Գագիկ Բ․
Ուիքիփետիայի՝ ազատ հանրագիտարանի կողմէն Ուշադրութի՛ւն, այս յօդուածը աղբիւրներու կարիք ունի։ |
Գագիկ Բ․ | |
---|---|
| |
Ծնած է | 1024[1] |
Մահացած է | 2 Մարտ 1076 կամ 1079[1] |
Մահուան վայր | Կեսարիա, Թուրքիա |
Կրօնք | Հայ Առաքելական Եկեղեցի |
Մասնագիտութիւն | գերիշխան |
Վարած պաշտօններ | Հայոց արքայ |
Ծնողներ | հայր՝ Աշոտ Դ Քաջ? |
Երեխաներ | Դավիթ Բագրատունի? |
Գագիկ Բ (մօտ 1024-1079), Հայոց թագաւոր 1042-1045 թուականներուն։ Բագրատունիներու հարստութենէ։
Գագիկ Բ-ի գահակալութեան նախորդած իրավիճակը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1020 թուականին վախճանեցաւ Հայոց Գագիկ Ա թագաւորը՝ ձգելով երկու որդի, որոնցմէ աւագը՝ Յովհաննէս-Սմբատը թուլակամ, ռազմական գործին անտեղեակ անձնաւորութիւն ունէր, իսկ Աշոտը (Աշոտ Դ), հակառակը, քաջ, մարտերու կոփուած եւ համառ բնաւորութեան տէր երիտասարդ էր։ Աւագութեան իրաւունքով գահը պիտի ժառանգէր Յովհաննէս-Սմբատը, սակայն Հայոց իշխաններէն շատերը, գիտակցելով այդ խառնակ ժամանակներու թուլակամ ու անհեռատէս արքայ ունենալու կործանարար հետեւանքները, կը ձգտէին Հայոց գահը հանձնել Աշոտ Դ-ին: Բայց իր ազդեցիկ կողմնակիցները ունէր նաեւ Յովհաննէս-Սմբատը, որոնցմէ մէկն էր նաեւ կաթողիկոս Պետրոս Գետադարձը: Երկրին մէջ ծայր կ՛առնէ թունդ հակամարտութիւն եւ եղբայրասպան պատերազմ, որ շուտով հնարաւոր եղաւ հարթել իշխաններու եւ կաթողիկոսի ջանքերով, որուն համար որոշուեցաւ Անի մայրաքաղաքը իր շրջակայքով հանձնել Յովհաննէս-Սմբատին, իսկ մնացած մասը՝ Աշոտ Դ-ին: Հաշտութեան պայմաններէն մէկն ալ այն էր, որ Յովհաննէս-Սմբատի մահէն ետք Հայոց գահը ամբողջութեամբ պիտի անցնէր Աշոտ Դ-ին, կամ, եթէ ան եւս մահացած ըլլայ, անոր որդիին: Աշոտի որդի Գագիկ Բ-ը ծնաւ մօտ 1024 թուականին: Սակայն երկրին մէջ հաստատուած այս անդորրը կարճ տեւեց: 1022 թուականին Վրաց թագաւորութիւն կ՛արշաւէ Բիւզանդիոյ կայսր Վասիլ Բ Պուլղարասպանը, եւ քանի որ այդ պատերազմին Հայքը սատարած էր Վիրքին, կայսրը կը որոշէ պատժիչ արշաւանք ձեռնարկել նաեւ դէպի Բագրատունեանց թագաւորութիւն: Հայոց արքայ Յովհաննէս-Սմբատը, ահաբեկուած անոնցմէ, կը որոշէ կաթողիկոս Պետրոս Ա-ին ուղարկել բանակցութիւններո եւ հաշտութիւն կնքելու՝ անգամ ամենավատ պայմաններով, միայն թէ իրենցմէ հեռացնէ պատերազմը:
