Ռոպեր Կոտէլ

Ռոպեր Կոտէլ
Ծնած է 7 Օգոստոս 1902(1902-08-07)
Ծննդավայր Ժընեւ, Զուիցերիա
Մահացած է 3 Յունիս 1984(1984-06-03) (81 տարեկանին)
Մահուան վայր Ժընեւ, Զուիցերիա[1]
Քաղաքացիութիւն  Զուիցերիա
Ուսումնավայր Ժընեւի համալսարան[2]
Մասնագիտութիւն համալսարանի դասախօս, լեզուաբան, բանասէր, վիպասան
Աշխատավայր Կալաթասարայի Վարժարան[2]
Կալվեն քոլեջ?[2]
Ժընեւի համալսարան[2]
Երեխաներ Վահե Գոդել?[3] եւ Արմեն Գոդել?

Ռոպեր Կոտէլ (7 Օգոստոս 1902(1902-08-07), Ժընեւ, Զուիցերիա - 3 Յունիս 1984(1984-06-03), Ժընեւ, Զուիցերիա[1]), Հայերէն, Ֆրանսերէն, Լատիներէն ու Թրքերէն լեզուներու համալսարանի դասախօս: Լեզուագէտ Ռոպեր Կոտէլ գիտէր տասնվեց լեզու:

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ռոպեր Կոտէլ ծնած է Ժընեւ (Զուիցերիա), 7 Օգոստոս 1902-ին:

1923-ին կ'աւարտէ տեղւոյն Համալսարանի Գրականութեան Բաժանմունքի ընթացքը ու կ'արժանանայ Լիսանսիէ էս Լեթր աստիճանին: 1926-ին կը մեկնի Կ. Պոլիս, ուր իբրեւ Ֆրանսերէնի ուսուցիչ՝ հինգ տարի կը պաշտօնավարէ Կալաթա Սարայ Լիսէին մէջ, միաժամանակ Լատիներէն դասաւանդելով Կ. Պոլսոյ Անգլիական դպրոցին մէջ։ Կ. Պոլսոյ մէջ կը սորվի Հայերէն ու Թրքերէն լեզուները:

Հայերէնի ուսուցիչ կ'ունենայ Բանկալթիի Վենետիկեան Մխիթարեան վարժարանի վարդապետ մը, ապա ծանօթ մանկավարժ՝ Արամ նիկողոսեանը: 1930-ին կ'ամուսնանայ հայուհիի մը՝ Օրդ. Մելինէ Փափազեանի հետ:

1931-ին կը վերադառնայ Ժընեւ, ուր շրջան մը Ֆրանսերէն Լատիներէն եւ ընդհանուր ազգաց պատմութիւն դասաւանդելէ ետք տեղւոյն կրթական հաստատութիւններուն մէջ, 1937-ին Հայերէն, Լատիներէն ու Թրքերէն լեզուներու դասախօս կը նշանակուի Ժընեւի Համալսարանին մէջ:

Բ. համաշխարհային պատերազմին զուիցերիական բանակին իր զինուորական ծառայութիւնները մատուցանելէ ետք, կը վերադառնայ ուսուցչական ասպարէզին: Զուիցերիացի լեզուագէտ Ֆէրնանտ տը Սոսիւրի մասին պատրաստած դոկտորական իր աւարտաճառը (Թարգմանուած նաեւ Ճափոներէնի) առաւել վարկ կը պարգեւէ անոր անուան:

Կոչում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1950-ին գնահատելով իր դասախօսական ծառայութիւնը՝ Ժընեւի Համալսարանին Գերագոյն Խորհուրդը Ռոպեր Կոտէլի կը շնորհէ ուսուցչապետի կոչում:

Այցելութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Զուիցերիոյ կառավարութեան յատուկ կարգադրութեամբ՝ Ռոպէր Կոտէլ իր երկիրը կը ներկայացնէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ գումարուած լեզուագէտներու միջազգային ժողովին, որու ենթայանձնախումբերէն մէկուն ատենապետ ալ կ'ընտրուի: Հոն գտնուած ժամանակամիջոցին՝ Հայերէնի ու Հայ գրականութեան մասին դասախօսութիւններ կը կարդայ Հարվըրտի եւ Քալիֆորնիոյի համալսարաններուն մէջ:

Մելինեի և Ռոբերտ Գոդելի գերեզմանները Ժնևում

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Վազգէն Ա. Կաթողիկոսի մասնաւոր հրաւէրով Ռոպէր Կոտէլ 1979-ին կ'այցելէ Հայաստան, ուր հրապարակային դասախօսութիւններ կը կարդայ Էջմիածինի ճեմարանին եւ Երեւանի Պետական Համալսարանին մէջ:

Շքանշաններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1982-ին իր ծննդեան ութսունամեակին առիթով, Ռոպէր Կոտէլ կը ստանայ Վեհափառ Վազգէն Ա.ի շնորհաւորական գիրը: 1983-ին Ժընեւ քաղաքը՝ իր պատուաւոր հինգ քաղաքացիներու շարքին կը պատուէ նաեւ Ռոպէր Կոտէլը, ու զայն կը պարգեւատրէ ոսկեայ շքանշանով:

Աշխատութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Լեզուագէտ, Ռոպէր Կոտէլ, տասնամեակներու վրայ երկարած իր գիտահետազօտական կեանքին ընթացքին կը ստորագրէ մեծ եւ փոքր աւելի քան յիսուն աշխատասիրութիւններ, որոնց մէջ նաեւ Հայերէն լեզուի եւ հայ գրականութեան մասին ուսումնասիրութիւններ:

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս, Հատոր Ժ., Պէրութ, 1984, էջ 391

  1. 1,0 1,1 1,2 Չեխիայի ազգային գրադարանի կատալոգ
  2. 2,0 2,1 2,2 2,3 https://hls-dhs-dss.ch/fr/articles/044320/2005-02-15/
  3. Rossel P. Une visite du cimetière de PlainpalaisPully: 1994.