Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան

Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, աւազանի անունով Սարգիս, ծնած է Պէյրութ (Լիբանան): Նախնական կրթութիւնը ստանալէ ետք Նուպարեան ազգ. վարժարանին մէջ, Հոկտեմբեր 1969-ին ընդունուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքը։ Յունիս 1974-ին, Ժառանգաւորաց բաժինը աւարտելէ ետք, ձեռնադրուած էսարկաւագ, ձեռամբ՝ Արտաւազդ Արք. Թրթռեանի, իսկ դպրեվանքի Ընծայարանի բաժինը աւարտելէ ետք, Մայիս 1976-ին կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած է, ձեռամբ՝ Ղեւոնդ Արք. Չէպէեանի։

Անդամակցելով Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանութեան անդամ, իր ծառայութիւնը բերած է Կաթողիկոսարանին մէջ, ստանձնելով փոխ լուսարարապետի պաշտօնը, ինչպէս նաեւ երջանկայիշատակ Տ. Տ. Խորէն Ա. ու Գարեգին Բ. (հետագային Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս) կաթողիկոսներու քարտուղարի պաշտօնը։ Դպրեվանքին մէջ տեսչութեան անդամ եւ դասատու եղած է, միաժամանակ դասաւանդելով Ազգ. Մարտիկեան Վարժարանին մէջ։

Յունուար 1979-ին նշանակուած է Հոգեւոր Հովիւ Թեսաղոնիկէի Հայոց (Յունաստան), ուր հովուական արդիւնաւոր գործունէութիւն կ'ունենայ մինչեւ 1982։ Դեկտեմբեր 1979-ին ստացած է վարդապետական աստիճան, Եղիշէ պատմիչի՝ Յովհաննու Աւետարանի մեկնութեան թարգմանութիւնն ու քննական վերլուծումը որպէս վարդապետական աւարտաճառ ներկայացնելէ ետք։ Հովուութեան տարիներուն, Թեսաղոնիկէի Արիստոտէլեան համալսարանին մէջ հետեւած է յունարէնի եւ փիլիսոփայութեան։ Բարձրագոյն ուսման համար շրջան աշակերտած է Պէյրութի Հայկազեան Համալսարանին:

Արեւմտեան Թեմին Մէջ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1982-էն ի վեր ծառայած է Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմին մէջ որպէս առաջնորդի օգնական, ստանձնելով հովուական եւ տեսչական պաշտօններ։

1987-ին, ստացած է Ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճան, ձեռամբ՝ Տ. Տաթեւ Արք. Սարգիսեանի։ Յաջորդ տարիներուն, որպէս հոգեւոր տեսուչ Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ, բեղուն գործունէութիւն կ'ունենայ։ Հրատարակած է կրօնաշունչ քարոզներու երկու հատորներ։

Արեւմտեան թեմէն ներս մասնակցած է Առաջնորդարանի աշխատանքներուն եւ ծրագիրներուն. եղած է Երեսփոխանական Ժողովի անդամ, ինչպէս նաեւ Կրօնական Ժողովի անդամ եւ ատենապետ. 1991-1996ին, վարած է թեմի առաջնորդական փոխանորդի պաշտօնը։ Երկու տարի հետեւած է Fuller Theological Seminary-ի աստուածաբանական դասընթացքներուն որպէս թեկնածու մագիստրոսի տիտղոսին (M.A.):

Նոյեմբեր 1995-ին, Արեւմտեան Թեմի Խառն Ժողովի լիագումար նիստին, Մուշեղ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան միաձայնութեամբ ընտրուած է թեմի առաջնորդական տեղապահ, իսկ 3 Մայիս 1996-ին, թեմի 24-րդ Երեսփոխանական Ժողովին, ձայներու բացարձակ մեծամասնութեամբ ընտրուած է առաջնորդ։ 22 Յունիս 1997-ին, եպիսկոպոս օծուած եւ ձեռնադրուած է, ձեռամբ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Աթոռի գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի։ 28 Մայիս 2003 թուակիր սրբատառ կոնդակով, Արամ Ա. Կաթողիկոս արքութեան տիտղոս ու պատիւ շնորհած է Մուշեղ եպս. Մարտիրոսեանին։ Մուշեղ արք Մարտիրոսեան առաջնորդ վերընտրուած է յաջորդաբար 2000-ին, 2004-ին, 2008-ին, 2012-ին եւ 2016-ին։

Շինարարական ու Եկեղեցական Իրագործումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան կատարեց կարեւոր իրագործում մը, հաստատելով Ազգային Առաջնորդարանի սեփական շէնքը։ Շինարարական աշխատանքներու աւարտէն ետք, վարչական գրասենեակները հոն փոխադրուած են Փետրուար 2007-ին, իսկ Մայիս 2007-ին տեղի ունեցած է նորակառոյց շէնքին պաշտօնական բացումը։ Հոկտեմբեր 2005-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս կատարած է շէնքին կից Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն մատրան օրհնութիւնը։

