Jump to content

Ուինսթըն Չըրչիլ

(Վերայղուած է Ու. Չըրչիլ-էն)
Ուինսթըն Չըրչիլ
անգլերէն՝ Winston Churchill
Ծննդեան անուն անգլերէն՝ Winston Leonard Spencer Churchill
Ծնած է 30 Նոյեմբեր 1874(1874-11-30)[1][2][3][…]
Ծննդավայր Բլենհելմյան ամրոց, Վուդստոք
Մահացած է 24 Յունուար 1965(1965-01-24)[1][2][3][…] (90 տարեկանին)
Մահուան վայր Հայդ Փարկ Գեյթ, Կենսինգտոն և Չելսի, Մեծ Լոնտոն, Լոնտոն, Անգլիա, Միացեալ Թագաւորութիւն[4][5]
Քաղաքացիութիւն  Միացեալ Թագաւորութիւն[6][7]
Մայրենի լեզու Բրիտանական անգլերէն
Կրօնք Անկլիգան եկեղեցի
Ուսումնավայր Հերոու դպրոց?, Թագավորական ռազմական ուսումնարան?, St George's School, Ascot? և Stoke Brunswick School?
Երկեր/Գլխաւոր գործ Անգլախոս ժողովուրդների պատմությունը?, The Second World War? և A Traveller in War-Time?
Մասնագիտութիւն քաղաքական գործիչ և պատմաբան
Աշխատավայր Էտինպըրկի Համալսարան
Վարած պաշտօններ Մեծ Բրիտանիայի վարչապետ?, Մեծ Բրիտանիայի վարչապետ?, Secretary of State for Defence?, Secretary of State for Defence?, գանձապետարանի կանցլեր?, Մեծ Բրիտանիոյ Ներքին Գործերու Նախարար, Լանքասթերի դքսության կանցլեր?, Minister of Munitions?, Ընդդիմության առաջնորդ?, Պահպանողական կուսակցության առաջնորդ?, Ադմիրալության առաջին լորդ?, Ադմիրալության առաջին լորդ?, Secretary of State for the Colonies?, Secretary of State for Air?, Secretary of State for War?, Միացեալ Թագաւորութեան Գաղտնի խորհուրդի անդամ, Միացյալ Թագավորության 42-րդ պառլամենտի անդամ?[8], Միացյալ Թագավորության 41-րդ գումարման պառլամենտի անդամ?[8], Միացյալ Թագավորության 40-րդ գումարման պառլամենտի անդամ?[8], Միացյալ Թագավորության 39-րդ պառլամենտի անդամ?[8], Բրիտանիայի 38-րդ պառլամենտի անդամ?[8], Միացյալ Թագավորության 37-րդ պառլամենտի անդամ?[8], Միացյալ Թագավորության 36-րդ պառլամենտի անդամ?[8], Միացյալ Թագավորության 35-րդ խորհրդարանի անդամ?[8], Միացյալ Թագավորության 34-րդ գումարման ազգային ժողովի անդամ?[8], Միացյալ Թագավորության 31-րդ խորհրդարանի անդամ?[8], Միացյալ Թագավորության 30-րդ խորհրդարանի անդամ?[8], Միացյալ Թագավորության 29-րդ գումարման ազգային ժողովի անդամ?[8], Միացյալ Թագավորության 28-րդ խորհրդարանի անդամ?[8][9], Միացյալ Թագավորության 28-րդ խորհրդարանի անդամ?, Միացյալ Թագավորության 27-րդ գումարման ազգային ժողովի անդամ?[8], Միացյալ Թագավորության 27-րդ գումարման ազգային ժողովի անդամ?, Եւրոպայի Խուրհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովի ներկայացուցիչ, Lord Warden of the Cinque Ports?[10][11], colonel?[12], Leader of the House of Commons?, ռեկտոր? և երեսփոխան[7]
Անդամութիւն Արուեստներու եւ գիտութիւններու ամերիկեան կաճառ[13], Լոնտոնի թագաւորական ընկերութիւն, Society of the Cincinnati?, Կապիչի շքանշան? և Ամերիկեան Փիլիսոփայական Ընկերութիւն
Կուսակցութիւն Պահպանողական Կուսակցութիւն, Լիբերալ կուսակցություն? և Պահպանողական Կուսակցութիւն
Ամուսին Կլեմենտինա Չերչիլ?[14][7]
Ծնողներ հայր՝ Ռենդոլֆ Հենրի Սպենսեր Չերչիլ?[14][7], մայր՝ Ջենի Չերչիլ?[14]
Երեխաներ Դիանա Չերչիլ?[14][15], Ռենդոլֆ Չերչիլ?[14][15][7], Սարա Չերչիլ?[14][15][7], Մերիգոլդ Ֆրենսիս Չերչիլ?[14][15] և Մերի Սոումս?[15][14][7]

