Պարկապզուկ
Պարկապզուկ | |
---|---|
| |
Որակաւորում | Փողային նուագարաններ եւ bagpipe? |
Պարկապզուկ, ժողովորդական փողային լեզուակաւոր նուագարան։ Բազմաթիւ նուագարաններ, ստեղծուած ըլլալով զանազան երկրի մէջ, չեն մնար տուեալ երկրի մը ժողովուրդին սեփականութիւնը: Ժողովուրդները հաղորդակցելով իրարու հետ, մէկը միւսին կը փոխանցեն մշակութային տարբեր արժէքներ, ինչպէս նաեւ՝ նուագարանները, եւ անոնցմէ ամէն մէկը իր կարգին կը նպաստէ այդ նուագարանի զարգացման ու կատարելագործման: Այդպիսի նուագարան է նաեւ պարկապզուկը, որ տարբեր ժողովուրդներու մօտ ունի փողերու տարբեր քանակ, տարբեր հնչողութիւն, հնչիւնաշար եւ հնչիւնածաւալ: Տարբեր են նաեւ անուանումները: Հայերէնի մէջ այս նուագարանը ունի քանի մը անուանում՝ պարկապզուկ, պկու, պարկապկու, տիկ, տկճոր
Պարկապզուկի ծագման հայկական աւանդոյթը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Առաջին անգամ պարկապզուկի պատկեր մը գտնուած է Արեւմտեան Հայաստանի Այնթապ քաղաքի մօտ գտնուող պալատի պատի քադակին մէջ Ք.ա.1300 տարի առաջ:Նուագարանին ծագման, պատրաստող վարպետներուն եւ նուագողներու մասին մեզի հասած տեղեկութիւնները շատ կցկտուր են: Ժը. դարու արեւելեան երաժշտութեան տեսաբան, յայտնի երաժիշտ արեւմտահայ Արութին Թամպուրի իր ձեռագիր աշխատութիւններէն մէկուն մէջ կը գրէ. «Քաղաքի մը մէջ, ուր Հութ անունով իմաստուն մը կ'ապրէր, կարճահասակ մարդ մը կար. թեւին մէկը միւսէն կարճ էր, ոտքերը կարծես ազդրերուն կպած էին, իսկ գլուխը՝ մարմնին: Մէկ խօսքով՝ ծաղրածուին մէկը: Ըստ աւանդութեան՝ Հութ իմաստունը պարկապզուկի՝ տիկի ձեւն այս մարդէն ընդօրինակեր է եւ ներդաշնակեր ըստ եօթ հիմնական ձայներուն համապատասխանող խողովակի չափերուն»: Այս փաստը շատ հետաքրքրական է, բայց Հութ իմաստունին ինքնութիւնն ու ո՛ր ժամանակաշրջանին ապրած ըլլալը անյայտ են:
Պարկապզուկի յիշատակութիններ հայկական միջնադարեան ձեռագիրներուն մէջ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Երեւանի Մաշտոցի անուան Մատենադարանին մէջ կը պահպանուի միջնադարեան հայ հեղինակներու ինքնուրոյն եւ թարգմանական գործեր, որոնք տեղեկութիւններ կը հաղորդեն ոչ միայն նուագարաններու ծագման ու կատարելագործման մասին, այլեւ փաստեր կը ներկայացնեն անոնց դերի ու նշանակութեան մասին հայկական երաժշտատեսական միտքի ձեւաւորման ու զարգացման ոլորտին մէջ: Ժողովրդական նուագարաններու գոյութեան մասին վկայութիւններ կը պարունակեն հայ միջնադարեան գրքային կամ ձեռագրական մանրանկարները, որոնց մէջ տեղ գտած են սիրուած եւ տարածուած պարկապզուկի պատկերները եւ նուագողներու