1023 թուականին Պետրոս Ա կը մեկնի Տրապիզոն, ուր կը գտնուի Վասիլ Բ-ը՝ իր զորքով: Բանակցութիւնները կայսերուն հետ կ՛աւարտեն խայտառակ պայմանագրի մը կնքմամբ, ըստ որուն Յովհաննէս-Սմբատի մահէն ետք Ան]ն իր շրջակայքով ժառանգութիւն պիտի մնար Բիւզանդական կայսրութեան: Այս պայմանագիրը մեծ զայրոյթ եւ դժգոհութիւն կ՛առաջացանայ Անիի մէջ եւ իշխաններուն շրջանին, որու պատճառով Պետրոս Ա որոշ ժամանակ չի վերադառնար հայրենիք, այլ կը հաստատուի Սեբաստիոյ մէջ։ Այսպիսով, Հայքի մէջ որոշ ժամանակ կը տիրէ խաղաղութիւն: 1041 թուականին կը մահանայ արքան, ապա անոր եղբայրը՝ Աշոտը: Այս շատերը համարեցին Բիւզանդական կայսրութեան խարդավանքներու արդիւնք՝ արագացնելու համար Տրապիզոնի պայմանագրի կատարումը: Պահը նպաստաւոր համարելով՝ Բիւզանդական 100 հազարանոց զորաբանակ մը ներխուժեց Հայոց թագաւորութիւն՝ գրաւելու Յովհաննէս-Սմբատի կտակած հողերը՝ Անին՝ իր շրջակայքով: Հոռոմները հասան որոշ յաջողութեան՝ գրաւելով շարք մը հայկական տարածքներ: Իսկ հայկական զորքերը, որ շուրջ 30 հազար էին, կը համախմբուին սպարապետ Վահրամ Պահլաւունիի շուրջ: Հայ ռազմիկներուն միացաւ նաեւ բնակչութիւնը, եւ միասին դուրս գալով Անիի Ծաղկոց կոչւող դարպասէն, հարձակեցին քաղաքը պաշարման մէջ առած Բիւզանդացի զորքին վրայ։ Հայերը կրցան քաղաքի պարիսպներու տակ ջախջախել Բիւզանդական զորքերուն եւ խայտառակ փախուստի մատնել: Անոնցմէ քիչերը միայն ողջ մնացին ու գերի ինկան եւ հայերը կը ցանկանային հաշուեհարդար տեսնել անոնց հետ: Սակայն սպարապետի (Վահրամ Պահլաւունի) միջամտութեամբ գերիները ազատ արձակուեցան: Այս պարտութենէ ետք կայսրութիւնը այլեւս տեւական ժամանակ մոռացաւ Տրապիզոնի պայմանագիրը:
Գագիկ Բ-ի օծումը եւ թագավորութեան առաջին տարիները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Յաղթանակէն ետք Պետրոս Գետադարձը Անիի մէջ արքայ օծեց Աշոտի պատանի որդիին՝ 18-ամեա Գագիկ Բ-ին: 12-րդ դարու ժամանակագիր Մատթէոս Ուռհայեցին Գագիկին կը բնութագրէ որպէս խոհեմ եւ Աստուածասէր պատանի: Ուռհայեցին կը հաղորդէ, որ Գագիկ իր զինւորներուն օգնութեամբ կը ձեռբակալէ իշխան Սարգիսին, եւ կը տիրանայ իր հայրենի բերդերուն, գաւառներուն ու ողջ գանձատան, որ հափշտակած էր իշխանը: Գագիկ արքայի թագաւորութեան առաջին երկու տարիները անցան խաղաղութեան պայմաններուն տակ երկրի շենացմամբ:
Դաւադրութիւն Գագիկ Բ-ի եւ Հայոց թագաւորութեան դէմ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1043 թուականին Բիւզանդիոյ գահ կը բարձրանայ Կոստանդին Մոնոմախը: Վեստ Սարգիսը, որ քէն պահած էր Գագիկ արքայի դէմ, խորհուրդ կու տայ կայսրին՝ խաբեութեամբ իր մօտ հրաւիրել Հայոց արքային եւ բանտարկել՝ խոստանալով աջակցիլ անոր: Մոնոմախը բազի մէջ երդումներով կը խոստանայ ապահովել Գագիկի անձի անւտանգութիւնը եւ կը հրաւիրէ Կոստանդնուպոլիս՝ իբրեւեւ թէ բանակցելու: Հայոց արքան չի ցանկանար մեկնիլ կայսրութեան մայրաքաղաք, եւ այդ կը խորդորէր նաեւ Հայոց իշխաններէն շատերը: Գագիկի մեկնելուն դէմ էր հատկապէս սպարապետ Վահրամ Պահլաւունին: Սակայն ուրիշ իշխաններ՝ Վեստ Սարգիսի գլխաւորութեամբ եւ կաթողիկոս Պետրոս Գետադարձը եւս կը համոզեն անոր անպայման մեկնիլ:
Բագրատունեանց թագաւիրութեան վերջին շառաւիղը կը մեկնի Կոստանդնուպոլիս, որու ժողովուրդը ճանապարհ կը դնէ մեծ շուքով: Կայսերական մայրաքաղաքին մէջ Հայոց արքային նախ կը դիմաւորեն մեծ պատիւով, Մոնոմախ անձամբ մ քանի մը օր մեծարեց զայն՝ ընծաներով ու արքայավայել ճաշկերոյթով: Սակայն օրեր ետք Վեստ Սարգիսը ու կաթողիկոս Պետրոս Գետադարձը կայսերը կ՛ուղարկեն Անիի բանալիները ու գրութիւն մը, թէ Անի քաղաքը ու ողջ Արեւելքը քու սեփականութիւնը դարձան: Մոնոմախը իր մօտ կանչեց Գագիկին եւ անոր առջեւ դրաւ բանալիները ու նամակը: Տեսնելով այդ, Հայոց արքան, ինչպէս կը մէջբերէ Մատթէոս Ուռհայեցին, հառաչացուց եւ ըսաւ. «Դատ արասցէ Քրիստոս ընդ իս եւ ընդ նենգաւորսն իմ: Տէր եւ թագաւորն ես եմ տանն Հայոց. ահա ես ոչ տաց զՀայք ի ձեռս քո, զի դու զիս խաբեութեամբ ածէր ի Կոստանդնուպօլիս»:
Ան այդպէս անսասան կը մնայ մէկ ամիս, բայց ի վերջոյ, ելք չգտնելով, համաձայնեցաւ Անին հանձնել կայսրութեան, որուն դիմաց Մոնոմախը, արգելելով Գագիկին Անի վերադառնալ, որպէս կալուածք անոր հանձնեց Կապադովկիոյ Կալոն Պելատ եւ Պիզու քաղաքները, կարգադրելով Բիւզանդիա բերել նաեւ արքային ընտանիքը: Ասկէ ետք Բիւզանդական զորքերը չորրորդ անգամ կը պաշարեն Անին, որ պաշտպանելու ելած Հայոց բանակը ու ժողովուրդը այս անգամ պարտութիւն կը կրեն, որով ալ վերջ կը դրուի Բագրատունեանց թագաւորութեան 1045 թուականին:
Յոյն մետրոպոլիտի «Արմեն» անունով շունը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Այսպիսով, Գագիկ Բ-ը պանդուխտ կը մնայ Բիւզանդիոյ մէջ, սակայն փորձանք կը դառնայ յոյն իշխաններէն շատերուն համար, որոնք չէին թաքցներ իրենց արհամարհանքը հայերու եւ անոնց գահընկեց արքայի հանդէպ: Անգամ մը, իմանալով, որ Կեսարիոյ մետրոպոլիտ Մարկոսը այնքան ամբարտաւան դարձած է, որ իր շան անունը Արմեն դրած է, կը որոշէ պատժել անոր: Դարձեալ Մատթէոս Ուռհայեցին կը պատմէ, որ իր շքախմբով անցնելով Մարկոսի կալվածքներով, մարդ կ՛ուղարկէ անոր մօտ, թէ կը ցանկանայ իջեւանիլ անոր տունը: Մարկոսը կը հրամայէ իր տունը զարդարել եւ ընդունելութեան պատրաստուիլ, իսկ ինքը ընդառաջ կ՛երթայ Գագիկ Բ-ին, անոր կը բերեն տուն եւ մեծ ճաշկերոյթ կու տայ: