Jump to content

Յարութ Կոստանդեան

Յարութ Կոստանդեան
Ծնած է 3 Յունուար 1909(1909-01-03)
Ծննդավայր Պուշեհր, Իրան
Մահացած է 13 Յունուար 1979(1979-01-13) (70 տարեկանին)
Մահուան վայր Մենֆերատ, Վար
Քաղաքացիութիւն  Իրան
Ազգութիւն Հայ
Մասնագիտութիւն բանաստեղծ, գրագէտ
Աշխատավայր Անահիտ
Մենք

Յարութ Կոստանդեան (3 Յունուար 1909(1909-01-03), Պուշեհր, Իրան - 13 Յունուար 1979(1979-01-13), Մենֆերատ, Վար), հայ գրող։

Ծնած է Պարսկաստան, Նոր Ջուղայեցի ընտանիքի մը մէջ։ Հայերէնը սորված է ընտանեկան յարկի տակ, առաւելաբար մօրմէն։ Ինք դեռ մանուկ` ընտանիքը կը փոխադրուի Հնդկաստան, Պոմպէյ: Հոն կը յաճախէ Պոմպէյի անգլիական բարձրագոյն վարժարանը։ 1926-ին կ՚անցնի Իտալիա եւ Անգլիա, ու տարի մը ետք՝ 1927-ին, կը հաստատուի Ֆրանսա, ուր կ՛ապրի մինչեւ մահ, նախ` Փարիզ, ապա՝ հարաւային Ֆրանսայի լեռնային մէկ գիւղին մէջ։

1927-1979, յիսունէ աւելի տարիներ, սերտօրէն կ'աշխատակցի ֆրանսահայ գրական կեանքին եւ մամլոյ հետ, յատկապէս՝ «Մենք», «Անահիտ», «Անդաստան», «Յառաջ», խիտ եւ ուշագրաւ աշխատակցութիւններով։

Նոյնն է պարագան՝ բանաստեղծութիւններու երկու ժողովածուներուն, որոնք լոյս տեսած են յաջորդաբար1935–ին եւ 1974–ին։ Անոնք կը կրեն կնիքը իր անհատականութեան, միանգամայն ճոխ, զուսպ եւ փիլիսոփայական խառնուածքին։ Այս գիծերը զինք պահած են հայ հաւաքական կեանքի լուսանցքին վրայ, զանգուածին գրեթէ անծանօթ։

  • «Օրերի իմաստութիւնը» (1935)
  • «Բանաստեծութեամբ... » (1974)
  • Դար մը գրականութիւն, Մինաս Թէօլէօլեան, Բ. հատոր, Նիւ Եորք, 1982, էջ 299-300:

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]