Jump to content

Հրաչեայ Քոչար

Հրաչիայ Քոչար

Հրաչեայ Քոչար (Գաբրիէլեան) (19 Յունուար (1 Փետրուար) 1910, Արեւմ.Հայաստան - 2 Մայիս 1965, Երեւան), հայ արձակագիր, հրապարակախօս, ՀԽՍՀ պետական մրցանակի առաջին դափնեկիր (1967, «Նահապետը» վիպակի համար), ԽՍՀՄ գրողներու միութեան անդամ (1934-էն)։

Ծնած է Արեւմտեան Հայաստան, Բագրեւանդ գաւառի Ղումլիպուճաղ գիւղին մէջ։ Գաղթի ժամանակ ծնողքը կորսնցուցած, կը փրկուի Ցեղասպանութենէն՝ թուրքերուն կողմէն իրականացուած կոտորածներէն, համագիւղացիներուն հետ կ՛անցնի Արեւելեան Հայաստան (Հայաստանի Արարատեան դաշտի գիւղերը)։ Ապա՝ 1927ին Երեւան, ուր կ'ամբողջացնէ ուսումը ու կը վարէ խմբագրական պաշտօն։ 1930–ական տարիներուն կը գրէ առաջին վիպակներն ու պատմուածքները։

Կենսագրական համառօտ գիծեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աշխարհամարտի տարիները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աշխարհամարտի տարիները իբրեւ լրագրող կը միանայ Կարմիր Բանակին ու մարտերուն կը հետեւի։ Պատերազմէն դարձին՝ վարչական-խմբագրական բարձր դիրքերու վրայ է իբրեւ՝ Գրողներու միութեան քարտուղար, խմբագիր՝ «Սովետական Գրականութիւն» պաշտօնաթերթին, 1954 թուականին խմբագիր՝ «Ոզնի» երգիծական հանդէսին։ Կը հրատարակէ վէպեր, հրապարակագրական գործեր՝ մեծ մասամբ նուիրուած խորհրդային (ոչ-ազգային) նիւթերու։

Լիբանան այցելութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սովիետական Հայաստանի առաջին մտաւորականն է որ Լիբանան կու գայ, (1961 Յունուարի վերջաւորութեան)։ Այցելութեան ընթացքին, կ՛ այցելէ հայկական կրթական հաստատութիւններ (կը հանդիպի Ն․ Փալանճեան ճեմարանի տնօրէն՝ Սիմոն Վրացեանին) եւ կառոյցներ։

Հայաստան վերադարձին, զգալի կ՛ըլլայ անոր քաղաքական եւ գաղափարական ընբռնումներուն մէջ ունեցած շրջադարձը։ Ան է որ Հայաստանի իշխանութիւններէն կը պահանջէ հաստատել Հայաստանի արտաքին նախարարութիւն մը, հրատարակել Ֆրանց Վերֆելի «Մուսա Լեռան 40 օրերը», Շանթի գործերը, Սարդարապատի բլուրին վրայ կառուցել յուշահամալիր մը, վերականգնել զօր․ Անդրանիկին անունը, կերտել Եղեռնի յուշարձան մը, մեծ շուքով նշել Եղեռնի յիսնամեակը․․․։ [1]

Կեանքին վերջին տարիները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կեանքին վերջին տարիներուն, ուշագրաւ վերադարձով մը իր ազգային ակունքներու՝ Հ. Քոչար կը գրէ ներշնչեալ վիպակներու շարք մը՝ «Սպիտակ Գիրքը», որուն մաս կազմող «Նահապետ»ը, «Կարօտ»ը եւ այլ կտորներ պիտի տարածուին ու ճանչցուին նաեւ շարժանկարի ճամբով։ Անոնք նոր արժէք կու տան իր գործին, սրբագրելով կուսակցական-քարոզչական գրականութեան նուիրուած գործիչ դիմագիծ մը։ Մահացած է Երեւան[2]։ [3] </ref>

  • «Օգսէն Վասպուրի ճանապարհորդութիւնը»
  • «Ժամանակներ»
  • «Հերոսների Ծնունդը» (Նամակներ)
  • «Բարեկամութիւն»
  • «Մեծ Տան Զաւակներ»
  • «Սպիտակ Գիրքը»

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]