Տիգրան Չէօկիւրեան

Տիգրան Չէօկիւրեան
Dikran Chökürian.jpg
Ծնած է 1884[1][2]
Ծննդավայր Գյումուշխանե, Տրապիզոնի վիլայեթ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 1915[1][2]
Մահուան վայր Այաշ, Անգարայի Վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Քաղաքացիութիւն Flag of the Ottoman Empire (1844–1922).svg Օսմանեան Կայսրութիւն
Ուսումնավայր Պէրպէրեան Վարժարան
Տեսակ արձակ
Մասնագիտութիւն գրագէտ, հասարակական գործիչ, ուսուցիչ
Աշխատավայր Ոստան

Տիգրան Չէօկիւրեան (1884[1][2], Գյումուշխանե, Տրապիզոնի վիլայեթ, Օսմանեան Կայսրութիւն - 1915[1][2], Այաշ, Անգարայի Վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն, Մեծ Եղեռնի գոհ), գրող եւ հասարակական գործիչ։

Ծնած է Կիւմիւշխանէ, արեւմտեան Անատոլիոյ մէջ։ Մանկութիւնը անցուցած է Տրապիզոն, ուր ծնողները կը զոհուին 1896-ի ջարդերուն, քանի մը տարի կը մնայ որբանոց. նախ գաւառները, ապա Պոլիս։ Կը յաճախէ ու կ՛աւարտէ Պէրպէրեան վարժարանը, հոն եւ Սկիւտարի ճեմարանին մէջ դառնալով ուսուցիչ։

Մամուլի մէջ կը հրատարակէ գրական-վերլուծական յօդուածներ, նաեւ պատմուածքներ։ Կը կատարէ թարգմանութիւններ եւրոպական գրականութենէն՝ Կի տը Մօփասան, Լէոնիտ Անտրէեւ եւ այլն։ Կը ճամբորդէ Ֆրանսա եւ Իտալիա։

Կ՛ունենայ գրական-հրապարակագրական գործունէութիւն։ 1911-1912-ին կը խմբագրէ «Ոստան» եռամսեայ պարբերաթերթը՝ Միքայէլ Շամտանճեանի հետ։ Կը հրաստարակէ «Վանքը» վէպ1914-ին։

Կը ձերբակալուի եւ կը նահատակուի 1915-ին։

Երկեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]