Jump to content

Պատմագիտութիւնը Հայաստանի մէջ

Մովսէս Խորէնացին ստեղծագործութեան ընթացքին

Պատմագիտութիւնը Հայաստանի մէջ, 5-18-րդ դարերու պատմագիտութիւնը Հայ մշակոյթի ոսկեդարը (5-րդ դար) նշանաւորուած է նաեւ հայ պատմագրութեան ստեղծմամբ։

Հայ պատմագիրներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Առաջին պատմագիրներու (Ագաթանգեղոս, Փաւստոս Բիւզանդ Կորիւն, Եղիշէ, Մովսէս Խորէնացի, Ղազար Փարպեցի) երկերը ունին ազգային բովանդակութիւն, գրուած են գործնական նպատակադրումով՝ կապուած ժամանակի առաջադրած որոշակի խնդիրներու հետ: Ագաթանգեղոսի երկը պայմանաւորուած է քրիստոնէութեան դարձով, Կորիւնինը` հայ գիրերու ստեղծմամբ, Եղիշէինը` պարսկական գերիշխանութեան դէմ Աւարայրի Ճակատամարտով (451 թուական), Փաւստոս Բիւզանդինը, Մովսէս Խորէնացիինը եւ Ղազար Փարպեցիինը` քաղաքական եւ հոգեւոր մաքառմամբ: Օգտագործելով աստուածաշնչեան եւ յունա-հռոմէական պատմափիլիսոփայութիւնը միտքը` 5-րդ դարու պատմիչները ստեղծած են պատմագրութեան նոր ձեւեր ու բարոյագիտական նորմեր, նոր պատկերացում՝ պատմութեան նշանակութեան մասին: Մովսէս Խորէնացին բարձր գնահատած է նախորդ մատենագիրներու (հայ եւ օտար) երկերն ու հմտօրէն օգտագործած զանոնք իր պատմութիւնը շարադրելու ընթացքին: Ղազար Փարպեցին պատմագիրին ընդմէջէն կը պահանջէ չեղածը չաւելացնել, եղածները չպակասեցնել եւ չկրճատել, այլ բոլորը հրապարակ հանել բարեմիտ զգուշաւորութեամբ: Մովսէս Խորէնացին իր երկի վերջը զետեղած «Ողբում» մէջ կ՛անդրարառնայ Հայաստանի 5-րդ դարու քաղաքական, սոցիալ-տնտեսական ծանր վիճակին, կը մերկացնէ հասարակական կեանքին մէջ արմատացած արատաւոր բարքերը: Համաբնոյթ գործ է նաեւ Ղազար Փարպեցիի նամակը՝ յղած սպարապետ Վահան Մամիկոնեանին: Փաւստոս Բիւզանդի «պատմութիւն Հայոց»-ը, ստեղծուած ըլլալով ժողովրդական աւանդոյթներու հէնքի վրայ, ներշնչուած է հայրենիքի, հայրենի հողի եւ ջուրի հզօրութեան գաղափարով, քաղաքական գործիչները ներկայացուած են ժողովրդական վէպին բնորոշ գեղարուեստական գիծերով: Եղիշէի «վասն Վարդանայ եւ Հայոց պատերազմին» երկը արժէքաւոր է պատմական ճշմարտացիութեան եւ բանաստեղծ, շարադրանքի միահիւսմամբ:

Հայ ժողովուրդի ծննդեան վկայականը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայ դասական պատմագիտութեան հիմնասիւնը Մովսէս Խորէնացիի «Հայոց Պատմութիւն»-ն է, որ Հայաստանի առաջին համակարգուած պատմութիւնն է: Կը սկսի հայ ժողովուրդի ծննդաբանութենէն եւ կը հասնի մինչեւ 5-րդ դարու 40-ական թուականները: Մովսէս Խորէնացին քննադատաբար կը վերաբերի իր օգտագործած բազմաթիւ աղբիւրներուն (Աստուածաշունչ, հայկական, յունական, ասորական աղբիւրներ, բանաւոր զրոյցներ, ժողովրդական աւանդութիւններ՝ աւելին քան 40 աղբիւր), ըրած է հայոց պատմութեան ժամանակագրութեան մշակման առաջին փորձը: Մովսէս Խորէնացին (անուանուած է Պատմահայր, Քերթողահայր) «Հայոց Պատմութեան» մէջ կը գրէ, որ «առանց ժամանակագրութեան պատմութիւնը ստոյգ չէ»:

Սկզբնաղբիւրներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

6-7-րդ դարերու (մինչեւ 661 թուականը) իրադարձութիւններու մասին կարեւոր սկզբնաղբիւր է Սեբէոս Եպիսկոպոսի «պատմութիւն»-ը, ուր Հայաստանի պատմութիւնը շարադրուած է համաշխարհային նշանակութեան իրադարձութիւններու ծիրին մէջ։ Սեբէոս կը մերկացնէ Բիւզանդիայի ու Սասանեան Պարսկաստանի վարած հայահալած քաղաքականութիւնը: 7-8-րդ դարերու պատմիչ Մովսէս Կաղանկատուացին «պատմութիւն Աղուանից աշխարհի» երկրին մէջ, չնայած ժամանակի աւատատիրական մասնատուածութենէն բխող անջատող, տրամադրութեանը, Արցախ եւ Ուտիք նահանգներու պատմութիւնը ներկայացուցած է Հայաստանի պատմութեան միահիւսուած: Նոյն ժամանակաշրջանի մատենագիր Յովհան Մամիկոնեանը «պատմութիւն Տարօնոյ» երկին մէջ կարեւոր տեղեկութիւններ կը հաղորդէ վաղմիջնադարեան Հայաստանի պատմութեան մասին: 8-րդ դարու հեղինակ Ղեւոնդ Վարդապետի «պատմութիւնը» արաբ, արշաւանքներու, հայ նախարար, տուներու ոչնչացման, հայրենասեր ուժերու ապստամբութեան եւ պարտութեան մասին պատմող ճշմարտացի սկզբնաղբիւր է: 9-րդ դարու վերջէն սկսուած է հայ պատմագրութեան նոր վերելքը՝ պայմանաւորուած հայկական պետականութեան վերականգնմամբ: 9-12-րդ դարերումնշարունակուած են 5 դարու մատենագիրներու, յատկապէս Մովսէս Խորէնացիի աւանդոյթները: Յովհաննէս Է. Ղրասխանակերտցին (9 դարու 12-րդ դարու կէս 929 թուական, Ամենայն հայոց կաթողիկոս՝ Ք.այ. 898- 521 թուականներէն) դատապարտած է երկիրը պառակտող իշխաններուն եւ պաշտպանած միասնական պետութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը:

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ նրա մասը վերցուած է «Հայաստան» հանրագիտարանէն, որի նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։