Jump to content

Յարութիւն Ալփիար

Յարութիւն Ալփիար
Նաեւ յայտնի է իբրեւ Ռատամես եւ Քրիզանթեմ
Ծնած է 12 Յուլիս 1864(1864-07-12)[1]
Ծննդավայր Իզմիր, Այտընի Կուսակալութիւն, Օսմանեան Կայսրութիւն[2]
Մահացած է 5 Ապրիլ 1919(1919-04-05)[1] (54 տարեկանին)
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
Ուսումնավայր Արամեան Ունճեան Վարժարան[2]
Նուպար-Շահնազարեան վարժարան[2]
Մասնագիտութիւն լրագրող, երգիծաբան
Աշխատավայր Արեւելեան մամուլ[2]
Մասիս[2]
Ժամանակ[2]
Ստորագրութիւն

Յարութիւն Ալփիար (12 Յուլիս 1864(1864-07-12)[1], Իզմիր, Այտընի Կուսակալութիւն, Օսմանեան Կայսրութիւն[2] - 5 Ապրիլ 1919(1919-04-05)[1]), հայ երգիծաբան, լրագրող եւ արձակագիր։

Կեանք եւ գործունէութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Իզմիր: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Պոլսոյ Արամեան եւ ապա Շահնազարեան վարժարաններուն մէջ:

Ուսումը աւարտելէ ետք որոշ ժամանակ ապրած է Իտալիոյ, Ֆրանսայի, Անգլիոյ եւ Եգիպտոսի մէջ: Եգիպտոս գտնուած միջոցին՝ 1896-1898 եւ 1901-1902 տարիներուն հրատարակած է «Փարոս» թերթը:

Աշխատակցած թերթեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ալփիար երիտասարդ տարիքէն սկսած է արձակ գրութիւններով աշխատակցիլ զանազան թերթերու. ինչպէս՝

Ան եղած է նաեւ «ԺԱՄԱՆԱԿ»ի աշխատակից եւ զանազան գրութիւններով իր մասնակցութիւնը բերած թերթի հրատարակութեան:

Ալփիար որոշ ժամանակ աշխատակցած է նաեւ թրքերէն «Քալեմ» երգիծական թերթին, ուր հրատարակած է ֆրանսերէն լեզուով երգիծական գրութիւններ: Որոշ ժամանակ եղած է Պոլսոյ Պատրիարքարանի քարտուղար:

Ալփիար իր գրութիւններով կազմած է ժողովածուներ. ինչպէս՝

  • «Ֆանթազիօ»,
  • «Քմայքի ծաղիկներ»,
  • «Որքան տեւելու է»,
  • «Առաջին անգամ: Ֆանթէզի նորավէպ» աշխատութիւնները:

Յովհաննէս Ալփիարի կողքին ան իր գրութիւնները յաճախ ստորագրած է նաեւ Ռատամես եւ Քրիզանթեմ գրչանուններով[3]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։