Jump to content

Նատալիա Մատինեան

Նատալիա Մատինեան

Նատալիա Մատինեան, Հայ Յեղափոխական շարժման ժամանակ եղած է գործիչ։

Նատալիա Մատինեանի հայրը լուսամիտ եւ ազգասիրական հարցերով տոգորուած մարդ էր եւ մայրը նուիրուած ամուսինին եւ զաւակներուն։ Եղբայրը՝ Նիկոլ, եւրոպական կրթութիւն ստանալէ ետք՝ Թիֆլիսի Ֆրանսական Հիւպատոսարանին մէջ թարգմանիչ կ'ըլլայ: Իր բոլոր քոյրերը (Սաթենիկ, Լուսիկ, եւ Սիրանոյշ) նոյնպէս կրթուած երիտասարդուհիներ էին։

Մատինեաններու տունը ըստ Մալխասի երիտասարդութեան հաւաքավայրն էր («Դաշնակցութեան Պապոնց Տունը»)։

Նատալիա անդամ էր «Երիտասարդ Հայաստան»ին եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադրութենէն ետք, կ՚որոշէ շարքերը անցնիլ եւ ազգային գործերով զբաղիլ։ Ան Մոսկուա կը մեկնի ուսանելու մանկաբարձութիւն եւ գործօն դեր կ՚ունենայ այն տեղի մտաւորական եւ յեղափոխական աշխատանքներուն մէջ։ Երբ ան Թիֆլիս կը վերադառնայ կը զբաղի իր մասնագիտութեամբ։

Ան տարիներով Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ կ՚ըլլայ, ուր գաղտնի գրականութիւն կը տարածէ եւ փախստական յեղափոխականներ կը պահէ։ Կեանքին ընթացքին քանի մը անգամ բանտ կը նետուի։

Հայաստանի հանրապետութեան շրջանին, Նատալիան իր եղբօր հետ կը մնայ Ալեքսանդրապոլ եւ կը շարունակէ ազգային գործերով զբաղիլ։ Հանրապետութեան անկումէն ետք, կ՚անցնի Թիֆլիս եւ հոն կը մահանայ։

  • Հայ Կնոջ Դերը Հայ Յեղափոխական Շարժման մէջ, Սոնա Զէյթեան