Մեծ Պահքի Աւանդութիւններ Եւ Սովորութիւններ
Մեծ Պահքի աւանդութիւններ եւ սովորութիւններ, Մեծ պահք` (Քառասնորդաց, Մեծ պաս, Աղուհաց, Պահոց օրեր, Պահեցողութիւն, Ծոմ, Ծոմապահութիւն): Ուտելիքի կամ յատուկ ճաշատեսակներու որոշ ժամանակի մը համար սահմանուած արգելք, կերակուրներէ լրիւ կամ մասնակի հրաժարում (պահեցողութիւն)։
Պահքի ընթացքին արտօնուած է ճաշակել բուսական ծագում ունեցող կերակուրներ, զերծ մնալով ամէն տեսակի մսեղէնէ ու կաթնեղէնէ։ Հին եւ Նոր Կտակարաններուն մէջ քառասնօրեայ պահքին մասին բազմաթիւ վկայութիւններ կան:Մովսէս քառասուն օրեր շարունակ պահք պահեց , ապա ստացաւ Աստուծոյ օրէնքը:
Սակայն Մեծ Պահքն առաւելաբար անապատի մէջ Յիսուս Քրիստոսի քառասնօրեայ փորձութեան խորհուրդն ունի։ Մեծ Պահքին եկեղեցիներու խորաններուն վարագոյրները կը փակուին (Փակեալ Խորան)՝ ի յիշատակ այն իրողութեան, որ մեղսագործութենէն ետք Ադամ արտաքսուեցաւ դրախտէն եւ անոր առջեւ դռները փակուեցան:
«Պահքի ընթացքին վարագոյրը կը փակուի, Աւետարանը կը ծածկուի ու սուրբ հաղորդութիւն չենք ստանար, որպէս նշան զրկումի Աստուածային հաղորդակցութենէ, որպէսզի պահքի միջոցաւ հոգեպէս զօրացած վերստին կենդանութեան արժանանանք»։
Պահքի Խորհուրդը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Պահք, պաս, , ինքնաքննութեան ու խոկումի ժամանակաշրջանն է, յատկապէս Մեծ պահոց շրջանը, երբ հաւատացեալները ոչ միայն կերակուրներէ կը հրաժարին, այլեւ՝ հեռու կը մնան մարմնական հաճոյքներէ, ապաշխարութեամբ ու աղօթասացութեամբ չափաւոր, զուսպ կեանք կը վարեն։ Քրիստոնէական, իսլամական եւ հրէական կրօններուն մէջ Պահքը հաւատքի ամրապնդման միջոց է, որ ունի նաեւ մաքրագործական եւ ճգնակեաց նշանակութիւն։ Պահքը քրիստոնէական եկեղեցւոյ կարեւոր երեւոյթներէն է:
Կերակուրէ հրաժարիլը առանց մեղքէ հեռու մնալու՝ անօգուտ է: «Սատանան միշտ պահքի մէջ է, ոչինչ կ’ուտէ, բայց մեղք գործելէ ալ չի դադրիր եւ չի յոգնիր», - ըսած է Ս. Գրիգոր Տաթեւացի: «Լերան քարոզ»ի ընթացքին Քրիստոս պահքի մասին կ’ըսէ.
