Մինաս Վարդապետ, Տիգրանեան
Մինաս Վարդապետ Տիգրանեան, ( մօտաւորապէս՝ 1658, Խարբերդ - Մայիս 12, 1740, Մոսկուա), հոգեւորական, քաղաքական գործիչ։
Կեանքը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մինաս Վարդապետ, Տիգրանեանը 1680 թուականին կուսակրօն եկեղեցական կը դառնայ եւ 1684՝ վանահայր Արցախի Մեծարանք գաւառի Սուրբ Յակոբայ վանքին։
1699 կը մասնակցի Իսրայէլ Օրիին կողմէ հրաւիրուած Անգեղակոթի ժողովին (Սիւնիք, Սիսեանի շրջան)։ Ժողովի աւարտին հայ մելիքներու թելադրութեամբ, Մինաս Վարդապետը Իսրայէլ Օրիին ուղեկիցն ու գործակիցը կը դառնայ ՝ Եւրոպա առաքելութեան։ Անոնք միասին Հայաստանի ազատագրութեան ծրագիրը կը մշակեն (ծանօթ նաեւ իբրեւ Պֆալցեան ծրագիր), որպէսզի ներկայացնեն Եւրոպայի մեծ ուժերուն՝ Գերմանիա, Աւստրա, Հռոմ (Հռոմի Պապ)։
Հիասթափուած Եւրոպայէն, Մինաս Վարդապետը Իսրայէլ Օրիին հետ 1701 Ռուսիա կ՛անցին, ուր կը թագաւորէ՝ Մեծն Պետրոս ցարը։ Ան կը մասնակցի Հայաստանը ազատագրելու ռուասական արքունիքին հետ բանակցութիւններուն։
Հայ ազատագրական շարժման գործիչ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Իսրայէլ Օրիին մահէն ետք՝ 1711, Մինաս Վարդապետ կը շարունակէ անոր գործը․ միջնորդի դերը կը կատարէ հայ մելիքներուն եւ ռուսական կառավարութեան միջեւ։
Ռուսական կառավարութեան պատուէրով, Մեծն Պետրոսի պարսկական արշաւանքի նախօրեակին՝ 1715-1716, Անդրկովկաս կ՛անցնի։ Կ՛այցելէ Էջմիածին եւ Գանձասար։
1720-ական թուականներուն, հայ ազատագրական շարժումներուն զարգացման շրջանին, ռուսական արքունիքին մէջ կը պաշտպանէ հայ ժողովուրդին շահերը։ 1722 կը մասնակցի Մեծն Պետրոսի Պարսկաստանի դէմ արշաւանքին։
Եպիսկոպոս
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1716 Աղուանաց կաթողիկոսին կողմէ՝ Եսայի Հասան Ջալալեան, կը ձեռնադրուի Ռուսիոյ հայերուն հոգեւոր առաջնորդ։
1740 Ապրիլ ամսուն կ՛ընդունի ուղղափառութիւնը։ Ամիս մը ետք՝ Մայիս 12, 1740 կը վախճանի։
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Մեր Պատմութիւնը, Կարօ Մոմճեան
- Հայոց Պատմութիւն․ Հնագոյն ժամանակներց մինչեւ մեր օրերը, Է․Լ․ Դանիէլեան, Ա․Ա․Մելքոնեան