Սուէյտա
Սուէյտա, Սուրիական արաբական հանրապետութեան քաղաքներէն մէկն է, զոր կը գտնուի Դամասկոսի հարաւային բաժինը շուրջ 100 ք.մ. հեռաւորութեամբ: Սուէյտայի աշխարհագրական դիրքին պատճառաւ, արաբերէն լեզուով կոչուած է նաեւ «Ճապալ ալ Արապ», որ կը նշանակէ «Արաբներու Լեռը», ուր կը գտնուի լեռնային հրաբխային շրջանի մը մէջ:
Այնտեղ կը գտնուին բազմաթիւ հռոմէական հնադարեան հնագիտութիւններ, որոնց մեծամասնութիւնը կը պատկանի առաջին քարէ դարին: Այս մէկուն կը վկայէ այնտեղ գտնուող քարանձաւներն ու վայրերը, որոնց մէջ հաստատուած են հին մարդիկ:
Սուէյտա հարուստ է հռոմէական, Բիւզանդական եւ այլ հնագիտական վայրերով: Հնագիտական յուշարձանները ընդհանրացած են քաղաքին բոլոր ծայրամասերուն մէջ, ինչպէս աղօթավայրերը, պալատները, եկեղեցիները, դատրոնները, ռոմանական բաղնիքները, յունական եւ հռոմէական ջրամբարները, կամուրջներն ու բնակարանները, որոնք կը գտնուին Սուէյտայի իւրաքանչիւր քաղաքի եւ գիւղի մէջ:
Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Անպաթներու ժամանակաշրջանին, Սուէյտան կը կոչուէր «Սաուտա», զոր արաբերէն լեզուով կը նշանակէ սեւ, որովհետեւ այնպիսի քաղաք մըն էր, որ կառուցուցած էր հրաբխային սեւ քարերով: Յոյները զայն կոչած էին «Սուատա», իսկ հռոմէացիներուն ժամանակաշրջանին Սուէտան կը կոչուէր «Մաքսիմիանոփոլիս», որ կը նշանակէ «Մաքսիմեան գիւղաքաղաք»[1]:
Սուրիական Մեծ Յեղափոխութիւնը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Սուէյտայի պատմութիւնը յաղթանակներով լի է, ուր 1925 թուականին, Սուլթան Պաշա ալ Աթրաշի նախագահութեամբ սկիզբ առաւ սուրիական մեծ յեղափոխութիւնը: Անոր կարեւորագոյն պատերազմներէն յիշենք «Ալ Մազրաա» եւ «Ալ Քըֆըր»՝ որոնց միջոցաւ ֆրանսացի թշնամին տապալեցաւ եւ դուրս եկաւ սուրիական տարածքներէն:
Հնագիտական Երեւոյթներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Հնագիտական յատկութիւնները, զոր կը պատկանին հռոմէական, յունական եւ այլ բազմազան քաղաքակրթութիւններուն, ինչպէս նաեւ քաղաքին լեռնային դիրքը զայն զբօսաշրջային վայր մը դարձուցած է:
Տնտեսութիւնն Ու Գիւղատնտեսութիւնը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Սուէյտայի տնտեսութիւնը հիմնականապէս գիւղատնտեսութեան վրայ հիմնուած է, ուր նշանաւոր է իր պտղաբեր ծառերով ու հունձքերով, ինչպէս խնձոր, տանձ, նուշ եւ իր նշանաւոր խաղողով, զոր կ՛արտածէր դէպի զանազան շրջաններ:
Սուէյտա հնագիտական եւ պատմական վայրերով լի քաղաք մըն է, ուր իւրաքանչիւր շրջանի մէջ կը հանդիպինք հռոմէական, յունական, նապաթական եւ այլ քաղաքակրթութիւններու ազդեցութիւններուն:
Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
- ↑ المدينة مدينة السويداء (արաբ.)