Պրեսթ-Լիթովսքի հաշտութեան պայմանագիր

Պրեսթ-Լիթովսքի հաշտութեան պայմանագիր, միջազգային հաշտութեան պայմանագիր՝ ստորագրուած 3 Մարտ 1918-ին, Պրեսթ-Լիթովսքիի մէջ՝ Ռուսաստանի Խորհրդային Հանրապետութեան ներկայացուցիչներուն եւ Կեդրոնական ուժերուն միջեւ։ Կը նշուի Ա. համաշխարհային պատերազմին Ռուսաստանի պարտութեան եւ հեռանալուն մասին։

Հոկտեմբեր 1917-ին, բոլշեւիկները կը յայտնուին ծայրահեղ ծանր վիճակի մէջ։ Անոնք 3 Մարտ 1918-ին Պրեսթ-Լիթովսքիի մէջ ամօթալի պարտուողական պայմանագիր մը կը կնքեն, որմով հսկայական տարածքային զիջումներ կ'ընեն Եւրոպայի մէջ։ Միջին արեւելքի մէջ բոլշեւիկները էական զիջումներ կ'ընեն պարտուող եւ կործանման եզրին կանգնած Օսմանեան կայսրութեան։ Յատկապէս,Պրեսթ-Լիթովսքիի պայմանագիրին 4-րդ յօդուածի 2-րդ եւ 3-րդ պարբերութիւններով բոլշեւիկները կը պարտաւորուին թուրքերուն վերադարձնել ոչ միայն պատերազմի ընթացքին գրաւուած Արեւմտեան Հայաստանի տարածքները (կամ «Արեւելեան Անատոլիոյ նահանգները», ինչպէս գրուած է պայմանագիրին մէջ), այլեւ 1878-էն Ռուսական կայսրութեան մաս հանդիսացող «Արտահանի, Կարսի եւ Պաթումի մարզերը»։

Նախապատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հոկտեմբերեան յեղափոխութենէն ետք, խորհրդային Ռուսաստանի առաջին քայլը արտաքին քաղաքականութեան մէջ կը դառնայ խաղաղութեան մասին որոշումը, որ կը հրապարակուի 26 Հոկտեմբեր 1917-ին, Խորհուրդներու երկրորդ Համառուսաստանեան համագումարին ընթացքին։ Որոշման հեղինակն էր Լենինը, ըստ որուն բոլոր պատերազմող երկիրներուն կ'առաջարկուի անմիջապէս բանակցութիւններ սկսիլ՝ «արդար դեմոկրատական աշխարհ» մը ստեղծելու համար։

9 Նոյեմբեր 1917-ին Լենին ձայնասփիւռով ելոյթի մը ընթացքին կոչ կ'ուղղէ զինուորներուն, բանակցութիւններ սկսելու հակառակ ճամբարի զինուորներուն հետ, որուն իբրեւ հետեւանք՝ ռազմաճակատներուն մէջ կը սկսին «զինուորական հաշտութիւններ»։ Անով Լենին եւ իր կողմնակիցները կը ձգտէին իրականացնել համաշխարհային ընկերվարական յեղափոխութիւն մը։ Այդ կոչերէն անմիջապէս ետք ցոյցեր կը սկսին Մեծն Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի եւ ԱՄՆ-ի մէջ, որոնք կը պահանջէին միանալ Խորհրդային Ռուսաստանին եւ հաշտութիւն կնքել ։

Անկէ ետք, երբ Անտանտի երկիրները կը մերժեն հաշտութեան մասին որոշումը, Խորհրդային Ռուսաստան կը բանակցի Քառեակ միութեան երկիրներուն հետ, որոնք պատերազմի ատեն հակառակորդներ էին։