կերպարներ: Ժէ. դարու ձեռագիրի մը մէջ պահպանուած է պարկապզուկ նուագող կնոջ մը պատկերը: Այդ նկարը կը հաստատէ, որ միջնադարուն եղեր են նաեւ կին նուագածուներ: Պարկապզուկ նուագող հայ երաժիշտը գծած է նաեւ Ժթ. դարու ամերիկացի արեւելեան նկարիչ Հենրի Ճոն վան Լեննեփը: Արեւելեան նկարիչները Արեւմուտքի, այսինքն՝ եւրոպացի եւ ամերիկացի այն նկարիչներն էին, որոնք իրենց ժողովուրդներուն կը ներկայացնէին Արեւելքի ժողովուրդներու կենցաղը եւ մշակոյթը: Անոնց ուշադրութեան կեդրոնն էր յատկապէս Օսմանեան կայսրութիւնը՝ իր բազմազան ժողովուրդներով: Պարկապզուկը ամենահին ժամանակներէն հայոց կենցաղի անբաժանելի մասը եղած է: Այդ մասին վկայութիւններ կան Ագաթանգեղոսի, Փաւստոս Բուզանդի, Մովսէս Խորենացիի, Եղիշէի, Սեբեոսի, Գրիգոր Նարեկացիի եւ երաժիշտ-բանաստեղծներու ձեռագիրներուն մէջ: Պարկապզուկը դեռ վաղ ժամանակներէն ի վեր եղեր է շրջիկ երաժիշտներու մենաշնորհը: Անոնք անցնելով գիւղէ գիւղ, քաղաքէ քաղաք, իրենց նուագով ու խաղով յաճախ հանդէս կու գային ծաղրածուի, խեղկատակի դերով՝ զուարթ մթնոլորտ ստեղծելով լարախաղացներու հետ ու բարձր տրամադրութիւն հաղորդելով հաւաքուած ժողովուրդին: Պարկապզուկ նուագողները սպասուած ու ցանկալի մասնակիցը եղեր են ժողովորդական տարբեր տօնախումբութիւններու, ծիսական արարողութիւններու՝ հարսանիք, Զատիկ, Տեառնընդառաջ, Բարեկենդան եւ այլն: Հետաքրքրական է նաեւ, որ Հայաստանի տարբեր շրջաններուն կը հանդիպին տապանաքարեր, որոնց վրայ քանդակուած են պարկապզուկ եւ այլ նուագարաններ նուագող երաժիշտներ, պարող մարդիկ: Ատոնք հաւանաբար նոյն այդ երաժիշտներու կամ նուագարան պատրաստող վարպետներու գերեզմաններ են, կամ մարդոց, որոնք ձեւով մը առնչութիւն ունեցեր են երգ-երաժշտութեան հետ: Շատ յաճախ ալ գործիքը պատրաստող վարպետը նաեւ ինքն ալ կը նուագէր այն: Երաժշտագէտ-տեսաբան Արամ Քոչարեան կը հաղորդէ, որ գործիքագիտութեան ասպարէզին մէջ հետաքրքրական յայտնութիւն է երգեհոնի նախատիպը՝ պարկապզուկը՝ բազմափող սրինգով: Անիկա պատկերուած է նախկին Տարալկեազի՝ Կարախուանք գիւղի Ժգ. դարու տապանաքարերէն մէկուն վրայ: Այստեղ փորագրուած է անասունէն հանած տիկ մը, որուն առջեւի ձախ ոտքը վերածուեր է փչանցքի, ուր հաւանական է հագուցուած է կրկնալեզուակը (մունտշթուկ): Հարթաքանդակին վրայ պարկապզուկի ձայնանցքաւոր հնչիւնափողերուն կը փոխարինէ ինը փողանի երգեհոնը: Ի դէպ, պատմական մեծ նշանակութիւն ունի այն փաստը, որ վաղ միջնադարեան Հայաստանի մէջ գործածուեր է երգեհոնը: Ժե. դարու հայ մատենագիր Առաքել Սիւնեցին այսպէս կը նկարագրէ պարկապզուկը. «Իսկ փչմամբ եւ տկզարք, որն զտիկն