Յովհաննէս Քհնյ. Նաճարեան
Յովհաննէս Քհնյ. Նաճարեան | |
---|---|
Ծնած է | 1880 |
Ծննդավայր | Տէօրթեոլ |
Մահացած է | 1936 |
Կրօնք | քրիստոնէութիւն |
Ամուսին | Նոյեմզար |
Ծնողներ | հաճի Փանոս |
Տ. Յովհաննէս Քհնյ. ՆաՃարեան(1880 - 1936), Աւազանի անունով՝ Կարապետ, ծնած է տէօրթեոլցի ծնողքէ, Տէօրթ-Եօլի մէջ, ըստ քահանայից արխիւնեւրուն՝ 1880-ին եւ րստ «Հասկ» ամսապրին՝ 1884-ին։ Ան եւրկրորդ զաւակն է Հաճի Փանոս Նաճարեւանի, որ շինողն է Տէօրթ-Եօլի Ս. Մինաս Եկեւղեցւոյ։
Նախակրթութիւնը ստացած է Տէօրթ-֊եօլի ազգային վարժարանին մէջ, ուր սորված է հայերէն, թրքերէն լեղուներ, թուաբանութիւն, աշխարհագրութիւն ու եկեղեցական երգեցողութիւն։
Ան փոքր տարիքին կորսնցուցած է ծնողքը եւ ապրած որբութեամբ։ Հարկադրուած ընդհատած է ուսումը եւ մտած ազատ ասպարէզ։ Աշխատած է նպարավաճաոի մը քով ու տարիներու ընթացքին իր մէջ զարգացուցած է աոեւտրական գիծր։ Երխնայողութեամբ ձեոնարկած է անձնական գործի։ Աոեւտրական իր ընդունակութիւնն ու փորձառութիւնը զինք առաջնորդած են աւեւլի մեծ տարողութեամբ աշխատանքներու։ Նիւթական յաջողութիւններ արձանագրած է, տնտեսապէս զօրացած՝ ժամանակ մր ետք ունեցած է սեփական տուն, կալուած եւ խանութ։
Հազիւ քսան եւ հինգ տարիքը բոլորած պատրաստուած է ամուսնութեան։ Ընտրած է իր կեանքի ընկերր՝ հայրենակից Մանուկ Պալեանի դուստրը՝ Նոյեմզարր, որուն հետ պսակուած է Տէօրթ–Եօլի մէջ, 1905-ին եււ ունեցած՝ երեք մանչ եււ աղջիկ մր։
Ա. Աշխարհամարտին իր ընտանիքը տարագրութենէ ազատելու նպատակով ան զինուորագրուած է թրքական բանակին, քարտուղարութեան պաշտօն վարելով հազարապետի մը քով։
Երբ իմացած է Տէօրթ-Եօլի հայերուն ու իր ընտանիքին տարագրութեան լուրը, փրկագին վճարած ու աղատած է թրքական բանակի ծառայութենէն։
Ապա, Տէօբթ-Եօլի տարագիբներուն հետ, ան ընտանեօք գաղթած է Հալէպ, ուր երեք ամիս մնալէ ետք, հայասէր չէրքէզ մեծահարուստի մը օզնութեամբ, ինք ու 55 հայ տարագիր ընտանիքնեը պատսպարուած են անոր ագարակին մէջ աւելի քան երկու տարիներ։ Ապահովութեան համար պատահած է, որ օրերով տան մէջ արգե֊լափակուած մնան։ Այստեզ կեգութեան ընթացքին, իրենց նիւթական խնայողութիւնը վերջազած՝ սկսած է չքաւոըութիւնը։ Պատահած է, որ օրերով անօթի պաոկած են։
Սակայն այդ անօթութեան մէջ, Կարապետին ու ընտանիքին միակ մխիթարութիւնը եղած է Աստուածաշունչը։ Աղօթքով ու Աւետարանի րնթեըգա մներով ղօրաըուըած են իըենը հաւատքը, յոյսը եւ հոգին։ Այդ վիճակին մէջ, օը մը տան դուռը կը թակուի։ Անծանօթ մաըգ մը կ'աւետէ իրեն, թէ Ճսրր-Շղուր քաղաքին մէջ գրել գիտցող պաշտօնեաներու պահանջք կայ։ Անհաւատալի, բայց իրաւ։
Կարապետ հասկնալէ ետք մանրամասնութիւնը, ընտանեօք տեղափոխուած է Ճսըը-Շղուր, որ կր գտնուի Քեսապի եւ Անտիոքի միջեւ, եւ իրրեւ պաշտօնեայ ընդունուած ու իր աշխատանքի վաստակով ապահոված է տան ապրուստը։ Իր պարկեշտ ընթացքին համար, կարճ ժամանակ մր վերջ, իրեն վստահուած է նաեւ երկրորդ պաշտօն մը գրասենեակէն ներս։