9 Դեկտեմբեր 1917-ին Պրեսթի մէջ կը սկսին հաշտութեան բանակցութիւններ մասնակցութեամբ Խորհրդային Ռուսաստանի, Գերմանիոյ, Աւստրօ-Հունգարիոյ, Պուլկարիոյ եւ Թուրքիոյ։ Խորհրդային պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր Իոֆֆէն։ Խորհրդային պատուիրակութեան գլխաւոր առաջարկներն էին զօրքերու դուրս բերումը գրաւուած տարածքներէն, ազատութիւն այն ազգերուն, որոնք ազատազրկուած էին պատերազմի ընթացքին, հրաժարումը բոլոր տեսակի ռազմատուգանքներէն եւ նման այլ պայմաններ։

Գերմանական պատուիրակութիւնը երկար ատեն կը քննէ պայմանները եւ կը մշակէ սեփական ծրագիրը, որ կը բխի իր իսկ շահերէն։ Անոնք էին՝ Գերմանիոյ միացնել Մերձպալթիքը եւ մասնատել Լեհաստանը, որպէսզի ղեկավարեն ոչ արիական ծագում ունեցող ազգերը։ Բացի ատկէ Գերմանիա կը ձգտի պահպանել Ռուսաստանէն գրաւուած տարածքները, որպէսզի օգտագործէ Ռուսաստանի տնտեսական միջոցները։ Ատով Գերմանիա յաղթական դուրս կու գայ պարտուած պատերազմէն։ Այս ծրագիրը սկիզբը գաղտնի կը պահուի։

Ռուսական առաջարկին հետ համաձայնելով՝ Քառեակ միութեան երկիրները կը յայտարարեն, որ իրենց համար ընդունելի կ'ըլլայ Ռուսաստանի առաջարկը, եթէ ան երաշխիք տայ, որ պատերազմի մասնակէն տէրութիւնները կ'ընդունին այս պայմանները։ Անով Գերմանիա ցոյց կու տայ, որ հաշտութիւնը հնարաւոր չէ, որովհետեւ Գերմանիա համոզուած էր, որ Անտանտի երկիրները համաձայն չեն ըլլար այդ պայմաններով պայմանագիրին։

Այս հարցերուն լուծման համար 10-օրեայ ընդմիջում մը կը յայտարարուի։ Այդ ընթացքին՝ 17 Դեկտեմբերին Խորհրդային իշխանութիւնը Անտանտի երկիրներուն կոչ կ'ուղղէ ազատութիւն շնորհել իրենց հպատակութեան տակ գտնուող երկիրներուն՝ մեկնելով ազգերու ինքնորոշման սկզբունքէն՝ օրինակ բերելով Ֆինլանտան, Ուքրանիան եւ Պելառուսիան։ Անով անոնք նաեւ կը փորձեն իրականացնել իրենց ծրագիրները համաշխարհային ընկերվարական յեղափոխութեան շուրջ, քանի որ անոնց կարծիքով այդ երկիրներու կողմէն չընդունուելու պարագային, ժողովուրդները կ'ապստամբին։

Տեսնելով, որ Անտանտի երկիրները համաձայն չեն հաշտութեան հետ, 27 Դեկտեմբեր 1917-էն Խորհրդային իշխանութիւնը առանձին կը սկսի բանակցութիւնները Գերմանիոյ հետ։

27 Յունուար 1918-ին Քառեակ միութեան երկիրները Ուքրանիոյ Կեդրոնական Ռատային հետ կը համաձայնին, որ Ուքրանիա պէտք է սննդամթերք տրամադրէ՝ ռազմական օգնութեան փոխարէն։ Նոյն երեկոյեան Խորհրդային Ռուսաստանին կը տրուի վերջնագիր մը գերմանական պահանջները կատարելու համար ու սահմանները հասցնելու մինչեւ Նարվա, Պսկով, Տվինյա։ 28 Յունուարին Տրոցկին կը պատասխանէ վերջնագիրին, որ Ռուսաստան պայմանագիրը չ'ստորագրեր, կը դադրեցնէ պատերազմը եւ զօրքերը դուրս կը բերէ։ 18 Փետրուարին Քառեակ միութիւնը յարձակման կ'անցնի ամբողջ արեւելեան ճակատով։ Ռուսական բանակները չեն կրնար դիմադրել այդ յարձակման եւ 19 Փետրուարին կը համաձայնին ստորագրել հաշտութիւնը։ Գերմանացիները կը շարունակեն յարձակումը եւ 22 Փետրուարին կը համաձայնին հաշտութեան՝ հարկադրելով աւելի ծանր պայմաններ քան նախապէս։ Մտածելու համար Խորհրդային պատուիրակութեան կը տրուի 48 ժամ։