Սըր Ուինսթըն Չըրչիլ (անգլերէն՝ Sir Winston Leonard Spencer Churchill, 30 Նոյեմբեր 1874(1874-11-30)[1][2][3][…], Բլենհելմյան ամրոց, Վուդստոք - 24 Յունուար 1965(1965-01-24)[1][2][3][…], Հայդ Փարկ Գեյթ, Կենսինգտոն և Չելսի, Մեծ Լոնտոն, Լոնտոն, Անգլիա, Միացեալ Թագաւորութիւն[4][5]), Միացեալ Թագաւորութեան վարչապետ 1940-1945 եւ 1951-1955 թուականներուն, Բրիտանական ակադեմիոյ պատուաւոր անդամ, գրականութեան Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր։

Պլենհեյմ պալատը՝ Չըրչիլներիու ընտանիքի տունը։
Ճենի Ճերոմը, (Լեյտի Րենտոլֆ Չըրչիլ), Ուինսթըն Չըրչիլի մայրը։

Ուինսթըն Չըրչիլը ծնած է Մարլպորօ հերցոկներու Պլենհեյմ պալատին մէջ։ Անոր հայրը՝ լորտ Ռենտոլֆ Սփենսեր Չըրչիլը, ճանչցուած քաղաքական գործիչ էր, ան խորհրդարանի համայնքներու պալատի պատգամաւոր էր։ Ինչպէս եւ յետագային՝ Ուինսթընը, անոր հայրը նոյնպէս Պահպանողական կուսակցութեան անդամ էր։

Ուիսթընի մայրը՝ Ճենի Ճերոմը (անգլերէն՝ Jennie Jerome), ամերիկեան հարուստ ձեռնարկատիրոջ դուստր էր։ Ինչպէս ընդունուած է շատ արիստոկրատ ընտանիքներուն մէջ, դեռ մէկ տարեկանէն արդէն փոքրիկ Ուինսթընին հոգ կը տանէր անոր դայեակը՝ Էլիզապէթ Էն Էվերեսթը (անգլերէն Elizabeth Anne Everest), որուն ան սովորաբար «պառաւ» կ'ըսէր։ Ութ տարեկանին Ուինսթընը կը դառնայ Սենթ Ճորճ նախակրթական դպրոցի սան, ուր ան յաճախ խախտելով կարգը՝ կ'ենթարկուէր պատիժի, իսկ քանի որ դպրոցին մէջ ընդունուած էր պատժել ծեծի միջոցաւ, Էլիզապէթը կը նկատէ պատանիի կապտուկները, որմէ յետոյ անոր կը տեղափոխեն Պրայթըն՝ Թոմսըն քոյրերու դպրոց։ Տեղափոխուելէն յետոյ ան կը սկսի բաւական լաւ սորվիլ, սակայն անոր յառաջդիմութիւնը այնքան ալ փայլուն չէ եղած, համեմատած համադասարանցիներուն հետ։

Երբ 1886 թուականին ան թոքի բորբոքում ունեցաւ, անոր թոյլ առողջութիւնը եւ ոչ մէկ բան խոստացող յառաջդիմութիւնը պատճառ կը դառնան, որ ծնողքը զինք ուղարկեն ոչ թէ Իթընի թագաւորական քոլէճ, ուր սերունդէ սերունդ կը սորվին Մարլպորօ տոհմի պատանիները, այլ ոչ պակաս անուանի Հարոու դպրոց։ Հարոու դպրոցին մէջ 1889 թուականին Ուինսթընին կը փոխադրեն յատուկ զինուորական թեքումով դասարան։ Պատանի Ուինսթընը դպրոցին մէջ այն տասներկու աշակերտներէն մէկն էր, որոնք կրնան յանձնել աւարտական քննութիւնները բոլոր առարկաներուն, յատկապէս անոր մօտ կը դիտուի բարձր հետաքրքրութիւն պատմութեան հանդէպ, իսկ 1892 թուականին ան սուսերամարտի մէջ կը դառնայ դպրոցի ախոյեան։

1893 թուականին Ուիսթըն Չըրչիլը կ'ընդունուի Սանդհարսթի Թագաւորական ռազմական ակադեմիա՝ ամէնէն անուանի ռազմական ուսումնական հաստատութիւններէն մէկը։ Մօտ մէկ տարի ակադեմիայի ներսը ուսանելէն ետք, 1895 թուականի Փետրուար 2-ին կը ստանայ կրտսեր լեյտենանտի կոչում, նոյն այդ տարին ալ ան կը կրէ երկու ծանր կորուստ՝ կը մահանան անոր հայրը եւ սիրելի դայեակը։

Երիտասարդ Տարիներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Ուինսթըն Չըրչիլը համազգեստով, 1895

Կոչումը ստանալէն յետոյ Ուինսթըն Չըրչիլը կ'անցնի ծառայութեան թագուհիի անձնական 4-րդ հուսարական գունդին մէջ։ Քանի մը ամիս ետք, մօր միջամտութեամբ, Չըրչիլը կ'ուղարկուի Գուպա, որպէս «Տէյլի Կրաֆիք» (անգլերէն՝ Daily Graphic) թերթի զինուորական թղթակից, ուր պէտք է հանգամանօրէն ներկայացնէր սպանացի գաղութարարներու դէմ տեղացիներու ապստամբութիւնը։

