Մկրտիչ Պուլտուքեան
Մկրտիչ Յակոբ Պուլտուքեան | |
---|---|
Ծնած է | 1937 |
Ծննդավայր | Պէյրութ, Լիբանան |
Քաղաքացիութիւն | Կաղապար:Country data Լիբանան Լիբանան |
Ազգութիւն | Հայ |
Կարողութիւն | տնտեսական հարցերու մեկնաբան եւ խորհրդատու |
Մասնագիտութիւն | տնտեսագէտ |
Աշխատավայր | դասախօս |
Ամուսին | Նիքօլ Պերժօն |
Ծնողներ | Յակոբ Պուլտուքեան եւ Արաքսի Առաքելեան |
Երեխաներ | Շողիկ, Թալին եւ Ծովիկ |
Մկրտիչ Յակոբ Պուլտուքեան (ծնած է 1937-ին Պէյրութ, Լիբանան), լիբանանահայ ծանօթ տնտեսագէտ, տնտեսական հարցերու մեկնաբան, տնտեսական բազմաթիւ գիրքերու եւ ուսումնասիրութիւններու հեղինակ, դասախօս: Հրապարակախօս, ազգային հասարակական գործիչ:
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մկրտիչ Յակոբ Պուլտուքեան, Յակոբ Պուլտուքեանի եւ Արաքսի Առաքելեանի որդին է: Իր միջմակարգ կրթութիւնը ստացած է Պէյրութի Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանէն: Յաջողութեամբ աւարտած է Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանը:
1977-էն ի վեր, Մկրտիչ Յակոբ Պուլտուքեան դասախօսութեամբ ելոյթներ կ՛ունենայ դրամավարկային եւ ֆինանսական հարցերու մասին եւ միջազգային տնտեսական յարաբերութիւններու խոշոր միջազգային համաժողովներուն, մասնաւորապէս Լոնտոն, Փարիզ, Հռոմ, Մալթա, Թրիփոլի-Լիպիա, Պէյրութ, Պահրէյն, Ապու Տապի եւ Երեւան:
1985-1990 տարիներուն Մկրտիչ Յակոբ Պուլտուքեան վարած է Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան փոխկառավարիչի խիստ պատասխանատու պաշտօնը լիբանանեան եւ միջազգային դրամատնային: Ան վարած է ղեկավար պաշտօններ Լիբանանի եւ Մերձաւոր Արեւելքի դրամատան հաստատութիւններու մէջ։ Ան Լիբանանը ներկայացուցած է Միջազգային Ելեւմտական Հիմնարկին մէջ (IMF ), մասնակցած է միջազգային տնտեսական բազմաթիւ խորհրդաժողովներու, ինչպէս ` Եւրոպական յանձնաժողովը (TACIS ծրագիրը) նախկին Խորհրդային Միութեան երկրներու ֆինանսական վերակազմաւորման համար, արժանանալով տուեալ հաստատութեանց բարձր գնահատանքին:
Մկրտիչ Յակոբ Պուլտուքեան ամուսնացած է Քանդակագործ Նիքօլ Պերժօնի հետ եւ ունին Երեք երեխաներ, Շողիկ, Թալին եւ Ծովիկ:
Հրատարակութիւններ՝ Ուսումնասիրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մկրտիչ Յակոբ Պուլտուքեան՝ Տնտեսագիտական գիրքերու եւ ուսումնասիրութիւններու հեղինակ:
1991-ին, լոյս կը տեսնէ Մկրտիչ Յակոբ Պուլտուքեանի «Ակնարկներ ու նշմարներ տնտեսագիտական այժմու հարցերու մասին», Կաթողիկոսութեան Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Անթիլիաս:
Մկրտիչ Յակոբ Պուլտուքեան – Զրոյց – «Տնտեսութեան զօրութիւնը Սահմաններից Չի Կախուած» – «Ազգ» եռօրեայ – 18 Դեկտեմբեր 1991, Երեւան:
Մկրտիչ Յակոբ Պուլտուքեան – «Ընկերային Նոր Պայմանագրութեան Մը Կարիքը», «Զարթօնք» Նոր Տարուան բացառիկ՝ 1994:
2012-ին, ընթերցողներու սեղանին վրայ դրաւ «Հայ Սեղանաւորներ Միջին Արեւելքի Տարածքին, Պոլիսէն մինչեւ Պէյրութ» արժէքաւոր ուսումնասիրութեան անգլերէն հատորը` (Armenian Bankers In The Ottoman Empire): Սոյն գիրքին արաբերէն թարգմանութիւնը՝ «Ալ Սայարիֆա Էրմէն Ֆի Իմփերաթորիաթ Օսմանիէ» լոյս տեսաւ 2015-ին:
Գիրքի նախաբանին մէջ Մկրտիչ Յակոբ Պուլտուքեան հայ նոր սերունդին կը թելադրէ խոր գիտակցութեամբ ուսումնասիրել թուրքերու կողմէ հայ ժողովուրդէն յափշտակուած դրամագլուխը եւ աննահանջ շարունակել պահանջատիրական պայքարը:
Արխիւային նիւթերով հարուստ, բծախնդրութեամբ պատրաստուած այս ուսումնասիրութիւնը կը ներկայացնէ Թուրքիոյ տնտեսութեան մէջ հայ սեղանաւորներու դերակատարութիւնը, անոնց նախաձեռնութիւնները, ներդրումները, հայ ժողովուրդին հանդէպ թուրք իշխանութիւններու աւազակաբարոյ արարքները,ֆիզիքական հաշուեյարդարին զուգահեռ, յափշտակուած դրամագլուխը:
Մկրտիչ Յակոբ Պուլտուքեան ընթերցասէր հասարակութեան սեղանին վրայ կը դնէ «Հայաստանի դրամատնային համակարգը» գիրքը: Մկրտիչ Պուլտուքեան մանրակրկիտ ու յամառ պրպտումներու, փաստագրական աղբիւրներու լոյսին տակ հայ ընթերցողին կը ներկայացնէ Հայաստանի դրամատնային համակարգը` սկսելով առաջին հանրապետութեան ժամանակաշրջանէն, անցնելով Խորհրդային Հայաստանի դրամատնային համակարգ եւ, վերջապէս, հասնելով երկրորդ հանրապետութեան ժամանակաշրջանի դրամատնային համակարգի կազմաւորումը, իրագործած նուաճումները եւ հեռանկարները:
Գիրքի յաւելուածին մէջ Մկրտիչ Յ. Պուլտուքեան 1992-էն ի վեր կատարած իր դասախօսութիւններուն, հարցազրոյցներուն եւ յօդուածներուն ընդմէջէն կը փոխանցէ ներկայ շուկայական տնտեսութեան մէջ գործող Հայաստանի մէջ մնայուն դրամատնային համակարգ ստեղծելու կարելիութիւններուն մասին իր թելադրութիւնները:
Հրատարակչական Նուիրատուութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1 Յուլիս, 2015-ին Հայաստանի ազգային գրադարանի մեծ դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում Փրոֆէսոր Մկրտիչ Յակոբ Պուլտուքեանին հետ: Ան գրադարանին նուիրեց 74 միաւոր գիրք եւ 2 տեսաերիզ:
Պարգեւներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1 Յուլիս, 2015-ին, Հայ մշակույթին ու գիտութեանը մատուցած ծառայութիւններու, ազգային հասարակական, մշակութային կյանքին ունեցած աւանդի համար Հայաստանի ազգային գրադարանի տնօրէն Տիգրան Զարգարեանը հայ առաջին տպագրիչ ‹‹Յակոբ Մեղապարտ›› շքամետալով պարգեւատրեց Փրոֆէսոր, տնտեսագէտ, հրապարակախօս, ազգային հասարակական գործիչ Մկրտիչ Յակոբ Պուլտուքեանին:
Հովանաւորութիւն «Զուարթնոց» կեդրոնին
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]18 Դեկտեմբեր, 2014-ին, տեղի ունեցաւ աւանդական դարձած ուտեստեղէնի եւ ձեռային աշխատանքներու տօնավաճառը ` «Զուարթնոց» կեդրոնին մէջ, Պուրճ Համուտ, կազմակերպութեամբ հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու միութեան եւ մտքով թերաճ հայ մանուկներու «Զուարթնոց» կեդրոնին: Մկրտիչ Յակոբ Պուլտուքեան սիրայօժար ստանձնած էր ձեռնարկին հովանաւորութիւնը:
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Լոյս Տեսաւ Լիբանանահայ Ծանօթ Տնտեսագէտ Մկրտիչ Պուլտուքեանի «Հայ Սեղանաւորները Միջին Արեւելքի Տարածքին, Պոլիսէն Մինչեւ Պէյրութ» Գիրքին Անգլերէն Հատորը
- Աշխատութիւն Մը` Մկրտիչ Յ. Պուլտուքեանի «Հայ Սեղանաւորներ»-ը[permanent dead link]
- ՀԻՄՆԱՒՈՐՈՒԱ՞Ծ ԵՆ ԱՐՏԱԳԱՂԹԻՆ ԴՐԴԱՊԱՏՃԱՌՆԵՐԸ ՄԿՐՏԻՉ Յ. ՊՈՒԼՏՈՒՔԵԱՆ, ՊԷՅՐՈՒԹ, ՄԱՐՏ 2014[permanent dead link]
- Մկրտիչ Յ. Պուլտուքեան
- Գրախօսական՝ Հայ Սեղանաւորներ Միջին Արեւելքի Տարածքին՝ Պոլիսէն Մինչեւ Պէյրութ[permanent dead link]
- Լոյս Տեսաւ Լիբանանահայ Ծանօթ Տնտեսագէտ Մկրտիչ Պուլտուքեանի «Հայ Սեղանաւորները Միջին Արեւելքի Տարածքին, Պոլիսէն Մինչեւ Պէյրութ» Գիրքին Անգլերէն Հատորը
- «Հայ Սեղանաւորներ Միջին Արեւելքի Տարածքին Պոլիսէն Մինչեւ Պէյրութ»
- «Զուարթնոց» Կեդրոն. Ուտեստեղէնի Եւ Ձեռային Աշխատանքներու Տօնավաճառ
- Պուլտուքեանի 24 տարիներ առաջ՝ Լիբանանի ընդհանուր պարտքերը մարելու նպատակով սնտուկ մը հիմնելու առաջարկը:[permanent dead link]ութիններ