Jump to content

Յակոբ Յակոբեան (գեղանկարիչ)

(Վերայղուած է Յակոբ Յակոբեան (նկարիչ)-էն)
Յակոբ Յակոբեան (գեղանկարիչ)
Ծնած է 24 Մայիս 1923(1923-05-24)[1][2]
Ծննդավայր Աղեքսանդրիա, Եգիպտոս[1][2]
Մահացած է 9 Մարտ 2013(2013-03-09)[3] (89 տարեկանին)
Մահուան վայր Երեւան, Հայաստան
Ազգութիւն Հայ[1]
Քաղաքացիութիւն  Խորհրդային Միութիւն
 Հայաստան[4]
Կրթութիւն Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւն[1]
Աքատեմի տը լա Կրանտ Շոմիէր[1]
Մասնագիտութնիւն գեղանկարիչ, քաղաքական գործիչ, քանդակագործ
Պարգեւներ Երեւանի պատուաւոր քաղաքացի Հայկական ԽՍՀ ժողովրդական նկարիչ «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշան ԽՍՀՄ պետական մրցանակ? և «Աշխատանքային գերազանցության համար» մեդալ?
Յակոբ Յակոբեան Ուիքիդարանում
Hakob Hakobyan Ուիքիպահեստում

Յակոբ Տիգրան Յակոբեան (24 Մայիս 1923(1923-05-24)[1][2], Աղեքսանդրիա, Եգիպտոս[1][2] - 9 Մարտ 2013(2013-03-09)[3], Երեւան, Հայաստան), գեղանկարիչ, Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդական նկարիչ, պետական մրցանակի դափնեկիր, ՀԽՍՀ ԳԽ պատգամաւոր (1967-1971

Յակոբեան իր ժամանակ հայ նկարչութեան հանրաճանաչ, լաւագոյն ներկայացուցիչներէն մէկն է: Մաս կը կազմէ Գառզուի եւ Ժանսէմ-ի սերունդին: Սերունդ մը, որ կը յաջորդէ Մեծ եղեռնին եւ կը կրէ որբութեան կնիքը իր սրտին մէջ:

Յակոբ Տիգրան Յակոբեան ծնած էր Եգիպտոս. աւարտելէ ետք Աղեքսանդրիոյ վարժարանը, յաճախած էր Մելգոնեան վարժարանը: Իր մասնագիտական ուսումը ստացած էր նախ Գահիրէի Գեղարուեստի ակադեմիոյ, ապա Փարիզի Աքատեմի տը լա կրանտ Շոմիէրի ակադեմիոյ մէջ:

Ան կ'ըսէ.-«Ես Աղեքսանդրիա ծնած եմ, 11 տարեկան էի երբ հայրս մահացաւ, ու մեր ընտանիքը ինկաւ նիւթական դժուարութեան մէջ… շա՜տ դժուար: Մայրս մեզ պէտք էր հոգար, քոյր մը եւ եղբայր մը ունէի ինձմէ մեծ: Այդ թուականներուն, երեսունականներուն, կիները չէին աշխատեր, բայց մայրս սկսաւ աշխատիլ: Համոզեցի զինք որ զիս Մելգոնեան կրթական հաստատութիւն գիշերօթիկ դպրոց ղրկեն, այն մտայնութեամբ, որ թէ կրթութիւն կը ստանայի, եւ թէ ալ բեռ մը պակաս կ'ըլլար իրենց համար:[5]։

Այդ ձեւով Մելգոնեան հասայ, եօթը տարի Մելգոնեան մնացի, մէկ ընդմիջումով միայն: Մելգոնեանը չաւարտեցի, կիսատ մնաց, չկրցայ տակէն դուրս գալ, չէի դիմանար առանձնութեան, ընտանիքէս հեռու, յետոյ դպրոցը… աւելի մեղմ ասած, գեթօ մըն էր, թէ ինչ ուզէին այդ պէտք էր ըլլար: Այդ ժամանակ դպրոցը բաւական մեծ տարածութիւն ունէր, փշալարելով… ոչ թէ ուսանողներուն համար, այլ որպէսզի դուրսէն օտարներ չմտնեն ներս, թէեւ Կիպրոսը այնքա՜ն խաղաղ է եւ բարի ժողովուրդ ունի, իսկ դպրոցը քաղաքէն հեռու էր եւ երբ դուրս ելլէինք, երթալու տեղ չկար: Ամայի տարածութիւններ էին: Հիմա այդ Մելգոնեանը քաղաքի կեդրոնն է»:[5]