Պահեցողութիւնը չէ, որ մեղքը կը քաւէ: Աստուած է քաւիչը: Սակայն պահեցողութիւնը կարեւոր է քաւչարար այս սրբագործութեան մէջ։ Զղջումը, աղօթքը, ապաշխարանքը հիմնական պայմաններն են Աստուծոյ բուժիչ եւ քաւիչ զօրութիւնն ստանալու համար: Քառասնօրեայ պահքին կը յաջորդէ պահոց յաւելեալ մէկ շաբթուան շրջան` Աւագ շաբաթը: Այդ է պատճառը, որ քառասնօրեայ կոչուող պահքը 48 օր կը տեւէ:
Մեծ Պահքը ունի եօթը Կիրակի, եօթը յիշարժան օրեր՝ Բուն բարեկենդան, Արտաքսման, Անառակին, Տնտեսին, Դատաւորին, Գալստեան եւ Ծաղկազարդ: Այս կարգը սահմանած են Յակոբոս Տեառնեղբայրը (Ա. դար) եւ Կիւրեղ Երուսաղէմացին (Դ. դար):
Մեծ Պահքի աւանդութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մեծ Պահքի առաջին օրը հոգեւոր մաքրութեան կ’ուղեկցէր նաեւ իրերու մաքրութիւնը: Տանտիկիններ կանուխ կ’ելլէին, թոնիր կը վառէին, ու տան բոլոր իրերը՝ պղինձ-պղընձկալ, պտուկ- ճլոր, աման - չաման օճառի փշրանքներով կը շփէին եւ եօթը անգամ ջինջ ջուրով կը լուային:
Այդ օրը ձեղունէն կը կախուէր պահքի եօթը շաբաթները խորհրդանշող Ակլտալիզը, որմէ իւրաքանչիւր շաբթուան վերջաւորութեան փետուր մը կը փրցուէր:
Միջինք
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Եկեղեցական օրացոյցին մէջ իր առանձին տեղն ունի Մեծ Պահքի 24-րդ օրը, որ ըստ Մաղաքիա Օրմանեան պատրիարքի՝ «Միջինք անունը կը տրուի Մեծ պահքը կիսող օրուան, որ կը կիսէ պահեցողութեան շրջանը»:
Միջինքի աւանդութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ժողովրդական սովորութեան համաձայն՝ այդ օրը բաղարջէ պահոց քաթա կը պատրաստեն, որու մէջ մետաղադրամ կը դնեն: Անիկա ունի կլոր կամ ուռուցիկ ձեւ եւ կը պատրաստուի ձէթով, մեղրով, ընկոյզով եւ քիշմիշով: Անոր մէջ կը դնեն մետաղադրամ կամ ուլունք եւ կը թխեն: Երբ կը կտրեն, հաւասար չափով կը բաժնեն տան անդամներուն, կենդանիներուն եւ հողի միջեւ։ Որու բաժինէն որ դուրս գայ ուլունքը կամ դրամը, այդ տարուան բախտաւորը կը համարուի: Անիկա շատ կը նմանի տարեհացին: Անցեալին, Միջինքի բաղարջը կը թխէին հաւաքաբար:Ամէն մարդ կը բերէր իրեն բաժին ինկած բաղադրութիւնները, միասին կը շաղէին խմորը, միասին կը թխէին եւ միասին ալ կ’ուտէին:Բաղարջը կը կոչուէր նաեւ՝ «Միջունք» կամ «Կլոճ»:
Սովորութիւն էր նաեւ պահքի կարկանդակ թխելը, որու մէջ կը դնէին նաեւ փոքրիկ թղթիկներու վրայ գրուած սաղմոսներ:
Միջինքին սովորութիւն է նաեւ թխել «Թահինով Հաց», որ պատրաստուած կ’ըլլայ շիրիկէ (թահին), շաքարէ եւ փոշի կասիայէ:
Միջինքի Չորեքշաբթի երեկոյեան, եկեղեցւոյ ջուրով եւ ձէթով լի մեծ կանթեղ մը կը դրուէր եւ կը կոչուէր «լիճք», որու մէջ եղէգնեայ խաչ մը կը դրուէր, մէջտեղը՝ պատրոյգ մը կը վառէր մինչեւ լոյս: Առաւօտուն այդ ջուրը կը բաժնուէր գիւղի տուներուն, որ խառնելով խմորին մէջ շինէին նոյն օրուան բաղարջը:
Միջինքի սովորութիւններէն էր նաեւ հարսնցուին նուէրներ ստանալը փեսացուին ընտանիքէն: Հարսնցուին ընտանիքը Մեծ Պահքի ուտելիքներով յատուկ ճաշասեղան մը կը պատրաստէր փեսացուին հարազատներուն համար: Այս հաւաքոյթը յատուկ էր կիներու: Տեղի կ’ունենային խաղեր, պարեր եւ զուարճախօսութիւններ:Նշեալ աւանդութիւնը տակաւին կը պահպանուի մեծ թիւով հայ ընտանիքներու մօտ:
Իսկ եկեղեցիներու տիկնանց յանձնախումբեր, մինչեւ օրս, կը կազմակերպեն Միջինքի ճաշկերոյթներ, ուր կը հրամցուին աւանդական, պահքի յատուկ ճաշատեսակներ, որոնց կ’ընկերակցին շարականներու եւ ազգային – հայրենասիրական երգերու երգեցողութիւնը:
Մեծ Պահքի ճաշերէն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Փաթոյթ (Սարմա) կոչուած է նաեւ՝ Տոլմա, որ Ուրարտականան խոհանոցի յատուկ է: Տոլմա բառը յառաջացած է “տոլի” բառէն, որ կը նշանակէ խաղողի տերեւ։ Սկզբնական շրջանին տոլման փաթթած են խաղողի տերեւով, հետագային կաղամբի, սերկեւիլի, լուբիայի եւ բանջարի տերեւներու մէջ, ինչպես նաեւ լեցուցած են միջուկը հանած բանջարեղէններու ինչպէս՝ դդումի, սմբուկի, լոլիկի եւ պղպեղի մէջ։ Պասի տոլմայի հիմքը կը հանդիսանար հատեղէնը, առկայ էր նաեւ չիրը: Կը համարուէր տօնածիսական ճաշատեսակ, կը պատրաստուէր գարնանամուտին՝ երկրագործական տարեսկիզբին, օգտագործելով սերմնացու հատեղէններ։
Մշոշ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Վանայ հարուստ խոհանոցի Պահքի յատուկ կերակրատեսակ է։ Բառը յառաջացած է մըշմոշ (ծիրան) բառի կրճատումէն։ Կան տարբեր տեսակի մշոշներ, գլխաւոր բաղադրիչը ոսպն է, որու կը միանան դդում կամ կանաչ լուբիա կամ բազուկ. սակայն դասական մշոշը կը պատրաստուի ոսպով, ծիրանաչիրով եւ ընկոյզով։
ԹԹուապաս կամ թթու ջուր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Աւագ Հինգշաբթի օրուան յատուկ ճաշատեսակ է:Նման թթուաշ ճաշատեսակներ տարածուած են բոլոր հայկական շրջաններուն մէջ, ի յիշատակ Յիսուս Քրիստոսի խաչելութեան ատեն, ջուրի փոխարէն Անոր քացախ խմեցնելու դրուագին։ Տարբեր արմտիքներով, բանջարով ու ջուրերով ապուր է, առանց իւղի. Կը մատուցուի քացախով եւ ոսպով կոլոլակի (Քէօֆթէ) ընկերակցութեամբ։
Թաթխան
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Թաթխան, այսինքն հացը մէջը թաթխելու համար նախատեսուած թացան։ Հատեղէնէ, ընկոյզէ եւ տարբեր համեմունքներէ պատրաստուած իւրայատուկ ուտելիք, որ տարածուած էր յատկապէս Արեւմտեան Հայաստանի մէջ։ Բերքահաւաքէն ետք, կը չորցնէին, ապա կը բովէին դդումի, արեւածաղիկի, սեխի եւ ձմերուկի կուտերը, ետքը կ’աղային։ Օգտագործելու ատեն վրան ձէթ կը լեցնէին եւ հացը մէջը թաթխելով կը ճաշակէին։
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- «Միություն» №8, Դեկտեմբեր, 2010
- «Քրիստոնյա Հայաստան» Հանրագիտարան
- «Ա1+», 28 Փետրուար,2003
- Western Prelacy of The Armenian Apostolic Church of America
- Armenpress.am
- Hayrenikweekly.com