Սպանական բանակին մէջ գործուղման մէջ գտնուելու ժամանակ, ան առաջին անգամ կը յայտնուի կրակի գօտիին մէջ եւ անոր յօդուածներէն հինգը կը տպագրուին թերթին մէջ, որոնցմէ քանի մը հատը «Նիւ Եորք Թայմզ»–ին մէջ։ Սպանիոյ կառավարութեան կողմէ «Կարմիր խաչ» մետալով պարգեւատրելը Չըրչիլի սքանտալային բնաւորութեան աւելի մեծ ճանաչողութիւն կը բերէ, անոնցմէ յետոյ բրիտանական մամուլը կը յայտնէ իր կասկածները անոր, որպէս թղթակիցի, միջանկեալ դիրքի մասին։ Գուպայի իր ծառայութիւնը աւարտելէն ետք, դէպի Անգլիա ետդարձի ճամբուն Չըրչիլը առաջին անգամ կ'ըլլայ Միացեալ Նահանգներ։

Յետագային, երբ 1896 թուականի Հոկտեմբերին նոր զօրամասը կ'ուղարկուի Հնդկաստան՝ Պանկալոր քաղաք, Չըրչիլը շատ կը զբաղուի ընթերցանութեամբ, փորձելով լրացնել համալսարանական կրթութեան պակասը եւ կը դառնայ հմուտ բօլօ խաղացող՝ զօրամասային խումբին մէջ։

Մօտ մէկ տարի Պանկալորի մէջ ծառայելէն յետոյ, ան ցանկութիւն կը յայտնէ միանալ Հնդկաստանի հիւսիս արեւմուտքին, Մալաքանտ լեռնային շրջանին մէջ, փուշթուններու ցեղերու դէմ պայքարող բրիտանական զինուորական արշաւախմբային կորպուսին. այս հարցին նոյնպէս անոր օգնութեան կը հասնի բարձրաշխարհիկ շրջապատին մէջ ունեցած անոր մօր՝ լէյտի Ռենտոլֆի կապերը։[16] Այս ռազմական գործողութիւններու ընթացքին, որ աւելի վտանգաւոր ու դաժան էր քան Գուպայի մէջ, Չըրչիլը աչքի կ'ինայ խիզախութեամբ, ան ատոր մասին կը գրէ մօրը՝ «Սա աշխարհին մէջ, աւելի շատ ես կը ձգտիմ ձեռք բերել քաջի համբաւ, քան որեւէ այլ բանի»։ Իսկ իր տատիկին՝ հերցոկուհի Մարլպորոյին ուղղուած նամակին մէջ, ան կը քննադատէ այս գործողութիւններու անիմաստութիւնը եւ երկկողմանի դաժանութիւնը, -

«Ցեղախումբի անդամները կը չարչարեն վիրաւորները եւ կ’անդամահատեն մեռելները։ Զօրքերը երբեք չեն խնայեր իրենց ձեռքը ինկած որեւէ մարդու՝ ըլլայ ան վիրաւոր թէ ոչ։ Դաշտային հիւանդանոցներն ու հիւանդներ փոխադրող շարասիւնները թշնամիին յատուկ թիրախներն են, իսկ մենք կը կործանենք այն ջրամբարները, որոնցմով միայն կարելի է ամրան համար [ջուր] հայթայթել, եւ անոնց դէմ կը գործածենք գնդակ մը՝ նոր «Տամ-Տամ» (Dum-Dum) գնդակը... որուն ջախջախիչ հետեւանքները պարզապէս սոսկալի են:

«Այս ամէնը Նիւթապէս՝ կործանարար է։ Բարոյապէս՝ չարամիտ։ Զինուորական տեսանկիւնէն՝ բաց հարցական մը, իսկ քաղաքականապէս՝ մեծ սխալ մը»:

Նամակները տպագրուած են «Տէյլի թելեկրաֆ» թերթին մէջ, իսկ յետոյ կը հրատարակուի անոր «Մալաքանտի դաշտային կորպուսի պատմութիւն» գիրքը (անգլերէն՝ «The Story of the Malakand Field Force»)։[17].