Ճաշելով, երբ Գագիկ Բ-ը փոքր-քիչ գինովցած էր, կը դիմէ Մարկոսին, թէ իմացած է, որ ամեհի շուն մը ունի եւ կը ցանկանայ տեսնել զայն: Յոյն մետրոպոլիտը թէեւ գլխի կ՛իյնայ, թէ ինչ է անոր պատճառը, բայց կը սկսի կանչել շան: Սակայն, քանի որ կը վախնար անունով կանչել, կենդանին մօտ չէր գար: Հայոց երբեմնի արքան կը պահանջէ անունով կանչել, եւ Մարկոս ակամայ, նոյնպէս գինովի ազդեցութեան տակ, կը կանչէ շան՝ երկու անգամ տալով անոր Արմեն անունը: Երբ զայրացած Գագիկը կը հարցնէ, թէ ինչո՞ւ շան անունը Արմեն դրած է, մետրոպոլիտ Մարկոսը, խիստ անհարմար զգալով, կը պատասխանէ, թէ շատ անուախ եւ ուժեղ շուն է, անոր համար: Այնժամ Գագիկ Բ-ի ազդանշանով թիկնապահները կը շրջապատեն շան եւ կը գլորեն մեծ պարկի մը մէջ, որ պատրաստած էին վաղօրոք: Մետրոպոլիտը կը սկսի բղաւել անոնց վրայ, սակայն Գագիկը կ՛ըսէ. «Հիմա կտեսնենք, թէ ով աւելի ուժեղ է՝ հոռո՞մը, թէ շունը, որ անոնցմէ Արմեն անունը ստացած է»: Արքայի թիկնապահները Մարկոսին եւս կը գլորեն պարկի մէջ, բերանը կապուած եւ կը սկսին շան ձաղկել, որ, ցաւէն սաստիկ գազազելով կը հոշոտէ տիրոջը:
Բագրատունեանց թագաւորութեան վերջին շառաւիղի դաւադրաբար սպաննութիւնը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1079 թուականին Գագիկ Բ իր զորքով կ՛երթայ Կիզիստրա (կամ Կնդռոսկաւիս) բերդը, որ կը պատկանէր երեք յոյն իշխաններու՝ Մանդալէի որդիներուն: Գագիկը իր զինւորներէն առաջ անցնելով, ձիով, երեք հոգիի ուղեկցութեամբ կը մօտենայ իրեն դիմաւորելու եկած եղբայրներուն, որոնք նախօրոք դարանակալ զորք կը պատրաստէին: Անոնք մօտեցան Գագիկին, երկրպագեցին եւ երբ մօտեցան ողջագուրուելու, հանկարծ երեքով փաթթեցին արքայի վզին եւ քաշելով ցած գլորեցին: Դուրս նետեցին դարանակալած զինւորները, իսկ Գագիկի ուղեկիցները փախան՝ լուրը տանելով անոր զորքին: Ասոնք լուրը առնելով ցրուեցան՝ արքային մինակ ձգելով: Իսկ եղբայրները անոր տարին իրենց բերդը: Ութ օր անց հայոց իշխաններէն շատերը, որոնք Բիւզանդիոն էին, դուրս եկան Կիզիստրա բերդի դէմ, սակայն անոր անառիկութեան պատճառով յաջողութիւն չունեցան, իսկ յոյները Բագրատունեանց թագաւորութեան վերջին շառաւիղ Գագիկ Բ-ին աղեղի լարով խեղդամահեցին եւ մարմինը մէկ օր կախեցին պարիսպէն, ապա թաղեցին պարիսպի արտաքին կողմը: Արքայի մտերիմները գիշերով անոր մարմինը կը տանին Պիզու քաղաքը եւ կը թաղեն վանքին մէջ։ Գագիկի մահուան վրէժը կը լուծէ Ռուբինիաններու տոհմէն Թորոս Ա իշխանը՝ սպանելով երեք եղբայրներուն եւ իրենց հետ վերցնելով Գագիկի թագն ու այլ արքայական հարստութիւնները։