Մալխաս

Մալխաս
Ծննդեան անուն Արտաշէս Յովսէփեան
Ծնած է 1877
Ծննդավայր Տրապիզոն, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 1962
Մահուան վայր Պէյրութ, Լիբանան
Ուսումնավայր Սանասարեան Վարժարան
Երկեր/Գլխաւոր գործ Զարթոնք?
Մասնագիտութիւն գրագէտ, վիպասան
Կուսակցութիւն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն

Մալխաս (Արտաշէս Յովսէփեան) (1877, Տրապիզոն[1] - 1962), հայ վաստակաւոր վիպասան, գրող եւ քաղաքական գործիչ։

Յեղափոխական իր ծածկանունն ու հետագային նաեւ գրչանունն էր Մալխասը։ Մկրտուած էր Արտաշէս Յովսէփեան անունով։ Ծնած էր 1877-ին, Տրապիզոն։ Ուսումը ստացած էր Կարնոյ Սանասարեան Վարժարանին մէջ, ուր եւ թրծուած էր դաշնակցականի իր աշխարհայեացքն ու նկարագիրը։ Ուսումը նոր աւարտած՝ հաստատուած էր Սամսոն քաղաքը, ուր ծանօթացած էր հայ յեղափոխական շարժման ու նորաստեղծ Դաշնակցութեան առաջին գործիչներէն եգիպտացիին (նոյնպէս Տրապիզոնի զաւակ Արտաշէս Դեւեան) հետ, որուն ներշնչումով ալ երիտասարդ այդ տարիքին անդամագրուեցաւ Դաշնակցութեան։

Իր սերնդակիցներէն շատերու պէս Մալխաս եւս ստիպուեցաւ պանդխտութեան դիմել։ Եղբայրը արդէն պանդուխտ գացած էր Միացեալ Նահանգներ։ Մալխաս հետեւեցաւ եղբօր, քանի մը տարի մնաց Միացեալ Նահանգներ, ուր նոր հիմնուած Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Հայրենիք»ին կանոնաւորաբար աշխատակցեցաւ՝ ազգային-հայրենասիրական յօդուածներով։

1900–ականներու սկզբնաւորութեան վերադարձաւ երկիր ու իբրեւ Դաշնակցութեան լիազօր գործիչ ուղարկուեցաւ յաջորդաբար Ուրմիոյ շրջանը եւ Վան։ Իրեն վստահուեցաւ Խոյի եւ Ս. Դաթէի վանքի զէնքերու փոխադրութեան եւ պահեստաւորման գործը։ Մաս կազմեց նաեւ Սասնոյ օգնութեան փութացող զինատար խումբերուն։

1908–ի Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք հաստատուեցաւ իր ծննդավայրը՝ Տրապիզոն, ուր ձեռնարկեց Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Խարիսխ» թերթի հրատարակութեան։ Իսկ երբ պայթեցաւ Առաջին Աշխարհամարտը, Մալխաս ամբողջապէս նետուեցաւ Տրապիզոնի հայութեան ինքնապաշտպանութեան գործին մէջ։

Այնուհետեւ, «Հայ Կամաւորական Շարժման» միանալով՝ Մալխաս իր մասնակցութիւնը բերաւ Հայաստանի անկախութեան կերտումի դիւցազնական ճակատամարտներուն։ Ընտրուեցաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի պատգամաւոր եւ պատնէշի վրայ արթուն հսկողի իր նուիրումն ու գործունէութիւնը շարունակեց մինչեւ 1921–ի Փետրուարեան ապստամբութիւնը եւ, ապա, Զանգեզուրի վրայով զանգուածային նահանջը դէպի Պարսկաստան։

Տարագրութեան մէջ եւս, աւելի քան քառասուն տարի, Մալխաս մնաց պատնէշի վրայ։ Վերջնականապէս հաստատուեցաւ Միացեալ Նահանգներ, ուր աշխոյժ եւ ղեկավար մասնակցութիւն ունեցաւ Դաշնակցութեան ինչպէս կազմակերպչական, նոյնպէս եւ երիտասարդ սերունդներու գաղափարական դաստիարակութեան աշխատանքներուն մէջ։

Կանոնաւորաբար աշխատակցեցաւ «Հայրենիք» ամսագրին։ Այդ շրջանին ամբողջացուց իր կոթողական գործը՝ «Զարթօնք»ը, ինչպէս նաեւ յուշագրական երկը՝ «Ապրումներ» խորագրով։

Մալխաս 85 տարեկան էր, Դեկտեմբեր 1962–ին, երբ հրապարակային ելոյթներու համար հրաւիրուեցաւ Պէյրութ։ Սրտի կաթուածը, սակայն, թոյլ չտուաւ, որ հայ ազգային-ազատագրական այս մեծ նուիրեալն ու անզուգական յուշարարը ի կատար ածէ նաեւ իր վերջին առաքելութիւնը։ Տարուեցաւ Պէյրութի Սի.Էմ.Սի. հիւանդանոցը, ուր եւ առյաւէտ փակեց իր աչքերը՝ խոր սուգի մատնելով ողջ հայութիւնը, հայրենամերձ գօտիի հայ օջախներէն մինչեւ անդր¬ովկիանոսեան ափերու մեր գաղութները։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. «Հայկական Յեղափոխութեան անկրկնելի յուշարարն ու քարոզիչը»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2018-12-15-ին։ արտագրուած է՝ 2017-11-10