Մալաքանտէն վերադառնալէն ետք, Չըրչիլը կրկին կը դիմէ հրամանատարութեան, որպէս զինուորական թղթակից Հիւսիսային Ափրիկէ գործուղուելու համար, սակայն ան չ'արժանանար հրամանատարութեան հաւանութեան եւ այդ պատճառաւ կը դիմէ անձամբ վարչապետին՝ լորտ Ռոպերթ Սոլսպերիին։

Արդիւնքը այն էր, որ Չըրչիլը կը նշանակուի լեյտենանտի արտահաստիքային պաշտօնի, բայց հրամանատարը յատուկ կը նշէ, որ վիրաւորուելու կամ զոհուելու պարագային, ան ռազմական ֆոնտէն հատուցում պիտի չստանայ։[17] 1898 թուականին Չըրչիլը կ'ուղարկուի Եգիպտոս, հոնկէ ալ Սուտան՝ ճնշելու Մահտիականներու ապստամբութիւնը։ Հոն ան նաեւ կը թղթակցի Լոնտոնի «Մորնինկ փոսթ» օրաթերթին։ Սուտանի մէջ ապստամբները ունէին բաւական թուական գերակշռութիւն, մինչդեռ անգլօ-եգիպտական բանակը առաւել էր սպառազինութեամբ, որ ունէր հրետանի, նոր տիպի հրազէն, հրետանաւակներ ու նաեւ «Մաքսիմ» գնդացիրներ։

1898 թուականին Սեպտեմբեր 2-ին, Օմտուրմանի մօտի գլխաւոր ճակատամարտին կը մասնակցի նաեւ Չըրչիլը՝ հեծելազօրի կազմին մէջ։[18]

Սուտանի գործողութիւններու մասին ան կը գրէ իր «Գետի պատերազմը» (անգլերէն՝ «The River War») գիրքը։

Սուտանէն Չըրչիլը կը վերադառնայ Հնդկաստան, համազգային մականախաղի մրցումներուն մասնակցելու համար, ուրկէ յաղթանակած վերադառնալէն յետոյ, 1899 թուականի Մայիս 5-ին, կը հրաժարի ծառայութենէն՝ անցնելով պահեստազօր։

1899 թուականի Յուլիսին, փարլամենթի անդամ Ռոպերթ Ասքրոֆթն կ'առաջարկէ Չըրչիլին ներկայացնել իր թեկնածութիւնը յառաջիկայ ընտրութիւններուն, որպէս Պահպանողական կուսակցութեան թեկնածու՝ Օլտհեմի շրջանէն։ Չըրչիլի առաջին քաղաքական փորձը յաջողութեամբ չի պսակուիր, ընտրութիւններուն կը յաղթէ Լիպերալ կուսակցութիւնը։

Նոյն թուականի աշնան հարաւային Ափրիկէի քանի մը հանրապետութիւններու հետ բրիտանական կառավարութեան յարաբերութիւններու սրումը կը յանգեցնէ Անգլօ-պուրական երկրորդ պատերազմին։ Սեպտեմբեր 18-ին ան «Տէյլի մեյլ» թերթէն առաջարկ կը ստանայ՝ որպէս զինուորական թղթակից մեկնիլ հարաւային Ափրիկէ, սակայն Չըրչիլը, դեռ չպատասխանած անոնց առաջարկին, կը դիմէ «Մորնինկ փոսթ» օրաթերթին, որ կը շտապէ Չըրչիլին այն ժամանակներուն չլսուած, մեծ գումար վճարել։[17] Ընդունելով «Մորնինկ փոսթ» թերթի առաջարկը՝ Չերչիլը, Հոկտեմբեր 18-ին, պատերազմը սկսելէն երկու օր յետոյ, կը մեկնի Ափրիկէ։

Արդէն Ափրիկէի, Նոյեմբեր 15-ին, Չըրչիլը զրահապատ գնացքով կը մեկնի տեղազննութեան, որ կը ղեկավարէր կապիտան Հոլտեյնը՝ (անգլերէն՝ Haldane), որ արդէն ան ծանօթ էր Մալաքանտէն։ Գնացքը պուրերու (հոլանտերէն՝ boeren՝ գիւղացիներ, անգլերէն՝ boer) կողմէն կը յայտնաբերուի եւ կ'ենթարկուի հրետակոծութեան, յիսունի մօտ զինուոր գերի կ'իյնան, այդ կարգին նաեւ կապիտան Հոլտեյնը եւ Չըրչիլը։ Գերութենէն անոր անյաջող փախուստի փորձէն jետոյ զինք կ'ուղարկեն ռազմագերիներու ճամբար, որ տեղակայուած էր Փրեթորիոյ Պետական բարձրագոյն դպրոցին մէջ։ Դեռ ամիս մը չանցած՝ Դեկտեմբեր 12-ին Չըրչիլը, կապիտան Հոլտեյնը եւ սերժանտ-մայոր Պրուքին կը դիմեն փախուստի, բայց միայն անոր կը յաջողուի ժամապահներէն աննկատ անցնիլ, որուն համար, Չըրչիլին յետոյ անհիմն կը մեղադրեն ընկերները ձգելու մէջ, սակայն յետոյ, 1912 թուականին, ան դատավարութիւն կը սկսի ընդդէմ «Բլեքվուտս Մեկըզին» ամսագիրին՝ մեղադրելով զրպարտութեան մէջ։ Ամսագիրը ստիպուած կ'ըլլայ տպագրել յատուկ յօդուած եւ ներողութիւն խնդրել[17]։

