Jump to content

Անահիտ ամսաթերթ

Անահիտ ամսաթերթ
Անահիտ
Տեսակ գրական ամսագիր?
Լեզու հայերէն
Խմբագիր Արշակ Չօպանեան
Հիմնադրուած է Նոյեմբեր 1898
Հիմնադիր Արշակ Չօպանեան
Կոչուած է Անահիտ
Երկիր  Ֆրանսա
Գրասենեակ Փարիզ

«Անահիտ», գրական-գեղարուեստական հանդէս։ Հրատարակուած է Փարիզի մէջ, 1898-1911 թթ. եւ 1929-1949 թուականներուն (ընդմիջումներով)[1]։ Խմբագիր՝ Արշակ Չօպանեան[2]։

Արշակ Չօպանեան 1898-ին, կը հիմնէ «Անահիտ» գրական ամսաթերթը, որուն առաջին շրջանը կը հասնի մինչեւ 1911, եւ որ իր շուրջ կը խմբէ արեւմտահայ ու արեւելահայ գրագէտ ու արուեստագէտ բազմաթիւ կարեւոր դէմքեր։ Արշակ Չօպանեան կը հրատարակէ գրական լուրջ վերլուծումներ հայ հին եւ նոր գրական դէմքերու մասին (Գրիգոր Նարեկացի, Քուչակ, Խաչատուր Աբովեան, Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան, Կոմիտաս...)։

Երկար ընդհատումէ ետք, «Անահիտ» ամսաթերթ երկրորդ շրջան մը կ՚ունենայ 1929-1940-ին եւ վերջին շրջան մը՝ 1946-1949-ին։

«Անահիտ»ը, իբրեւ գրական-գեղարուեստական հանդէս, ընդմիջումներով հրատարակուած է Փարիզ՝ 1898-1911 թուականներուն: Ամսագիրը լայնօրէն լուսաբանած է հայկական հարցը, հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական շարժումը:

Իր հրատարակութեան առաջին տարիներուն «Անահիտ»ի էջերուն մէջ լոյս տեսած են քաղաքական իրադարձութիւնները վերլուծող, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդի ազգային ինքնագիտակցութեան բարձրացման ու համախմբումին նպաստող յօդուածներ: Թերթը մեծ տեղ տուած է նաեւ հայ ազատագրական շարժումի անցած ճանապարհին, քննարկած է այդ ընթացքին եղած սխալներն ու թերութիւնները:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Holdings»։ tert.nla.am։ արտագրուած է՝ 2023-04-27 
  2. «Արշակ Չօպանեանի «ԱՆԱՀԻՏ» Հանդէսը»։ Hairenik Weekly Newspaper (en-US)։ 2022-10-19։ արտագրուած է՝ 2023-04-27 
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։ 
Այս յօդուածի կամ անոր մէջ որոշակի յատուածի սկզբանական տարբերակը վերցուած է «Հայկական Հարց» Հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թույլատրագրի ներքո։