Jump to content

Ժարաշ

(Վերայղուած է Ճարաշ-էն)
Քաղաք

Ժարաշ

Երասա
արաբերէն՝ جرش, յունարէն՝ Γέρασα
Ժարաշ, համայնապատկեր
Երկիր  Յորդանան
Հիմնադրուած է՝ Ք․Ա․331
Տարածութիւն 410 քմ²
ԲԾՄ 600±1 մեթր
Բնակչութիւն 50 745 մարդ (2015)
Ժամային գօտի UTC+2
Պաշտօնական կայքէջ jerash.gov.jo

Ժարաշ կամ Երասա՝ հին անունը. (արաբ․՝ جرش Ǧaraš, յուն․՝ Γέρασα, լատինացուած՝ Gérasa), Յորդանանի մէջ քաղաք։

Աշխարհագրական դիրք

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կը գտնուի Ամման մայրաքաղաքէն 48 քմ դէպի հիւսիս։ Եղած է հին յունական եւ հռոմէական կարեւոր քաղաք՝ Դեքապոլիս, Քիլի Սիրիա (Սուրիոյ Սնամէջ) Κοίλη Συρία /Cœle Syria։ Երասա (յուն․՝ ծերացայ կը նշանակէ) կառուցուած էր Պարատա գետի ափին (յուն․՝ Χρυσορρόας, արաբ․՝ بَرَدَىٰ Barada) եւ կը գտնուէր Բելայի (յուն․՝ Πέλλα, արաբ․՝ فحل) եւ Ֆիլատելֆիոյ (Ամմանի) միջեւ։

Գաւիթ

Երասա եղած է հարուստ քաղաք մը եւ պատմութեան մէջ կը յիշուի իբրեւ «Միջին Արեւելքի Պոմպէյ»ը։ Հելլենիստական տարիներու Պոլիվիոս յոյն պատմաբանը քաղաքը կը նկարագրէ հետեւեալ խօսքերով․ «Երկու գլխաւոր պողոտաները դարպասներով կը վերջանային եւ քաղաքը խաչաձեւ կը բաժնէին։ Շուկան կը գտնուէր գլխաւոր ճամբուն մէկ կողմը, սակայն երբեք անոր վրայ։ Անոր կողերուն գաւիթներ կային, նաեւ՝ հանրային շէնքեր։ Ճամբաները գեղեցիկ սալարկում ունէին եւ ապականողները կը տուգանուէին»։ Իսկապէս, քաղաքին աւերակները այդ կը փաստեն։

Պատմական ակնարկ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Ատրիանոս կայսեր յաղթակամարը
Արտեմիսի տաճարը

Քաղաքին հին յունական արձանագրութիւնները, ինչպէս նաեւ Իամվլիհոսի (Ἰάμβλιχος) եւ Մեծ Ստուգաբանականի բանասիրական վկայութիւնները Երասայի հիմնադրումը կը կապեն Մեծն Աղեքսանտրին կամ անոր բանակին Բերդիքաս զօրավարին, որ հոն կը հաստատէ Մակեդոնացի վեթերան՝ ծերացած (յունարէն «երասա» γέρασα բառը ծերացայ կը նշանակէ) զինուորներ Ք․Ա. 331-ի գարնան, երբ Մեծն Աղեքսանտր Եգիպտոսէն Միջագետք ուղղուելու ատեն Սուրիայէն կ'անցնի։ Մեծն Աղեքսանտրի մահէն ետք, Երասա յաջորդաբար կ'իյնայ նախ Պտողէմէոսեան, ապա Սելեւկեան իշխանութիւններուն ձեռքը։ Եւ ըստ Սուրիոյ յոյն իշխանատէրերու սովորութեան, քաղաքը «Խրիսորոյի գետն ի վեր Անտիոքիա» (Αντιόχεια η επί Χρυσορρόη ποταμώ) կը վերանուանուի։ Քաղաքը կը վերակառուցէ շատ հաւանաբար Անտիոքոս Գ․ Մեծ (Ք․Ա․241 -Ք․Ա.187) եւ կամ Անտիոքոս Գ․ Էբիֆանիս (Ք․Ա․215 -Ք․Ա.164). վերջինը մինչեւ Եգիպտոս արշաւած է։

1120-ին Դամասկոսի աթաբեկ Զահիր ալ-տին Թողդեքինը կը հրամայէ քառասուն հոգինոց կայազօր մը կառուցել հնագոյն քաղաքին աւերակներուն մէջ, քաղաքին պարիսպներուն ամէնէն բարձր կէտին'հիւսիս-արեւելեան բլուրին վրայ:

Քաղաքը 1121-ին գրաւուած է Երուսաղէմի Պալտուին Բ. թագաւորին կողմէ եւ ամբողջովին աւերուած։

Այնուհետեւ Ժարաշ լքուած կը մնայ։ Դարձեալ անունը կը յայտնուի ԺԶ. դարու օսմանեան արձանագրութիւններուն մէջ։

1596-ին, Օսմանեան ժամանակաշրջանին, Ժարաշ կը բնակին 15 մահմետական ընտանիք։

1885-ին օսմանեան իշխանութիւնները չերքէզ ներգաղթողները, որոնք գլխաւորաբար գիւղացիներ էին, կ'առաջնորդեն հաստատուելու Ժարաշի մէջ եւ անոնց վարելահողեր կը բաժնեն։

Հնաբանական վայր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հնաբանական ​​վայրը ունի երկու թանգարան, ուր կը ցուցադրուին հնագիտական ​​նիւթեր եւ համապատասխան տեղեկութիւններ՝ տուեալ վայրին ու անոր հարուստ պատմութեան մասին։

Ջրահարսարանը՝ շատրուաններով

Ժամանակակից Ժարաշը կը գտնուի հնավայրէն արեւելք։ Անոր բնակիչներուն մեծ մասը չերքէզներ են, որոնք ԺԹ. դարու վերջերուն եկած են Կովկասէն։ Կան նաեւ արաբներ եւ հայեր:

1981-էն ի վեր, ամէն տարի ամրան, երեք շաբթուան տեւողութեամբ, տեղի կ'ունենայ Ժարաշի փառատօնը, որուն կը մասնակցին աշխարհի տարբեր թատերախումբեր, բանաստեղծներ եւ երաժիշտներ: Անոնք իրենց ելոյթներով հանդէս կու գան քաղաքին հնագոյն թատրոններուն մէջ։

Փառատօնին յաճախ ներկայ կը գտնուին Յորդանանի արքայական ընտանիքին անդամները եւ անիկա կը համարուի տարածաշրջանին ամէնէն մեծ մշակութային ձեռնարկներէն մէկը[1]:

Փառատօնին եւ հնավայրին շնորհիւ, Ժարաշ դարձած է Յորդանանի ամէնէն նշանաւոր զբօսավայրերէն մին՝ Փեթրայէն ետք։

[2] [3] [4] [5] [6] [7] [8] [9] [10] [11] [12]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]