Փախչելով արշաւէն՝ Չըրչիլը ապրանքատար գնացքով աննկատ կը հասնի Ուիթպանք, ուրկէ անգլիացի ինժեներ Տէնիէլ Տիւսնըփի (անգլերէն՝ Daniel Dewsnap) օգնութեամբ գաղտնի կ'անցնի սահմանը։ Փախուստը Չըրչիլին կը դարձնէ jայտնի, ան կը ստանայ փառլամենթի մէջ իր թեկնածութիւնը առաջադրելու քանի մը առաջարկ, նաեւ՝ Օլտհեմի ընտրազանգուածի խոստումը, որ զինք կ'ընտրեն քաղաքական հայեացքներէ անկախ[17], բայց Չըրչիլը կը նախընտրէ մնալ բանակին մէջ, կը ստանայ թեթեւ հեծելազօրի լեյտենանտի պաշտօն՝ նաեւ շարունակելով աշխատիլ որպէս «Մորնինկ փոսթ»-ի յատուկ թղթակից։

Չըրչիլը այդ պատերազմին շատ մարտերու կը մասնակցի, մարտերուն դրսեւորած արիութեան համար ժեներալ Համիլթընը զինք կը ներկայացնէ Վիկտորիայի Խաչի պարգեւատրման, բայց քանի որ Չըրչիլը արդէն պաշտօնէն հրաժարած էր՝ չի պարգեւատրուիր[19]։ 1900 թուականին Չըրչիլը «Դանոթար Քասլ» փոստատարային նաւով կը վերադառնայ Անգլիա, այն նոյն նաւով, որ ութ ամիս առաջ մեկնած էր հարաւային Ափրիկէ[20]։

Քաղաքական Ասպարէզի Սկիզբը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Երիտասարդ Չըրչիլն ԱՄՆ-ի մէջ, 1900 թ

Ափրիկէէն վերադառնալէն յետոյ, Անգլիոյ մէջ Չըրչիլը աւարտին կը հասցնէ իր «Եան Համիլթընի Մարշը» (Ian Hamilton's March)[21] գիրքը, որուն մէջ կը նկարագրէր Անգլիա-պուրական երկրորդ պատերազմի իրադարձութիւնները, ու նաեւ վերադառնալով, երկրորդ անգամ առաջադրեցաւ իր թեկնածութիւնը 1900 թուականի խորհրդարանի ընտրութիւններուն, այս անգամ նոյնպէս՝ Օլդհեմի շրջանէն եւ Պահպանողական կուսակցութենէն։ Այս ընտրութիւններուն, բացի հերոսի համբաւը եւ Օլդհեմի ընտրողներու աջակցութիւնը անոր կ'օգնէ նաեւ այն հանգամանքը, որ զինք փրկող մեքենագէտ Դիւսնափը ծնունդով Օլդհեմէն էր եւ Չըրչիլը չէր մոռցած նշել իր ընտրարշաւի ժամանակ։[22][23][24] Ընտրութիւններուն ան իր հակառակորդ լիպերալ թեկնածուէն 222 ձայն աւելի կը հաւաքէ եւ կը յաղթէ, այսպիսով ան արդէն 26 տարեկանին կը դառնայ Հանրային Պալատի պատգամաւոր[25]։

Նոյն թուականին ան կը հրատարակէ «Սավրոլա» վէպը, իր միակ խոշոր գեղարուեստական ստեղծագործութիւնը։ Որոշ գրականագէտներ կը համարեն, որ «Սավրոլա»–ի գլխաւոր հերոսի դերով հեղինակը ինքզինք նկարագրած է։

1901 թուականի Փետրուարին ան Հանրային Պալատին մէջ հանդէս կու գայ իր առաջին ճառով՝ Հարաւային Ափրիկէի յետպատերազմեան կարգաւորման մասին։ Ան կոչ կ'ընէ բարեգութ վերաբերիլ պարտուած պուրերու նկատմամբ։

Նոյն թուականի Մայիսին Չըրչիլը անսպասելի խստութեամբ կը քննադատէ ռազմական նախարարի ռազմական պիւտճէի յաւելումին մասին Ուիլիամ Պրոտրիքի (անգլերէն՝ William Brodrick) առաջարկած ծրագիրը։ Անսպասելին միայն այն չէր, որ Պրոտրիքը ու Չըրչիլը նոյն կուսակցութեան ներկայացուցիչներ էին, այլ նաեւ այն, որ նախքան ելոյթ ունենալը ան արդէն իր ելոյթի ցանկերը ուղարկած էր «Մորնինկ փոստ» Լոնտոնեան օրաթերթին։

Միայն ասով Չերչըլի եւ իր կուսակիցներու միջեւ տարաձայնութիւնները չեն աւարտիր. 1902 - 1903 թուականներուն ան շատ անգամ դէմ յանդիման եկած է գաղութարար քաղաքականութեան եւ ազատ առեւտուրին վերաբերող հարցերուն, մասնաւորապէս, ան դէմ էր հացահատիկի ներմուծման հարկին։

