Անաթոլիա Գոլէճ
Անաթոլիա Գոլէճ, հիմնուած է 1864-ին Մարզուանի մէջ:
Պատմական ակնարկ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Օսմանեան տարածքին բողոքական առաքելութիւն կատարող Ամերիկացիներու գործունէութեան արդիւնքն է Մարզուանի Անաթոլիա Գոլէճը:
Մարզուանի մէջ այս գործունէութիւնը կը սկսի 1851 թուականին: Այդ շրջանին Մարզուանի մէջ մօտաւորապէս 15.000 հայ կը բնակէր:
Պէպէքի Աստուածաբանական Դպրոցը եւ Խասգիւղի Աղջկանց Վարժարանը, աշխարհիկ ազդեցութենէն որպէսզի հեռու մնան, կ'որոշուի աւելի գոց տեղ մը փոխադրել ու յարմար կը գտնուի Մարզուանը:
Անաթոլիա Գոլէճին արմատները կը հասնին մինչեւ 1864 թուականը, երբ ան աստուածաբանական կեդրոն մըն էր եւ նպատակ ունէր կրթելու ծայրամասերէն եկած ապագայ հոգեւոր հովիւները: 1881-ին աստուածաբանական բաժինը զատուելով «պատրաստական» կոչուած աշխարհիկ բաժինէն, երկրորդը 1886-ին վերածուեցաւ Անաթոլիա Գոլէճի, գիշերօթիկ դպրոցի մը, որ Օսմանեան կայսրութեան շրջանին գաւառներու մէջ բնակող հայ եւ յոյն աշակերտներէ բաղկացած վարժարան մըն էր: Ուսուցչաց կազմը բաղկացած էր ամերիկացի միսիոնարներէ եւ հայ ու յոյն շրջանաւարտներէ, որոնք Արեւմուտքի մէջ ուսման ժամանակակից ծրագիրներու ծանօթացած էին:
կառոյց
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Անաթոլիա Գոլէճը մեծ համալիր մըն էր եւ կ'ընդգրկէր զանազան բաժիններ, ինչպէս արական դպրոց, օրիորդաց դպրոց, մանկապարտէզ, խուլերու դպրոց, թանգարան-գրադարան, դարմանատուն, արհեստանոց, նաեւ գրականութեան, հնագիտութեան, երաժշտութեան եւ մարզական ակումբներ:
Ծրագիր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ուսման լեզուն անգլերէնի կողքին կը դասաւանդուէր հայերէն, յունարէն, ֆրանսերէն եւ թրքերէն լեզուներ, բնական եւ ընկերային գիտութիւններ, ինչպէս նաեւ քրիստոնէական պատմութիւն եւ փիլիսոփայութիւն, հայկական եւ յունական դիցաբանութիւն:
կառոյցի փակում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Անաթոլիա Գոլէճը շարունակուեցաւ մինչեւ 1915, երբ մանկավարժական գործունէութիւնը կանգ առաւ եւ աշակերտութիւնն ու պաշտօնէութիւնը աքսորուեցան: Իսկ վարժարանը միջոց մը գոյատեւելէ յետոյ փոխադրուեցաւ Սէլանիկ՝ Յունաստան:
Մարզուանի Գոլէճը 30 տարուայ գործունէութեան ընթացքին տուաւ բազմաթիւ հայ շրջանաւարտներ եւ սատարեց Սեւ Ծովեան շրջանի հայութեան մտաւոր ու մշակութային զարգացման:
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Հայ Դպրոցը Անցեալէն Դէպի Այսօր, Հրատարակութիւն՝ Ազգային Կեդրոնական Վարժարանի, Պոլիս, 2017
- Houshamadyan թուայնացուած բաց արխիւ[1]
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Houshamadyan։ «Home :: Houshamadyan - a project to reconstruct Ottoman Armenian town and village life»։ www.houshamadyan.org (անգլերէն)