փչէ եւ զանազան ձայն հանէ, նոյնպէս եւ երգեհոնն» (թարգմանաբար՝ Փչելով կը նուագէ տկզարը (տիկ նուագող երաժիշտը), որ փչելով՝ օդ մղելով տիկին մէջ՝ զանազան ձայներ կը հանէ երգեհոնի նման): Այսպիսով, կարեւոր նախադրեալներ կան ենթադրելու, որ տապանաքարին գծուած օրինակը եզակի չէ: Ամենայն հաւանականութեամբ անոր պատրաստման սկզբունքը տարածուած է Հայաստանի տարբեր գաւառներուն մէջ: Կոմիտաս Վարդապետ պարկապզուկը կը համարէ զուտ ժողովրդական համամարդկային նուագարան մը:
Հայկական պարկապզուկին կառուցուածքը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Պարկապզուկը կազմուած է այծի, հորթի կամ ոչխարի կաշիէն պատրաստուած պարկէն, որ ժողովուրդը կ'անուանէ տիկ, օդ մղելու փողակէն եւ եղեգնեայ պարզ կամ կրկնակի լեզուակաւոր քանի մը նուագափողերէն (Հայաստանի մէջ կը կոչուի փքու կամ պզուկ, կը գործածուի նաեւ առանց օդամուղ պարկի, կը փչեն բերանով), որոնցմէ մէկը կամ երկուքը ձայնանցքերով են ու կը ծառայեն մայր եղանակը կատարելու, մէկ-երկուքը (կամ աւելին)՝ առանց ձայնանցքերու, թաւային են՝ նուագը պահելու համար եւ նուագակցելու բուն մեղեդիին հետ։ Տիկը կը ծառայէ իբրեւ օդի շտեմարան: Տիկին ետեւի ոտքերու տեղը յառաջացած անցքերը կը կապեն, վիզի մասը՝ խցանին մէջ, իսկ առջեւի ոտքերու տեղը կ'ամրացնեն զոյգ փողերը, որոնցմէ մէկով տիկը հնչեցնելու համար օդ կը մղեն եւ կը կուտակեն, իսկ միւսով՝ կը նուագեն: Փողերը կը պատրաստուին եղեգէն կամ ծիրանենիի, տանձենիի եւ խնձորենիի փայտէն: Պարկապզուկը արուեստագիտականօրէն հարուստ նուագարան է եւ հնարաւորութիւն կու տայ կատարելու թէ՛ բարդ ստեղծագործութիւններ, թէ՛ պարզ պարեղանակներ: Հայաստանի մէջ տարածուած է զոյգ ձայնափողով, իւրաքանչիւրը՝ հինգական ձայնանցքով պարկապզուկները: Հայկական պարկապզուկի վերակառուցումը Երեւանի մէջ, 1970-ական թուականներուն կատարած է ղեկավար, երգահան, «Տկզարի» գեղարուեստական ղեկավար Կառլէն Միրզոյեան[1]։
Պարկապզուկի կիրարկումը հայկական համոյթներու ընթացքին
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1982-ին ստեղծուեցաւ Հայաստանի ամենահին փողային նուագարաններու «Տկզար» համոյթը, որու հիմքին հայկական ամենահին շնչական, այսինքն՝ փողային նուագարաններն են: Համոյթի հիմնադիրն է ժողովրդական երաժշտութեան եւ նուագարաններու գիտակ, ղեկավար Կառլէն Միրզոեանը, որ Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցին մէջ ղեկավարի եւ խմբավարի մասնագիտութիւն ստանալով, ուսանած է նաեւ Թաշքենտի երաժշտանոցին մէջ ժողովրդական նուագարաններու գիտական բաժնին մէջ, ապա զբաղած է ֆոլքլորիք նուագարաններու