Jump to content

Մշակութային շարժումը 1880-1890-ական տարիներուն

Թէեւ Թուրքիոյ մէջ Ազգային Սահմանադրութիւնը եւ ամէն տեսակի ժողովներ կ՛արգիլուին, բայց յառաջադէմ գրագէտներ եւ հրապարակագիրներ կը յաջողին նոր նկարագիր հաղորդել արեւմտահայ լեզուին եւ գրականութեան, խմբուած՝ թերթերու շուրջ («Արեւելք», ապա՝ «Մասիս» եւ «Հայրենիք»)։ Շեշտելով լեզուի ու գրականութեան ժողովրդական, հանրօգուտ դերը, անոնք զուգահեռ կ՛ընթանան յեղափոխական կուսակցութիւններու գործին, որ փոխարինած էր Զարթօնքի ազգասիրական քարոզչութիւնը։

1890–էն ետք, վարչակարգի խստացումով եւ գրաքննութեան ճնշումով, Պոլսոյ հայութեան կեանքը աւելի կը տժգունի․ գիրք տպելը գրեթէ անկարելի կը դառնայ. թատրոնները կը փակուին։ 1895-1896–ի կոտորածներն ու հետեւող սարսափը կ՛արգիլեն ամէն շարժում, տեղ ձգելով միայն անձնական, «նեղ» գրականութեան կամ այլաբանական էջերու։

Մեծ թիւ մը գրագէտներ եւ հրապարակագիրներ Պոլիսէն կ՛անցնին արտասահման, եւրոպական երկիրներէ միչնեւ Եգիպտոս։ Ծանր պայմաններով՝ Լոնտոն, Փարիզ, Գահիրէ, Պալքաններ՝ անոնք կը հրատարակեն գրական-քաղաքական թերթեր (Արփիարեան՝ «Նոր Կեանք», Չօպանեան՝ «Անահիտ»

Արեւելահայութեան մօտ ընկերա-մշակութային պայմանները տարբեր են։ Ցարական ճնշումները ազգային-քաղաքական գետնի վրայ՝ չեն արգիլեր հայութեան բարգաւաճումը, մանաւանդ Պաքուի եւ Թիֆլիսի պէս երկիրններու մէջ։

Դրամատէր-քաղքենի խաւը եւ համալսաանական երտասարդութիւնը տեղ-տեղ կ՛այլասերին, բայց զգալի մաս մըն ալ, պահելով ազգային գիտակցութիւնը եւ տէր կանգնելով մշակոյթին, զանոնք կ՛օժտէ նոր յենարաններով ու մտաւորական նոր որակով։