Իսկ 1918-ի զինադադարին, ան տեղափոխուած է Տէօրթ-եօլ եւ տեղւոյն դատական գրասենեակին մէջ պաշտօնեայ նշանակուած։ Իր հանգամանքը օգտագործելով մեծ ծաոայութիւններ մատուրած 4 եկեղեցւոյ, ազգին ու իր հայրենակիցներուն եւ մօտէն հետաքրքրուած՝ իր տարագիր ժողովուրդի կեւանքով։
Երուսաղէմի Պատրիարքը՝ Տ. եղիշէ Արբ. Դուրեանի հրամանով իրեն առաջարկուած է քահանայ ձեոնադրուիլ։ Սիրով ենթարկուած է Պատրիարքի հրամանին ու պատրաստուած՝ եկեղեւցւոյ ծառայութեան։
Իր քահանայական ձեռնադրութիւնր տեղի ունեցած է ձեւռամբ Տ. Մատթէոս եպս. Գայրքճեանի, Երուսաղէմի Ա. Հրեշտակապետ Եկեդեցւոյ մէջ, 1925 Օգոստոսին, վերակոչուելով Տէր Յովհաննէս։
Քառասնօրեայ շրջանը լրանալէ ետք, Պատրիաըըի տնօրինութեամբ Տ. Յովհաննէս հոգեւոր հովիւ նշանակուած է Անդրյորդանանի փոքրաթիւ հայ դադութին։ Երկու տարի այստեղ քահանայագործելէ ետք, գաղութին թիւր աւելի կր նօսրանայ եւ ընտանիըին ապրուստր ապահովելը կը դառնայ անկարելի։ Իր դժուարութիւննեըը տեղեկագրելով Պատրիարքին, խնդըած է ըաըւոք լուծում մը։ Պատրիարքի տնօրինութեամբ Տ. Յովհաննէս տեղափոխուած է Երուսաղէմի Ս. Յակոբ վանքը, ուր վեց ամիս վայելած է Պատրիարքին հոգածութիւնը։ Այդ ժամանակամիջոցին քահանայագործութեան նոր հրաւէրներ ստացած է Ալեքսանտրէթի եւ Պէյրութի համար։
Պատրիարքի բարեհաճ հաւանութեամբ, ան այս անդամ քահանայական նոը պաշտօնով տեդափոխուած է Ալեքսանտըէթ եւ քահանայագործած՝ տեղւոյն հայ դադութին մէջ, դոըծակից ունենալով Տ. Գրիգորը Ա. քհնյ. Մինասեանն ու Տ. Յովհաննէս քհն. Թումանեանը։
Տ. Յովհաննէս Ւսկէնտէրունի մէջ քահանայագործած է մինչեւ 1932։ Երէցկինր հիւանդացած է ու բուժումի համար ղրկուած է Դամասկոս։ Բժիշկներու որոշումով անոր արգիլուած է Իսկէնտէրուն վերադաոնալ։ Տէր Հայրը այս պարագային նամակով բացատրած է Բերիոյ Թեմի Կրօնական ժողովին եւ խնդրած տեղափոխուելու արտօնութիւն։ Ւսկէնտէրունի Աոաջնորդական Փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա.քհնյ, Մինասեան երբ շեշտած է Տէր Հօր փոխադրութեան անհրաժեշտութիւնր, Կրօնական Ժողովր արդարացի գտնելով ընթացքը տուած է Տէր Յովհաննէսին։
1932-ին ան վերջնականապէս հաստատուած է Դամասկոս երկցկնոջ հիւանդութեան պատճաոով։ Հոգեւոր հովիւ նշանակուած 4 Ս. Սարդիս էկեդեցւոյ ու այցելու՝ շրջաններուն՝ Սուէյտայի, Գունէթրայի ու Տարաայի հայ համայնքներուն։ 1934-ին երէցկինը կր մահանայ։
Տէր Յովհաննէս հիւանդացած է ու տաոապած՝ օձախտէ (Տր)^Տ1 թշ1շ)*։ Ան երկու շաբաթ անկոդնոյ ծառայելէ ետք, վախճանած է Շաբաթ առաւօտեան ժամը 5-ին, 14 Մարտ 1936-ին, Դամասկոսի մէջ։
Հետեւեալ Կիրակի օր, Ս, Սարդիս եկեղեցւոյ մէջ թաղման ու վերջին օծման արարողութիւնր տեղի ունեցած է, ձեռամբ Տ.Եփրեմ Եպիսկոպոսին եւ մեծ բազմութեան մր ներկայութեամբ։
Ապա, մարմինը ամփոփուած է տեղւոյն Ազգ. Գերեզմանատունր, ուր դամրանական խօսած են տեարք Յակոր Վասիլեան ու Միհրան Տ. Ստեփանեան։
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Յուսիկ Ա. քնյ. Սեդրակեան, Վարք Քահանայից Բերիոյ թեմի, հ. Ա, Հալէպ, էջ 384։