Քննարկումէն ետք կուսակցութեան կեդրոնը կը համաձայնի ստորագրել պայմանագիրը եւ Պրեսթ-Լիթովսքի կ'ուղարկէ Սոկոլնիկովի պայմանագիրը ստորագրելու համար։ 3 Մարտ 1918-ին պայմանագիր մը կը ստորագրուի, որ ուղղակի խայտառակութիւն մըն էր Ռուսաստանի համար։ Տրոցկի եւ միւսները լաւ կը գիտակցէին Գերմանիոյ յարձակման եւ գիտէին, որ իրենք չեն կրնար դիմադրել։ 6-8 Մարտ 1918-ին տեղի կ'ունենայ ՌԿբԿ 7-րդ համագումարը, ուր կը քննուի Պրեսթի հարցը։ Լենին յայտարարութեամբ մը հանդէս կու գայ, որ հաշտութիւնը անձնատուութիւն չէ, այլ ժամանակաւոր՝ իշխանութիւն եւ ժամանակ շահելու համար։ Լենինին կողմ կը քուէարկէ կուսակցութեան մեծամասնութիւնը։ 15 Մարտին սովետներու 4-րդ արտակարգ համագումարին, կ'ընդունուի Պրեսթի հաշտութիւնը, որուն համաձայն Ռուսաստանէն կ'անջատուին Մերձպալթիքը եւ Պելառուսիոյ մէկ մասը, Կովկասի մէջ Թուրքիոյ կ'անցնի Կարսը, Արտահանը եւ Պաթումը։ Ուքրանիա եւ Ֆինլանտա կը հռչակուին ինքնավար հանրապետութիւններ, իսկ Կարմիր բանակի զօրքերը պէտք է դուրս բերուէին հոնկէ։ Ռուսաստան կը զրկուի իր տարածքին 1 միլիոն քմ² տարածքէն, ուր կ'ապրէր բնակչութեան շուրջ կէսը եւ տնտեսութեան 1/3-ը եւս տեղակայուած էր հոն։ Կարմիր բանակը դուրս կը բերուի այդ տարածքներէն ռազմածովային ուժերուն հետ միասին։ Մաքսային հարցին մէջ կը վերականգնի 1904-ի իրավիճակը՝ յօգուտ Գերմանիոյ։

Ռուսական զօրքերուն դուրս բերումը Արեւելեան ճակատէն հնարաւորութիւն կու տայ Գերմանիոյ յարձակելու հարաւային ուղղութեամբ 21 Մարտ 1918-ին մինչեւ 17 Յունիս, սակայն մեծ յաջողութիւններու չեն հասնիր, այլ հակառակը, Անտանտի երկիրները կ'որդեգրեն անդադար յարձակումներու մարտավարութիւնը եւ ի վերջոյ կը յաղթեն անոր։

Պրեսթի ամօթալի հաշտութիւնը կ'ամբողջանայ 27 Օգոստոս 1918-ին Պեռլինի համաձայնագիրով, որմով Ռուսաստան Գերմանիոյ կու տայ 6 միլիար մարք ռազմատուգանք։

9 Նոյեմբեր 1918-ին Գերմանիոյ մէջ յեղափոխութիւն մը տեղի կ'ունենայ, որմէ ետք 13 Նոյեմբերին Պրեսթի հաշտութիւնը չեղեալ կը համարուի։