գիտական աշխատանքով: «Տկզար» համոյթի ստեղծման շարժառիթն էր՝ մոռացումէ փրկել շարք մը նուագարաններ, ընդլայնել անոնց հնչիւնածաւալը, կառուցելով անոնց տարատեսակները, կազմակերպել գունագեղ համոյթ մը: Իր իղձը իրագործելով՝ խմբավար Միրզոյեան կ'առաջնորդուի Կոմիտասի տեսլականով։ Ասիկա եզակի նմուշներու նուագախումբ է, քանի որ հեթանոսական շրջանէն մինչեւ այսօր մեր ունեցած շնչական երաժշտական նուագարանի նմոյշները ընդգրկուեր են «Տկզար» համոյթին մէջ: Համոյթի կազմին մէջ ընդգրկուած են բլուլներ, սրինգներ, համշենական զուռնա, տուտուկներ, սանթուրներ, նաղարաներու տարատեսակներ, փիքքոլօ (փոքր) զուռնայէն, պարկապզուկ եւ փկուներու քառեակ: Այս համոյթը ելոյթներ ունեցած է ոչ միայն Հայաստանի մէջ, այլեւ Գանատայի, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Սուրիոյ, Իրանի, Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ այլուր՝ հայ եւ օտար հանդիսականներուն ներկայացնելով կոմիտասեան գրառումներէն յայտնի մեղեդիներ՝ «Կուժն առա», «Գնա, գնա», «Սարերի վրով գնաց», «Երի, երի ջան», «Խումար պառկէ», «Արեւը կայնէ կէսօր» եւ այլն: Պարկապզուկ գործածուած է նաեւ «Նորայր Քարտաշեան եւ Վան նախագիծերուն մէջ» (նուագողը՝ Նորայր Քարտաշեան): Համաշխարհային տարածում ունեցող պարկապզուկը Հայաստանի մէջ այսօր բաւականին հազուագիւտ գործիք է: Ի տարբերութիւն միւս փողային նուագարաններուն, պարկապզուկ նուագելու մասնագիտացուած դպրոց չկայ, հիմնականօրէն զայն նուագած են «զուռնաճի»ները: Այսուհանդերձ գիւղերուն մէջ դեռ կարելի է գտնել տկզարներ՝ տիկ-պարկապզուկ զարկող-նուագողներ:
Սկովտական եւ Իրլանտական պարկապզուկ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Պարկապզուկի ծագման մասին գերմանացի երաժշտագէտ, արուեստաբան Քուրտ Սաքս կը գրէ.
Դարեր առաջ հասարակական ստորին շերտերէն ելած շրջիկ երաժիշտները պէտք է կարենային երգել եւ նուագակցիլ որեւէ փողային գործիքով:Աշխարհի վրայ կ'օգտագործուի 8 տեսակ պարկապզուկ, ինչպէս Մեծ Հայքի,Հռոմի, Յունաստանի, Լաթվիա,Լեհաստան,Պուլկարիա,Սկովտիա, Իրլանտա, Պրեթոնիա(Ֆրանսայի հիւսիս), Սպանիայի հիւսիս, Փորթուկալի,Էսթոնիա, Չեքիա,Սլովաքիա Ռուսաստան(Չուվաշական,Մարիական,Մորտովական,Ալանական),Ղասախիստան,Ուքրանիա,Պելառուսիոյ մէջ: Անհրաժեշտութիւն կը յառաջանայ ստեղծել այնպիսի փողային գործիք մը, որ նուագողին բերանը ազատ մնար |
