Jump to content

Յովհաննէս Ոսկերիչեան

Յովհաննէս Ոսկերիչեան
Ծնած է 6 Մայիս 1928(1928-05-06)
Ծննդավայր Գահիրէ, Եգիպտոս
Մահացած է 23 Յունուար 2021(2021-01-23) (92 տարեկանին)
Մահուան վայր Ֆիլատելֆիա, Փենսիլվանիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Քաղաքացիութիւն  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Մասնագիտութիւն դերասան

Յովհաննէս Ոսկերիչեան (6 Մայիս 1928(1928-05-06), Գահիրէ, Եգիպտոս - 23 Յունուար 2021(2021-01-23), Ֆիլատելֆիա, Փենսիլվանիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), հայ դերասան։

Կենսագրական գիծեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Յովհաննէս Ոսկերիչեան ծնած է Գահիրէի մէջ, Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրած Կարապետ եւ Աղաւնի Ոսկերիչեաններու ընտանիքի մէջ։ Հայրը վախճանած է երիտասարդ տարիքին՝ 35 տարեկան Աղաւնիի ուսերուն ձգելով 5 երեխաներու խնամքը (Յակոբ, Յովհաննէս, Խաչօ (երկուորեակներ), Մատլէն եւ Ֆլորա)[1]։

Գործունէութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Փոքր տարքէն բեմի հանդէպ սէր ունեցած է։ Գահիրէի մէջ առաջին բեմուսոյցները եղած են Խաչիկ Սանտալչեանը, Միքայէլ Միքայէլեանը, Արաքսի Օհանեանը։

Առաջին անգամ բեմ բարձրացած է 1940 թուականին, երբ ուսանած է Գահիրէի հոգեւոր դպրոցի մէջ։ Միջին Արեւելքի բազմաթիւ բեմահարթակներու վրայ (Եգիպտոս, Սուրիա, Լիբանան եւ այլն) խաղացած է տարբեր թատերախումբերու ներկայացումներու մէջ՝ «Գիքորը», «Թշուառները», «Շողոքորթն», «Ստուերի մէջ», «Որբուհին», «Ես մարդ էի», «Քարամազով եղբայրները», «Աս էր, թէ ան էր», «Սայաթ-Նովա» եւ այլն։ Մարմնաւորած է 50-է աւելի կերպարներ։

1966 թուականին տեղափոխուած է Ամերիկայի Միացեալ նահանգներ, ուր շարունակած է բեմական գործունէութիւնը։ 1970-ականներուն դարձած է Նիւ Եորքի Համազգային թատերախումբի անդամ՝ Հրանդ Մարգարեանի ղեկավարութեամբ[1]։ Համագործակցած է ԱՄՆ-ի եւ Քանատայի հայկական թատերախումբերու հետ։

Համազգայինի Հայ կրթական եւ մշակութային միութեան թատրոնի հետ 1991 թուականին Երեւանի մէջ, Կիւմրիի եւ Վանաձորի մէջ մասնակցած է Սփիւռքահայ թատրոններու փառատօնին։ Համագործակցած է նաեւ ՀԲԸՄ «Արտաշատ», «Թէքէեան» մշակութային միութեան «Մհեր Մկրտչեան», Նիւ Եորքի «Վլատիմիր Քոչարեան» եւ այլ թատերախումբերու հետ՝ մարմնաւորելով շուրջ հինգ տասնեակի հասնող բեմական կերպարներ։

Խաղացած է «Վարդանանք» (Ղեւոնդ Երեց), «Փառքի վաշխառուները» (Փերլօ), «Սողոմոն Թեհլերեան» (Father Luke), «Աղօթքիս մի խառնուիր» (Մանուկ), «Մորգանի խնամին» (Մենթոեւ), «Ատամնբոյժն արեւելեան» (Մարկոս) եւ այլ ներկայացումներու մէջ։

2015 թուականին Երեւանի մէջ, Կիւմրիի եւ Վանաձորի մէջ մարմնաւորած է Վարդան Կարապետի կերպարը, Նիւ Եորքի «Վլատիմիր Քոչարեան» թատերախմբի «Հոգիս ձեզմով կը խայտայ» ներկայացման մէջ՝ նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան (1915) 100-ամեակին։

Կնոջ՝ բանաստեղծուհի, արձակագիր եւ թարգմանիչ Թերեզ Ճապրաեան-Ոսկերիչեանի[1] հետ զբաղած է նաեւ հրատարակչական գործունէութեամբ։

1978 թուականին Նիւ Եորքի մէջ հիմնադրած են «Ոսկետառ» հրատարակչութիւնը՝ հրատարակելով աւելի քան երկու հարիւր անուն պարբերաթերթեր, տարեցոյցեր, մանկական եւ այլ գրական ստեղծագործութիւններ։

  • ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Ուիլիըմ Սարոյեան» մետալ՝ «Սփիւռքի մէջ 75-ամեայ ստեղծագործական գործունէութեան, հայ մշակոյթի պահպանման ու զարգացման նպաստելու, հայապահպանութեան գործին մէջ ներդրած բացառիկ աւանդի համար»,
  • Հայաստանի թատերական գործիչներու միութեան ոսկէ մետալ։

Բնակած է ԱՄՆ Ֆիլատելֆիա քաղաքը, ուր ալ մահացած է [1]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]