Բանակին զօրանալէն յետոյ Չըրչիլը 1902 թուականին Յունուար 4-ին կ'անցնի ծառայութեան Թագաւորական Տարածքային հեծելազօրին մէջ (անգլերէն՝ Royal Yeomanry), թագուհիի անձնական հուսարական Օքսֆորտշայրի գունդին մէջ կապիտանի կոչումով։[26] 1905 թուականին Ապրիլին ան կը ստանայ մայորի կոչում եւ կը գլխաւորէ նոյն գունդի Հենլի էսքատրոնը,[27] իսկ 1916 թուականին Սեպտեմբերին կը տեղափոխուի բրիտանական բանակի սպայական տարածքային բանակ, ուր կը մնայ մինչեւ իր 50 տարեկանի աւարտը՝ 1924 թուականին։[27]

Կուսակցութեան ներսը շարք մը տարաձայնութիւններու պատճառով,1904 թուականին Մայիս 31-ին Չըրչիլը կը հեռանայ Պահպանողական կուսակցութենէն եւ կ'անցնի Լիպերալ կուսակցութեան շարքերը։

1905 թուականին Դեկտեմբեր 12-ին Չըրչիլը կը նշանակուի բրիտանական գաղութներու գործերով նախարարի տեղակալ. նախարարն այդ ժամանակ լորտ Էլճինն էր, իսկ կառավարութեան վարչապետը՝ Հենրի Քեմփպըլ-Պանըրմանը։ Այդ պաշտօնին մէջ Չըրչիլը կը զբաղուի պուրական պետութիւններու սահմանադրութիւններու մշակմամբ։

Քանի մը տարի անց 1908 թուականին Ապրիլի սկիզբը, Հենրի Քեմփպըլ-Պանըրմանը հիւանդութեան պատճառով կը դժուարանայ կատարել վարչապետի իր պարտականութիւնները, որու հետեւանքով տնտեսութեան նախարար՝ Հերպերթ Ասքուիթը կը նշանակուի վարչապետ, իսկ Առեւտուրի եւ արդիւնաբերութեան նախարար Տէյվիտ Լլոյտ Ճորճը կը նշանակուի տնտեսութեան նախարար, արդիւնքով Չըրչիլը կը մղուի նոր պաշտօնի՝ Առեւտուրի եւ արդիւնաբերութեան նախարար։ Տէյվիտ Լլոյտ Ճորճը, ինչպէս եւ Չըրչիլը, նոյնպէս դէմ էին կառավարութեան ռազմական ծախսերու յաւելման բանաձեւին, սակայն անոր եւ Չըրչիլի ջանքերը միշտ չէ որ յաջողութիւն կ'ունենային։ Չերչիլը այսպէս կը նկարագրէ ռազմանաւերու շինարարութեան պատուէր մը.

«Հետաքրքրական եւ յատկանշական լուծում մը գտնուեցաւ. Ծովակալութիւնը վեց նաւ պահանջած էր, տնտեսագէտները չորս առաջարկեցին, եւ ի վերջոյ մենք համաձայնեցանք ութի շուրջ։»

Չըրչիլը Ասքուիթի կառավարութեան կողմէ կատարուող ընկերվարական բարեփոխումներու աջակից էր: 1908 թուականին ան կը նախաձեռնէ նուազագոյն աշխատավարձի մասին օրէնքը, որ կ'ընդունուի մեծամասնութեան քուէարկութեամբ, այն առաջին անգամ Անգլիոյ մէջ կը սահմանէր աշխատանքային օրուայ տեւողութեան եւ աշխատավարձին վերաբերուող յստակ ձեւեր։

Ներքին Գործերու Նախարար

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1910 թուականին Փետրուար 14-ին Չըրչիլը 35 տարեկանին կը նշանակուի Ներքին գործերու նախարարի պաշտօնակիր, որմէ յետոյ մինչեւ 1923 թուական կը ձգէ գրական գործունէութիւնը։ Այն տարիներուն ան կ'ենթարկուի փորձութիւններու, մէկ կողմէն աշխատաւոր ցուցարարներու եւ սաֆրճեթուհիներու կազմակերպած անկարգութիւններուն կողմէ եւ միւս կողմէ քաղաքական բոլոր խմբաւորումներու խիստ քննադատութիւնը անոր նկատմամբ, եւ բացի այդ, որպէս նախարար կատարուող ամէն ինչի համար պատասխանատուութիւն կը կրէր։ Նոյն տարուայ Նոյեմբեր ամսուն Ռոնտա Քինոն Թաֆ (Հարաւային Ուալըս) հանքափորներու քաղաք Թոնիփենտիի մէջ յայտարարուած գործադուլը կը վերաճի զանգուածային անկարգութիւններու, այն բանէն յետոյ, երբ գործադուլին չմասնակցող հանքափորները կը վերկսին աշխատանքը։ Տեղական ոստիկանութեան պահանջով Չըրչիլը կը դիմէ զօրքի միջամտութեան եւ չնայած այն բանին, որ ան զօրքին հրամայած էր ընդհարում չունենալ ցուցարարներուն հետ եւ ցուցարարներու վրայ կրակելու մասին կեղծ լուրերը բազմակի անգամներ հերքուած էին, այդ իրադարձութիւնը բացասական անդրադարձ ունեցաւ հանրութեան մէջ եւ աշխատողները քննադատեցին անոր չափազանց կոշտ միջոցներ կիրառելու համար, իսկ պահպանողականները անվստահ գործելու համար։

Խորհրդարանէն դուրս. 1922–1924

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Յաջորդ վեց ամիսներուն մեծ մասը Չըրչիլ անցուց Քաննի մօտակայքը գտնուող «Վիլլա Ռեւ տ’Օր» (Villa Rêve d'Or) կալուածքին մէջ, ուր իր ժամանակը նուիրեց գեղանկարչութեան եւ իր յուշերու գրառման։ Ան գրեց պատերազմի ինքնակենսագրական պատմութիւնը՝ «Համաշխարհային ճգնաժամը»։ Առաջին հատորը հրատարակուեցաւ 1923-ի Ապրիլին, իսկ մնացեալը՝ յաջորդ տասը տարիներու ընթացքին[28]։ 1923-ի համընդհանուր ընտրութիւններու յայտարարութենէն ետք, ազատական (Լիպերալ) եօթը միութիւններ խնդրեցին Չըրչիլէն, որ ըլլայ իրենց թեկնածուն. ան ընտրեց Լեսթըր Ուեսթը, սակայն չյաջողեցաւ յաղթել։

Իշխանութեան գլուխ անցաւ Ռամզէյ ՄաքՏոնալտի գլխաւորած Աշխատաւորական (Լէյպըր) կառավարութիւնը։ Չըրչիլ յոյս ունէր, որ անոնք պիտի պարտուէին Պահպանողական-Ազատական (Քոնսըրվաթիւ-Լիպերալ) դաշինքի մը կողմէ։ Ան խստօրէն դէմ էր ՄաքՏոնալտի կառավարութեան՝ Խորհրդային Ռուսաստանին վարկ տալու որոշումին եւ կը վախնար Անգլօ-Խորհրդային պայմանագիրի մը ստորագրութենէն։

1924-ի Մարտին, հիասթափուած Ազատականներու կողմէ Աշխատաւորականներուն ցուցաբերած աջակցութենէն, Չըրչիլ Վեսթմինսթըր Էպպիի (Westminster Abbey) լրացուցիչ ընտրութիւններուն մասնակցեցաւ իբրեւ անկախ հակասոցիալիստ թեկնածու, բայց պարտութիւն կրեց։ Մայիսին, Լիվըրփուլի մէջ Պահպանողականներու հաւաքի մը ընթացքին, ան յայտարարեց, որ քաղաքականութեան մէջ այլեւս տեղ չկայ Ազատական կուսակցութեան համար։ Ան ըսաւ, որ Ազատականները պէտք է սատարեն Պահպանողականներուն՝ կանգնեցնելու համար Աշխատաւորականները եւ ապահովելու «սոցիալիզմի վերջնական պարտութիւնը»։ Յուլիսին, ան համաձայնութեան եկաւ Պահպանողականներու առաջնորդ Սթենլի Պոլտուինի հետ, որպէսզի յաջորդ համընդհանուր ընտրութիւններուն (որոնք տեղի ունեցան Հոկտեմբեր 29-ին) առաջադրուի իբրեւ Պահպանողական թեկնածու։ Չըրչիլ ընտրութեան դրուեցաւ Էփինկի մէջ, սակայն ինքզինք որակեց իբրեւ «Սահմանադրական»։ Պահպանողականները յաղթեցին, եւ Պոլտուին կազմեց նոր կառավարութիւնը։ Թէեւ Չըրչիլ ելեւմտական կամ տնտեսագիտական փորձառութիւն չունէր, Պոլտուին զայն նշանակեց Ելեւմուտքի նախարար[29]։

Համաշխարհային Առաջին Պատերազմ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1914 թուականին Յուլիս 28-ին՝ Սերպիան Աւստրիա-Հունգարիոյ պատերազմ յայտարարելու օրը Չըրչիլը հրամայեց նաւատորմին ընդունիլ մարտական դիրք, իսկ Օգոստոս 3-ին Մեծ Բրիտանիան պաշտօնապէս մտաւ Առաջին համաշխարհային պատերազմին մէջ։

Հոկտեմբեր 5-ին Չըրչիլը ժամանեց Անթուէրփըն՝ անձամբ քաղաքի պաշտպանութիւնը գլխաւորելու համար: Հոկտեմբեր 10-ին գերմանացիները զայն գրաւեցին, զոհուեցաւ 2500 զինուոր։ Չնայած չափազանց մեծ մարդկային եւ նիւթական կորուստներուն, շատեր կը նշէին, որ Անթուէրփընի պաշտպանութիւնը նպաստեց, որ դիմանան Գալէ եւ Տիւնքըրք քաղաքները։

