Ոստան (հանդէս)
Ոստան | |
---|---|
Տեսակ | պարբերագիր |
Լեզու | հայերէն |
Հիմնադրուած է | 1911 |
Հրատարակման վայր | Կոստանդնուպոլիս |
«Ոստան», գրականութեան, արուեստի եւ գիտութեան եռամսեայ, վերջը՝ կիսամսեայ պարբերագիր։ Լոյս տեսած է 1911[1]-1912, 1919-1922 թուականներուն, Կոստանդնուպոլիս։ Հիմնադիր-խմբագիրներ՝ Միքայիլ Շամտանճեան, Տիգրան Չէօկուրեան։
Տպագրած է Երուխանի, Զապէլ Եսայեանի, Երուանդ Օտեանի, Յակոբ Մնձուրիի, Յակոբ Օշականի եւ ուրիշներու գործերը, թարգմանաբար ներկայացուցած է օտար հեղինակներ։
Լեզուաբանական, հոգեբանական, պատմագիտական յօդուածներու հեղինակներ են Հրաչեայ Աճառեանը, Յակոբ Սիրունին, Եղիա Տէմիրճիպաշեանը եւ ուրիշնել։
«Տեղեկութեանց բաժին»ը ծանօթացուցած է հայ եւ համաշխարհային գրականութեան ընթացքը։ Գրախօսականներ տպագրած է հայ գրողներու եւ բանասէրներու ստեղծագործութիւններուն վերաբերեալ։
Ներկայացուցած է հայ ժողովրդական երգն ու հայ գաղթավայրերու մշակութային կեանքը, արուեստի հայ երախտաւորներուն։