Սկովտիական, Սպանական, իրլանտական պարկապզուկները կը տարբերուին հայկական պարկապզուկէն իրենց հնչերանգով: Թէեւ սկովտիացիները եւ անոնց հետ ալ շատերը համոզուած են, որ պարկապզուկը զուտ սկովտիական ազգային նուագարան է, սակայն պատմութիւնը կը փաստէ այլ բան։ Նախ պարկապզուկը, ինչպէս եւ բազմաթիւ նուագարաններ, Եւրոպա թափանցած են Ասիայէն: Պարկապզուկի առաջին օրինակը յայտնաբերուած է շումմերական հին վայրի մը մէջ եւ կը վերագրուի Քրիստոսէ առաջ 3-րդ հազարամեակին: Իսկ Եւրոպայի մէջ միջնադարէն առաջ ոչ մէկ յիշատակութեան չենք հանդիպիր այս նուագարանին մասին: Առաջինը յայտնուած է Կեդրոնական Եւրոպայի մէջ: Ժգ. դարէն մեզի հասած ձեռագիրներուն մէջ կը նկարագրուի պարկապզուկի քանի մը տարբերակ, որոնք հիմնականօրէն տարածուած էին Սպանիոյ տարածքին: Մինչդեռ Մեծն Բրիտանիոյ տարածքին պարկապզուկի առաջին յիշատակութիւնը կը վերաբերի Ժդ. դարու վերջին: Այնուամենայնիւ այսօրուան աշխարհին մէջ պարկապզուկը կը համարուի սկովտական նուագարան: Սկովտիոյ տարածքին այս նուագարանին ժողովրդականութիւնը իր գագաթնակէտին կը հասնի Ժէ. դարուն, քանի որ այդ ընթացքին պարկապզուկը կարեւոր նշանակութիւն ունէր տարբեր միջոցառումներու ընթացքին: Պարկապզուկի նուագով կ'ազդարարուէր տարբեր հանդիսաւոր արարողութիւններու սկիզբը, ինչպէս օրինակ պաշտօնական հանդիպումներ, թագադրում, խորհրդակցութիւն եւ ժողովրդական հանդիսութիւններ: Եւ ատիկա պատահական չէր. սկովտիացիները համոզուած էին, որ պարկապզուկի ձայնը կը լսուէր հինգ քմ. հեռաւորութեան վրայ: Իսկ իրլանտական պարկապզուկը կը նկարագրուի հին իրլանտական օրէնսգիրքին մէջ, ըստ որուն անիկա գեղջկական նուագարան է, որու պարկին՝ տիկին մէջ օդը կը մղուի բերանի միջոցով:
Հին իրլանտական ժամանակագրական ձեռագիրներուն մէջ կը յիշատակուին պարկապզուկ նուագող երաժիշտներ: Այսօր դժուար է ըսել, թէ ե՛րբ յայտնուած է պարկապզուկը Իրլանտայի մէջ, բայց անոր տեսքին եւ ձեւին նկարագրութիւնը կը յիշեցնէ այսօր Սկովտիոյի մէջ տարածուած տարբերակը: Ժէ. դարուն, ինչպէս Սկովտիոյի մէջ, այնպէս ալ իրլանտացիներու ցած եւ բարձր խաւերուն մէջ համատարած մեծ ժողովրդականութիւն ձեռք կը բերէ պարկապզուկը: Ժը. դարուն առաւել կատարելագործուած պարկապզուկը կը սկսի փոխարինել տաւիղին՝ իբրեւ յառաջատար նուագարան իրլանտական ազգային երաժշտութեան մէջ: Այսօր իրլանտական պարկապզուկը կը համարուի նուագարանի ամենաբարդ եւ ամենակատարելագործուած տարբերակը, որ իր կատարելագործման հասած է Ժը. դարու վերջաւորութեան: Իրլանտական պարկապզուկով կարելի է արտաբերել միաժամանակ եօթ հնչիւն:
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Ռիթա Շառոյեանի հեղինակային «Հնագոյն նուագարաններ» ֆիլմաշար. «Պարկապզուկ»:
- «Առաւօտ» օրաթերթի 20 Յունիս, 2012-ի համար:
- ↑ Հայկական համառօտ հանրագիտարան, հատոր չորրորդ, Երեւան, 2003