Պրեսթի հաշտութիւնը, որ մեծ վնասներ կը հասցնէ Ռուսաստանին, հնարաւորութիւն կը տրուի բոլշեւիկներուն քաղաքական իշխանութիւնը իրենց ձեռքին մէջ պահելու եւ մաքրելու քաղաքական հակառակորդներուն իշխանութենէն։ Խօսքը կը վերաբերի ձախ «էսեռներ»ուն, որոնք դուրս կու գան իշխանութենէն նաեւ Պրեսթի հաշտութեան շուրջ ծագած հակասութիւններուն պատճառով։ Այս էր նաեւ պատճառը, որ Ռուսաստան քաղաքացիական պատերազմ մը կը սկսի, որուն պատճառով ալ մեծ թիւով մարդոց արիւն կը թափի։

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Արա Պապեան - Հայրենատիրութիւն. Հայոց պահանջատիրութեան իրաւական հիմունքները եւ յարակէն հարցեր (յօդուածներու ժողովածու), Ասողիկ, Երեւան, 2012 (ISBN 978-9939-50-190-1, ՀՏԴ՝ 941(479.25)։341(045), ԳՄԴ՝ 63.3(2Հ) + 67.91ց1, Պ234։ Համակարգչային շարուածքը եւ ձեւաւորումը՝ Դաւիթ Աբրահամեանի:
  • Hovannisian R. G. Armenia on the road to independence 1918. - Berkeley: University of California Press, 1969. - P. 134, 151, 156, 161-163, 167, 169, 173, 222-225, 244, 364:
  • Երուանդ Սարգսեան Դաւադիր գործարք ։ Հայաստան-Ռուսաստան-Թուրքիա / Ե.Ղ. Սարգսեան; Խմբ.՝ Էդ. Գեւորգեան, Ա. Կարապետեան. - Երեւան։ Հայաստան, 1995. - էջ 91. - էջ 204:
  • Աւետիսեան Հ.,The Armenian Question in 1918 = Հայկական հարցը 1918-ին / ՀՀ ԳԱԱ տ. -Երեւան։ Բարձրագոյն դպրոց, 1997. - էջ 18, 28, 31-32, 35, 41, 80-81, 103-105, 179-180, 288, 400. - 436:
  • Գալոյեան Գ., 1917-1923 = Հայաստանը եւ մեծ տէրութիւնները ։ 1917-1923 / Գ.Ա. Գալոյեան; Խմբ.՝ Վ. Ա. Միքայելեան; ՀՀ ԳԱԱ, Պատմ. ի-նտ. - Երեւան։ Գիտութիւն, 1999. - էջ 45-47. - 540:
  • Հոկտեմբերեան սոցիալիստական Մեծ Յեղափոխութիւնը եւ Սովետական իշխանութեան յաղթանակն ու ամրապնդումը Հայաստանում (1917-1921) = Հայ Ժողովրդի Պատմութիւն / Խմբ. կոլ.` Յովհաննիսեան Ա. Գ., Աղայեան Ց. Պ., Առաքելեան Բ. Ն., Բարխուդարեան Վ. Բ., Գալոյեան Գ. Ա., Երեմեան Ս. Տ., Խաչիկեան Լ. Ս., Հասրաթեան Մ. Ս., Յովհաննիսեան Ա. Ռ., Ներսիսեան Մ. Գ., Սարգսեան Գ. Խ.: ՀՍՍՀ ԳԱ Պատմութեան ին-տ. - Երեւան։ ՀՍՍՀ ԳԱ հրատ., 1967. - Vol. 7. - էջ. 35. - 655:
  • Սահակեան Տ. Ցաւալի պայմանագրեր / Տ. Ղ. Սահակեան; Խմբ.՝ Վ. Այվազեան. - Երեւան։ Լուսակն, 2007. - էջ 43. - 531: