Յովսէփ Վարդանեան
Յովսէփ Վարդանեան | |
---|---|
| |
Ծնած է | 1813 կամ 28 Մարտ 1815 |
Ծննդավայր |
Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն |
Մահացած է | 1879[1] կամ 20 Օգոստոս 1879 |
Մահուան վայր |
Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն |
Քաղաքացիութիւն | Օսմանեան Կայսրութիւն |
Ուսումնավայր | Վիեննայի Մխիթարեան վանք? |
Երկեր/Գլխաւոր գործ | Ագապի? |
Մասնագիտութիւն | լրագրող, թարգմանիչ, գրագէտ, պատմաբան, Խմբագիր |
Աշխատավայր | Օսմանյան նավատորմ? |
Յովսէփ Վարդանեան (1813 կամ 28 Մարտ 1815, Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 1879[1] կամ 20 Օգոստոս 1879, Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն), հայ գրող, պատմաբան, խմբագիր։
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Յովսէփ Վարդանեան հռչակաւոր գիտնական եւ քաղաքագէտ, ծնած է 1815-ին Պոլսոյ մէջ։ Իր նախնական կրթութիւնը ստացած է Մայր-Վարժարանի մէջ, ապա Վիեննայի Մխիթարեան Միաբանութեան մէջ, ուր վառվռուն ու համակրելի բնաւորութեամբ սիրելի կը դառնայ։ Իր սուր հանճարովը, քիչ ժամանակի մէջ՝ մեծ յաջողութեամբ, ուսումը կ՛աւարտէ եւ Պոլիս կը վերադառնայ, ուր 1836-ին խասգիւղի Ներսէսեան վարժարանին եւ միեւնոյն ժամանակ Տատեան Յովհաննէս պէյի տունը ուսուցչի պաշտօն կը վարէ։ Այս միջոցին իր գիտցած լեզուները կը կատարելագործէ։
Պաշտօններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1837-ին երբ հազիւ 22 տարեկան, թարգման կ՝ ըլլայ Արքունի Նաւարանը, ուր հետզհետէ մինչեւ Ծովային Ա. Թարգմանի (Պահրիյէ պաշ-Թէրճիմանը) եւ փաշայութեան աւագ աստիճանին կը բարձրանայ եւ կը վարձատրուի Ուլայի Բ. Աստիճանով եւ պատուանշաններով։
Զինուորական աստիճաններու մէջ 25 տարի յաջողութեամբ պաշտօնավարելէ վերջ 1860-ին քաղաքական պաշտօններու մէջ կը մտնէ, ուր իրեն «Պէյ» տիտղոսը կը տրուի եւ զանազան պաշտօնարաններու մէջ խորհրդական ու անդամ կ՛ընտրուիւ։ Իր այս վերջին շրջանին մէջ կը պատրաստէ բազմաթիւ ծրագիրներ եւ կանոնագրութիւններ։ Իր բազմազան զբաղումներուն մէջ չի մոռնար գրականութիւնը։ 17 տարի անընդհատ կը հրատարակէ Մեճմուայի Հաւասիս հայատառ թրքաբարբառ լրագիրը, որուն դադարումէն ետք աշխատակցած է Փանոսեանի Մանզումէի Էֆֆեարին եւ խմբագրապետը եղած Թէրճիմանը էֆֆեարին՝ մինչեւ իր մահուան թուականը։
Ստեղծագործական կեանք
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Վարդան փաշա աւելի շատ Թուրքերէն գրած է քան հայերէն։ Մէճմուայի Հավասիսի մէջ ունի բազմաթիւ վիճաբանական յօդուածներ եւ ժամանակին յուզուած բոլոր կարեւոր խնդիրներու մէջ իր ձայնը ունեցած է։ Իբր հրապարակագիր մեծ անուն մը ձգած է։ Իր Թուրքերէն հայատառ հրատարակութեանց մէջ յիշատակելի է 1852-ին տպագրած մէկ տետրակը «Պօշպողազ պիր ատամ», ուր առաջին անգամ երգիծական ճիւղը մշակած է եւ ծաղրանկարներ նկարած. նոյնպէս գրած եւ հրատարակած է 1852-ին «Ագապի հիքայէսի» որ հայկական կեանքէ առնուած վէպ մըն է։ Աւելի ետք հրատարակած է Նաբոլէոն Ա.-ի կենսագրութիւնը (6 հատոր 1856):
Աշխարհաբար հրատարակութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Աշխարհաբար հրատարակութիւններէն յիշենք 1857-ին հրատարակած «Ելեկտրական հեռագիր» անուն թարգմանութիւնը. այս հրատարակութիւնը հեռագիրի մասին խօսող միակ Հայ գիրքն է. երկրորդը «Սահմանադրական ճշմարտութիւններ» անուն՝ ժամանակից ազգային կեանքի վրայ գրուած մըն է։ Իր աշխարհաբարը պարզ ու կոկիկ է. Վարդան փաշտ մեր ամէնէն զարգացած միտքերէն մէկը եղած է, իր քաղաքական յօդուածներով դիւանգիտական հմութեան ապացոյցը կու տայ. ընկերական եւ տնտեսական խնդիրներու մասին եւս ունի կարեւոր գրութիւններ՝ իր խմբագրած Թերթերուն մէջ։ Իր յօդուածները ժողովրդական դիւրհասկնալի լեզուով մը խմբագրուած՝ մեծ ընդունելութիւն գտած են հասարակութենէն։
Մեռած է 1879 Մարտ 28-ին։ «Մասիս» իր մահուան առթիւ հետեւեալ տողերով կը վերջացնէր իր խմբագրականը. «Յովսէփ Վարդան Պէյ այն նշանաւոր անձերէն մէկն է որոնց տեղը բաց կը մնայ, հետեւաբար իր մահը անդարմանելի կորուստ մըն է Օսմանեան Խմբագրութեան համար, որոնց մէջ առաջին տեղը գրաւած էր»։
Երկեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Ագապիի պատմութիւնը, Երեւան, 1953, 264 էջ:
- Ագապիի պատմութիւնը, Պէյրութ, 1954, 212 էջ:
- Ագապի, Երեւան, 1979, 207 էջ:
- ↑ 1,0 1,1 1,2 Bibliothèque nationale de France data.bnf.fr: open data platform — 2011.