Պատերազմի ընթացքին Չըրչիլը ունեցաւ իր մասնակցութիւնը՝ առաջին տանկերը մշակելու եւ տանկային զօրքեր ստեղծելու գործին մէջ։

1915 թուականին ան դարձաւ Տարտանելի գործողութեան նախաձեռնողներէն մէկը, որ աւարտեցաւ դաշնակից զօրքերու պարտութեամբ եւ առաջացուց կառավարական ճգնաժամ։ Ձախողման պատասխանատուութիւնը Չըրչիլը զգալի չափով վերցուց իր վրայ եւ հրաժարեցաւ Ծովակալութեան առաջին լորտի պաշտօնէն։

Նոյեմբեր 15-ին մեկնեցաւ Արեւմտեան ճակատ եւ գնդապետի կոչումով գլխաւորեց Ակոտլանաթայի թագաւորական ֆուսիլիերներու 6-րդ վաշտը։ 1917 թուականին նշանակուեցաւ սպառազինութիւններու նախարար, իսկ 1919 թուականին Յունուարին՝ ռազմական եւ ավիացիայի նախարար։ Այդ ատեն ան նախաձեռնեց «Տասը տարուայ ծրագիր» (Ten Year Rule) տոկթրինը, ըստ որու ռազմական ծախսերը պէտք է նախատեսուէին ելլելով այն դրոյթէն, որ Անգլիան պատերազմէն յետոյ տասը տարիներու ընթացքին պիտի չներքաշուի խոշոր հակամարտութիւններու մէջ։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1 2 3 4 Bibliothèque nationale de France data.bnf.fr: open data platform — 2011.
  2. 1 2 3 4 Winston Leonard Spencer (Lord) Churchill
  3. 1 2 3 4 Nationalencyklopedin — 1999.
  4. 1 2 http://www.britishpathe.com/video/winston-85-not-out/query/clementine
  5. 1 2 http://www.express.co.uk/news/history/554733/Sir-Winston-Churchill-State-Funeral-50-Anniversary-Wartime-Prime-Minister
  6. http://www.nytimes.com/learning/general/onthisday/big/0114.html
  7. 1 2 3 4 5 6 7 Գերմանիայի ազգային գրադարանի կատալոգ
  8. 1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 Hansard 1803–2005
  9. https://www.thegazette.co.uk/London/issue/28129/data.pdf — 1908. — թող. 28129. — է. 2936.
  10. https://www.thegazette.co.uk/London/issue/35326/data.pdf — 1941. — թող. 35326. — է. 6247.
  11. https://www.thegazette.co.uk/London/issue/43813/data.pdf — 1965. — թող. 43813. — է. 10527.
  12. https://www.thegazette.co.uk/London/issue/34777/data.pdf — 1940. — թող. 34777. — է. 459.
  13. Winston Churchill | American Academy of Arts and Sciences
  14. 1 2 3 4 5 6 7 8 Kindred Britain
  15. 1 2 3 4 5 Lundy D. R. The Peerage
  16. Sir Winston S. Churchill։ «The Story Of The Malakand Field Force – An Episode of Frontier War»։ arthursclassicnovels.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 14 July 2007-ին։ արտագրուած է՝ 17 March 2007
  17. 1 2 3 4 5 6 7 R. Holmes, In the Footsteps of Churchill.' The Bubble Reputation 1895—1901. Basic Books, NY, 2005, ISBN 0-465-03082-3
  18. R. Churchill, Winston S. Churchill, Volume I
  19. Lt Churchill: 4th Queen's Own Hussars, The Churchill Centre. Retrieved 28 August 2009.
  20. «FinestHour» (PDF)։ Journal of the Churchill Center and Societies, Summer 2005։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 3 July 2010-ին։ արտագրուած է՝ 28 August 2009
  21. «Ian Hamilton's March»։ The Graphic։ 10 November 1900։ արտագրուած է՝ 8 March 2016 via British Newspaper Archive։ (subscription required (help))
  22. Jenkins, pp. 45–50
  23. Gilbert Martin (2001)։ Churchill: A Study in Greatness (one volume edition)։ London: Pimlico։ ISBN 978-0-7126-6725-8
  24. Jenkins, p. 69
  25. Н. Роуз, Черчилль. Бурная жизнь. пер. Е. Ф. Левиной, М. «Издательство Аст», 2004, ISBN 5-17-014478-4
  26. «Churchill's Commissions and Military Attachments, The Churchill Centre»։ Winstonchurchill.org։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 3 June 2010-ին։ արտագրուած է՝ 12 April 2010
  27. 1 2 «Sir Winston Churchill: Biography: Chronological Summary, Churchill College»։ Chu.cam.ac.uk։ 6 March 2009։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 12 September 2008-ին։ արտագրուած է՝ 9 August 2009
  28. Gilbert 1991, p. 456.
  29. Rhodes James 1970, pp. 155, 158; Gilbert 1991, p. 465.