Շանթ (հանդէս)

Շանթ
Chanth
Տեսակ հանդէս
Լեզու արեւմտահայերէն
Հիմնադրուած է 15 Յունիս 1911
Երկիր  Օսմանեան Կայսրութիւն
Հրատարակման վայր Կոստանդնուպոլիս

«Շանթ», գրական գեղարուեստական կիսամսեայ, ապա՝ շաբաթական հանդէս։ Լոյս տեսած է 1911-1912 թուականներուն, 1918-1919 թուականներուն, Կ․ Պոլիս։

Անդրադարձած է ժամանակի գրական կեանքին, տպագրած՝ Դանիէլ Վարուժանի, Վահան Թէքէեանի, Ռուբէն Սեւակի, Երուանդ Օտեան, Ենովք Արմէնի, Յարութիւն Ալփիարի, Յակոբ Սիրունիի, Երուխանի եւ ուրիշներու գեղարուեստական ստեղծագործութիւններն ու գրականագիտական աշխատանքները։

արժէքաւոր են Շանթի մէջ տեղ գտած Արսէն Ղազիկեանի լեզուաբանութեան վերաբերեալ յօդուածները։

Հանդէսը ներկայացուցած է նաեւ համաշխարհային գրականութեան դասականները, թարգմանաբար ծանօթացուցած է անոնց գործերը։

Հրատարակած է նիւթեր ճարտարապետութեան, երաժշտութեան, գեղանկարչութեան վերաբերեալ։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։