Ուղղանկիւն կրիայ
| Ուիքիփետիայի՝ ազատ հանրագիտարանի կողմէն Ուշադրութի՛ւն, այս յօդուածը աղբիւրներու կարիք ունի։ |

Կրիաներ (լատիներէն՝ Testudines), սողուններու խումբին պատկանող զրահաւոր՝ ցամաքային եւ ջրային կենդանիներ։ Տարածուած են գրեթէ երկրագունդի բոլոր տարածաշրջաններուն մէջ։ Յայտնի է, որ կրիաները գոյութիւն ունեցած են 220 միլիոն տարի առաջ եւ կը հանդիսանան սողուններու դասի ամէնահին խումբը, աւելի հին, քան մողէզներու, օձերու կամ կոկորդիլոսներու խումբերը։
Ուղղանկիւն կրիայ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ուղղանկիւն կրիան անապատային է։ Այս տեսակի կրիաները կը բնակին հարաւային եւ հարաւ-արեւելեան Ասիոյ մէջ։ Այժմ ենթակուած են ոչնչացման վտանգին։
Նկարագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Այս տեսակի կրիաներուն զրահը ցած է, հասակի բարձրութեան 2 անգամը, գոյնը դեղին է՝ կանաչի զարնող, իսկ վրան կան սեւ կէտեր։ Կրիային պոչը կը վերջանայ փուշով, որ կը նմանի եղունգի։ Սովորական աճած կրիաներու հասակը 30 ս.մ. է, իսկ կշիռը՝ 3.5 ք.կ.։ Յաճախ իգական կրիաներուն զրահը աւելի լայն ու աւելի կլոր է (նաեւ ոտքի եղունգները աւելի երկար), քան արականներունը։
Տարածումն ու միջավայրը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ուղղանկիւն կրիան կ'ապրի հարաւային եւ հարաւ-արեւելեան Ասիոյ մէջ՝ Հնդկաստան, Նեփալ, Պանկլատեշ, Միանմար, Լաոս, Վիեթնամ, Թայլանտ եւ Չինաստանի հարաւը։