատրաստակամութիւնե կը յայտնեն աշխատելու։ Իր ճիգերով, կը վերակազմուի «Թաւրիզի Հայուհեաց Բարեգործական Ընկերութիւն»-ը եւ Հռիփսիմէ Փուղինեանի հետ կը բացուի միջնակարգ ու մանկապարտէզ մը Թաւրիզի մէջ։

Նիկոլ Դումանի եւ Իշխան Յովսէփ Արղութեանի հետ կ՚անցնի պատմական Դերիկի Վանքը ուր մեծ թիւով հայդուկներ կը մնային։ Երբ Քիւրտերը կը յարձակին վանքին վրայ, Սաթենիկ առաջին անգամ ըլլալով ականատէս կ՚ըլլայ եւ իր օժանդակութիւնը կը բերէ կռիւին փամփուշտներ բաժնելով։

Սաթենիկ կը փորձէ Երկիր անցնիլ, իբր ուսուցչուհի, սակայն անյաջող կ՚ուղղուի դէպի Կարս, իսկ ետքը 1895-ին Արեւելեան Բիւրոյի խորհուրդով կ՚երթայ Սալմաստ Նիկոլ Դումանին տեղ ուսուցչութիւն ընելու համար։

Խանասորի Արշաւանքէն ետք, Իշխան Արղութեան կը ձերբակալուի Սալմաստի մէջ Պարսկաստանի Կառավարութեան կողմէ եւ կը յանձնուի ռուսական հիւպատոսարանին եւ կ՚աքսորուի Վոլոդգայ։ Սաթենիք կը հետեւի Իշխանին եւ աքսորավայրին մէջ կ՚ամուսնանան[1]։

Առաջին Համաշխարհային պատերազմին, Իշխան 4-5 միացեալ գունդերու հրամանատար կը նշանակուի եւ Սաթենիք իր օգնութիւնը կը բերէ նախապատրաստական աշխատանքներուն։ Երբ Հայաստան կ՚անկախանայ, Իշխան կը նշանակուի Պարսկաստանի դեսպան եւ անկումէն ետք կը հաստատուին Փարիզ։ Երկարատեւ ու ծանր հիւանդութենէ ետք, Սաթենիկ կը մահանայ 12 Դեկտեմբեր, 1930-ին։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]