Փասատինա Ս. Սարգիս եկեղեցին սեփական շէնքով օժտուած է 2002ին, իսկ գործունեայ դարձած՝ Փետրուար 2003-ին, որուն օծումը կատարած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Հոկտեմբեր 2005-ին։

Առաջնորդ Սրբազանի պաշտօնավարութեան շրջանի իրագործումներէն է նաեւ Լաս Վեկասի ծխական համայնքի վերակազմակերպումն ու Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ հիմնադրութիւնը։ 2009Դեկտեմբերին ձեռք բերուեցաւ կալուած մը, որուն վրայ բարձրացաւ Ս. Կարապետ եկեղեցին ու կողքի սրահը։ Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ շինութիւնը իր լրումին հասած է 2013-ին։

Շինարարական աշխատանքներով հարստացան նաեւ մեր կրթական հաստատութիւնները։ Ֆերահեան Ազգային Վարժարանի Էնսինոյի համալիրը ունեցաւ նոր կառոյց մը, «Եղիա Սարաֆեան» անունով։ Այս շէնքը կը պարփակէ նաեւ Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ գրասենեակն ու միութենական գրասենեակներ։ 2005-ի վերամուտին, վարժարանին Նորթ Հիլզի համալիրը իր կարգին օժտուեցաւ վերանորոգուած շէնքով մը, որ հետագային պարփակեց վարժարանին մանկամսուրը, ՀՕՄի Աշխէն Փիլաւճեան Մանկամսուր անունով։

Ազգային Ալեք Փիլիպոս երկրորդական վարժարանը օժտուեցաւ «Ներսէս Թաշճեան մարզասրահ»ով եւ արդիական գրադարանով մը։

Նշենք նաեւ, որ Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ կողքին կանգնող Ֆերահեան վարժարանի նախակրթարանը ունեցաւ բարերար մը՝ Տոքթ. Վաչէ Գապայեանն ու Տիկինը՝ Շուշիկ։ Անոնց բարերարութեան շնորհիւ, նախակրթարանի Նորթ Հիլզի բաժինը անուանուեցաւ անոնց մօր՝ հանգուցեալ Մարի Գապայեանի անունով։

Վարժարաններու շրջագիծէն ետք բարեփոխութեանց ու նորարարութեանց շարքին յիշատակելի է Ազգ. Արի Կիրակոս Մինասեան վարժարանի մարզադաշտը։

Կրթական ծառայութիւններու մարզին մէջ, յիշատակութեան արժանի են շարք մը կրթական հիմնադրամներ,։

Այս ծիրին մէջ յիշատակութեան արժանի են նաեւ մեր կարգ մը եկեղեցիներու շրջափակներուն մէջ կանգնած յուշարձանները, խաչքարերն ու նմանօրինակ այլ կառոյցները։ Յիշատակութեան արժանի են Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարին, Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ, Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եւ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցիներու շրջափակերուն մէջ կանգնած խաչքարերն ու յուշակոթողները։

Շինարարական այս աշխատանքներուն կողքին, կարեւոր տեղ ունին ծխական նոր համայնքներու ստեղծումը, յատկապէս կարգ մը հեռակայ շրջաններու մէջ։

Արեւմտեան Թեմը տարիներէ ի վեր հոգեւոր մատակարարութիւն կը տրամադրէ հայաշատ գաղութներու, որոնք կը գտնուին հեռու շրջաններու մէջ, ինչպէս Եութա, Քոլորատօ, Նեւատա, Օրեկըն եւ Արիզոնա։ Քոլորատոյի հայութիւնը 2004-ի առաջին ամիսներուն ձեռնարկած է ծխական կազմակերպ համայնքի մը վերածման քայլերուն։ Շրջանը դարձաւ պաշտօնական եկեղեցի, ստանալով Քոլորատոյի եւ Ռաքի Մաունթըն շրջանի Հայց. Առաքելական եկեղեցի անունը։

Մօտաւորապէս տարի մը ետք, 2005-ի առաջին ամիսներուն, նմանօրինակ քայլեր առին Ռիվըրսայտ գաւառի ու Քրեսենթա Հովիտի հայութիւնը, որոնք յաջորդաբար դարձան ծխական համայնքներ, կազմելով իրենց վարչական մարմինները։

Յիշատակութեան արժանի է նաեւ Լաս Վեկասի ծխական համայնքը, որուն ծխական յանձնախումբը վերակազմուած է2008-ին, եւ շուտով անցաւ աշխոյժ աշխատանքի, իրականացման ճամբու մէջ դնելով եկեղեցի-համայնքային կեդրոն համալիրին ծրագիրը։

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]