Փեթրա
Բնակավայր | |
---|---|
Փեթրա | |
Երկիր | Յորդանան |
Հիմնադրուած է՝ | ՔԱ800 |
Տարածութիւն | 26 171 հեկտար |
ԲԾՄ | 800±1 մեթր, 1350±1 մեթր |
Պաշտօնական կայքէջ | visitpetra.jo |
Փեթրա (Յորդանան), ժայռերու մէջ փորուած քաղաք մըն է: Քաղաքը իր փառքի գագաթնակէտը ապրած է Ք. Ե. առաջին դարուն, ժամանակի ընթացքին իր բնակիչներէն պարպուելէ առաջ:
Ք. Ա. մօտաւորապէս 8-րդ դարու վերջաւորութեան կազմուած այս քաղաքը կ'աճի, մինչեւ որ ան փառքի իր գագաթնակէտին կը հասնի Ք. Ե. մօտաւորապէս 50 թուականին. այդ թուականին է, որ կը շինուին ամէնէն գեղեցիկ տաճարները եւ գերեզմանները:
Փեթրա կը գտնուի Հռոմէական կայսրութեան արեւելքը տանող ճամբաներու խաչմերուկին, ուրկէ կու գային` խունկը, ոսկին, արծաթը, զմուռսը եւ համեմները: Սակայն Ք. Ե. մօտաւորապէս 8-րդ դարուն առուտուրի ճամբաները փոխուեցան: Կամաց-կամաց Փեթրա դարձաւ մեռած քաղաք մը[1]:
Պատմական ակնարկ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Փեթրան իր շրջակայքով բնակուած է նախապատմական ժամանակներէն: Ան կը գտնուի Չինաստանէն եկող Մետաքսի ճամբուն, Հնդկաստանէն եկող Համեմներուն ճամբուն եւ արաբական աշխարհէն եկող ճամբուն վրայ:
Նապաթեցիները Փեթրա հաստատուած են Ք.Ա. 6-րդ դարուն: 4-րդ դարուն քաղաքը կը տարածուի աւելի քան տասը քիլոմեթրի վրայ: իսկ կ'ենթադրուի, որ 50 թուականին հոն կ'ապրէր քսանէն մինչեւ յիսուն հազար մարդ: Քաղաքը կը գրաւուած է հռոմէացիներուն կողմէ. ապա, 4-րդ դարուն դարձած է քրիստոնեայ քաղաք:
747 թուականի երկրաշարժէն ետք քաղաքը ամբողջովին լքուած է:
19-րդ դարուն զուիցերիացի մը վերագտած է այս վայրը եւ սկսած է իր շուրջիններուն խօսիլ անոր մասին: Բազմաթիւ հնագէտներ հետաքրքրուած են եւ Փեթրա դարձած է աշխարհահռչակ հնագիտական վայր մը:
Այժմ ան Յորդանանի ամէնէն շատ այցելու ընդունող զբօսաշրջական վայրն է[2]:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «ՈՒՐԱԽ ՔՈՍԹԱ ՌԻՔԱՆ - Aztag Daily» (en-US)։ արտագրուած է՝ 2022-01-04
- ↑ «Դէպի Փեթրա»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (en-US)։ 2015-07-25։ արտագրուած է՝ 2022-01-04