Յակոբ Մատթէոսեան
Յակոբ Մատթէոսեան | |
---|---|
Ծնած է | 13 Նոյեմբեր 1833 |
Ծննդավայր | Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն |
Մահացած է | 22 Մայիս 1906 (72 տարեկանին) |
Յակոբ Մատթէոսեան (13 Նոյեմբեր 1833, Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 22 Մայիս 1906), հայ ազգապետ։
Յակոբ Մատթէոսեան ծնած է 1833-ի Նոյեմբեր 13-ին՝ Կ. Պոլիս, «Լանկա» թաղին մէջ։ Հայրը արհեստով դերձակ՝ Կարինէն գաղթած էր ընտանեօք եւ հաստատուած Պոլիս։ Յակոբ Մատէոսեանի մայրը՝ ազտամիտ կին մը ըլլալով, Հայ Բողոքականաց պաշտամանց կը յաճախէր, որով իրեն որդին ալ կանուխէն հետեւեացաւ բողոքական եկեղեցւոյն։
Իր նախնական կրթութիւնը ստանալով Մայր Վարժարանին մէջ, ապա աշակերտած է Տր. Համլինի Պէպէքի վարժարանը, ուր իր նախակրթութիւնը ստանալէ վերջ, հազիւ 15 տարեկան, Ամերիկա ճամբորդած է կազմարարութիւն սովորելու նպատակաւ։ Նիւ Եորքի մէջ այդ արհեստին 4 տարի աշակերտելէ վերջ Պոլիս դարձած եւ «Վէզիր Խան»ի մէջ հաստատուած է իբրեւ արուեստագէտ կազմարար։
Թէեւ մեծ դրամագլուխ մը չունէր, բայց ունէր գործի մարդու տաղանդ եւ լաւ կերպով սորուած ըլլալով իր արհեստը, յաջողութիւն գտնելու դժնդակ պայքարները չունեցաւ, սկիզբէն իսկ յաջող հանդիսացաւ եւ մինչեւ վերջը պահեց այդ արուեստին մէջ առաջնակարգ դիրք։
1868 թուականին «Ազգապետ» ընտրուեցաւն 35 տարեկան հասակին մէջ եւ 1870-ին, Սուլթանին արտօնութեամբ, պտոյտ մը ըրաւ Փոքր Ասիոյ եւ Սուրիոյ մէջ, այցելելով բողոքական եկեղեցիներուն մեծագոյն մասը։ Այս կարեւոր պաշտօնը 20 տարի արժանաւորաբար վարելէ վերջ 1889-ին հրաժարեցաւ եւ իր նախկին արհեստին կցելով միանգամայն տպագրատունը, յաջողեցաւ առաջնակարգ հաստատութեան մը վերածել՝ գործակցութեամբ իր որդւոյն Տ. Վահան Մատթէոսեանի։ Այսպէս հայր եւ որդի մեծ մղում տուած են մանաւանդ տպագական արհեստին, որոնք կատարելագործութեան աշխատած եւ յաջողած ալ են Պոլսոյ մէջ առաջնակարգ հաստատութիւնը հիմնելու։
Յակոբ Մատթէոսեան «Հայ Բողոքականութեան» պատիւ բերող անձնաւորութիւն մը եղած է իր անստգիւտ վարքով ու բարքով, եւ միամգամայն տիպար գործի մարդ եւ տիպար ամուսին։
Մեծ եռանդ ցոյց կու տար նաեւ կրօնական գործերու մէջ։ Երկար ատեն վերատեսուչ եղած է Կիրակնօրեայ դպրոցին՝ բազմաթիւ պատանեաց եւ երիտասարդաց վարքին եւ կեանքին բարձրագոյն նպատակ մը ներշնչելով։ Աշխատութիւն ու ջանք չէ խնայած տպել տալու համար Պորտի Աստուծաշունչի ընկերութեան Գրաբար Աստուածաշունչը՝ դիւրամատչելի ընելով զայն հայ ժողորվրդեան ամէն դասակարգին. վերջապէս շնորհիւ իր յամառ աշխատութեան կրցաւ գործը գլուխ հանել։ Մեծ անձկութիւններ կրած է Բերայի (Հալէպ) Աւետարանական Եկեղցւոյ շինութեան եւ Հայերէն նոր Երգարանին հրատարակութեան համար։ Երկուքն ալ իր սիրելի աշխատութիւններն եղած էին իր նախաձեռնութեամբ սկսուած ըլլալուն համար եւ կը փափաքէր բոլոր սրտով անոնց աւարտումը տեսնել իր մահէն առաջ։ Սակայն վերջերը մահէն քանի մը ամիս առաջ կ՝ ըսէր «Նախազգացում մը ունիմ, թէ պիտի չապրիմ մինչեւ ասոնց աւարտումը։» Իր կեանքը բարիին եւ օգտակարին յատկացնելէ վերջ, հանգչեցաւ 1906-ի Մայիս 22-ին, 72 տարեկան հասակաին մէջ, իր մեծահամբաւ տպարանը թողելով իր զաւակին Տ. Վահան Մատթէոսեանին։
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- «Համազգային Օրացոյց» (1908), Բիւզանդիոն
- «Արեւելք» (1906)
- «Մասեաց Աղաւնի» 1857
- «Յիշատակարան» (կազմուած՝ Վ. Գ. Զարդարեանի կողմէ)