Jump to content

Նունէ Սարգսեան

Նունէ Սարգսեան
 
Կրթութիւն՝ ԵՊՀ ռոմանագերմանական բանասիրության ֆակուլտետ‎?
Գոլդսմիթի համալսարան?
Երեւանի Պետական Համալսարան
Մասնագիտութիւն՝ բանասէր, մանկագիր, քաղաքական գործիչ
Ծննդեան օր 26 Մարտ 1954(1954-03-26) (70 տարեկան)
Ծննդավայր Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն
Քաղաքացիութիւն  Խորհրդային Միութիւն
 Հայաստան
Ամուսին Արմէն Սարգիսեան
 
Կայք՝ nounehsarkissian.com
 
Պարգեւներ

Ասպետական մեծ խաչի շքանշան. «Իտալիոյ Հանրապետութեան ունեցած վաստակին համար»

Նունէ Սարգսեան (26 Մարտ 1954(1954-03-26), Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն), Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի կինը։ Արուեստաբան, գրող[1]:

Նունէ Սարգսեանը ծնած է 26 Մարտ 1954-ին, Երեւան։ Աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի ռոմանա-գերմանական լեզուներու բաժինը։ Աշխատած է Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագրերու գիտահետազօտական հիմնարկին՝ Մատենադարանին մէջ։ Աւարտած է Լոնտոնի համալսարանի Գոլդսմիթս քոլէճը եւ ստացած արուեստի մագիստրոսի կոչում: Արուեստաբանութիւն ուսանած է նաեւ Լոնտոնի Սոթբիզ ինստիտուտին մէջ: Այնուհետեւ ուսանած է Ուեսթմինսթեր քոլէճի նկարչական բաժնին մէջ:

Հեղինակ է ժամանակակից արուեստի, մշակոյթի եւ երաժշտութեան գործիչներու մասին բազմաթիւ յօդուածներու եւ ակնարկներու, որոնք տպագրուած են Հայաստանի, ԱՄՆ-ի, եւրոպական տարբեր երկիրներու մէջ: Կազմակերպած է բազմաթիւ ցուցահանդէսներ, ինչպէս նաեւ դասական երաժշտութեան համերգներ տարբեր համերգասրահներու մէջ:

Հեղինակ է երկու տասնեակէն աւելի մանկական գիրքերու՝ հայերէն, ռուսերէն եւ անգլերէն լեզուներով: Անոր հեքիաթները լոյս տեսած են ո՛չ միայն արեւելահայերէնով ու արեւմտահայերէնով, այլ նաեւ՝ Արցախի, Գաւառի, Գիւմրիի բարբառներով:

Նունէ Սարգսեանը ԵՈՒՆԻՍԷՖ-ի կողմէ նշանակուած է երեխաներու իրաւունքներու արտակարգ պաշտպան:

Ստեղծագործութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Դեռեւս համալսարանական տարիներէն յօդուածներ կը գրէր արուեստի, երաժշտութեան եւ մշակոյթի մասին, ինչպէս նաեւ հեքիաթներ ու պատմութիւններ երեխաներու համար: Իր ստեղծագործութիւններուն մէջ Նունէ Սարգսեանը կ՚արտայայտէ իր անսահման սէրը մանուկներուն հանդէպ: Անոր պատմութիւնները կը «քարոզեն» արդարութիւն, ազնուութիւն եւ բարութիւն, կը գրուին արեւելահայերէնով ու արեւմտահայերէնով, անգլերէնով ու ռուսերէնով, նաեւ՝ բարբառներով եւ որպէս նուէր՝ կը բաժնուին երեխաներուն[1]:

  • Թզուկ-մզուկ
  • Սատափ
  • Հերոսներ
  • Երեք վիշապներ
  • Վիշապ Նեսին
  • Նռան հատիկներ
  • Թագաւորն ու վիշապը
  • Քաչալ ոզնին
  • Թէ ինչպէս փղիկը ճիշդ շնչել սովորեց
  • Կափիղկա
  • Դաւիթ, Հայկ եւ Բազիլիսկուս
  • The Magic Buttons

1978 -ին ամուսնացած է Արմէն Սարգսեանի հետ: Ունի երկու որդի՝ Վարդան եւ Հայկ Սարգսեանները, երեք թոռնիկ[2]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1,0 1,1 Մանկագիր Նունէ Սարգսեան. անգլերէնէն մինչեւ Ղարաբաղի բարբառ
  2. Writer and ambassador’s wife Nouneh Sarkissian on her journey from Soviet Armenia to London

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]