40 տարեկանին ներգաղթած էր Հայաստան ու մինչեւ իր մահը ստեղծագործած էր հայրենիքին մէջ` դառնալով անոր երախտաւոր զաւակներէն մին:

Յակոբեանին նկարչութեան սէրը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ան կ'ըսէ.- «Հինգ տարեկան էի, օր մը հայրս զիս իր գիրկը առաւ եւ թուղթի մը վրայ նապաստակ մը նկարեց: Ես զարմացայ, որովհետեւ առաջին անգամ կը տեսնէի, թէ ինչպէս մարդ բան մը կրնայ նկարել: Առաջին նկարչութիւնն էր որ կը տեսնէի թուղթի վրայ։ Դառնալով ինծի ըսաւ. «Դուն ալ կրնա՞ս նկարել»: Ես ալ առի թուղթը, նկարեցի, զգացուեցաւ: Եւ ես ալ զարմացայ, թէ ինչպէս որ ինքը նկարած էր, ես ալ կրցայ նոյնը ընել: Փաստօրէն առաջին նկարս նկարեցի, եւ հայրս նշմարեց, որ ես որոշ հակում ունիմ նկարչութեան հանդէպ… եւ այդ առնչութեամբ սկսաւ գուրգուրանք ցուցաբերել: Հոնտեղէն սկսաւ նկարելու սէրս»[5]։

Յակոբեանին նկարչութիւնը էապէս գծային է եւ ունի բարձր մակարդակ: Տեւապէս` կատարելութեան ձգտող: Լաւագոյնս կը գործածէ դասական նկարչութեան կանոնները, որոնք հիմնուած են բնութեան յաւիտենական օրէնքներուն վրայ. հեռաւորութիւն, ծաւալներու գործածութիւն, առանց ծանր զանգուածներու մէջ իյնալու` ամուր գծագրութիւն, նուրբ եւ զուսպ, մոխրաւուն գոյներ:

Բնութենէն առնուած տեսարանները կամ երեւոյթները Յակոբեան կը զտէ, կը վերակազմակերպէ, կը յղկէ եւ կու տայ անձնական իր կնիքը իւրաքանչիւր առարկայի` հասցնելով զանոնք բիւրեղացման: Յակոբեան կը սիրէ գոյնի հարթ քսուածքը, սակայն, ի պահանջել հարկին, կը գործածէ նաեւ ստուերը, միշտ պահելով մակերեսի մաքրութիւնն ու թեթեւութիւնը:

Կ՛ուզէ, որ ամէնէն յետին մանրամասնութիւնն անգամ հնազանդի իր օրէնքներուն, պահէ իր տեղն ու կշռոյթը պաստառին վրայ։ Ո՛չ մէկ պատահականութիւն, ո՛չ մէկ զիջում: Կ՛ուզէ, որ իր պաստառները ողողուած ըլլան մեղմ ու ծփացող երանգներով եւ ունենան ապակիի մը թափանցիկութիւնը: Որքան ալ իր էութիւնը կրէ տագնապներ ու յուսախաբութիւններ, ան կ՛ուզէ ըլլալ զուսպ, անխռով եւ ներդաշնակ:

Յակոբեանի արուեստը կ՛իյնայ, յետ Բ. Համաշխարհային պատերազմի Ֆրանսիս Կռիւպերով եւ Պեռնար Պիւֆէյով շարունակուած թշուառապաշտութեան եւ կը յատկանշուի պատերազմի արհաւիրքներէն հալածական, մահուան մղձաւանջով ապրող մարդոց ապրումներով[6]։

Կոչումներ եւ Պատուոյ նախագահ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Յակոբ Յակոբեան Հայաստանի Հանրապետութեան դափնեկիր եւ Այնթապ-ի հայրենակցական միութեան պատուոյ նախագահ էր:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]