Jump to content

Հրանդ Ք. Արմէն

Հրանդ Ք. Արմէն
Ծնած է 1 Յունուար 1895(1895-01-01)[1]
Ծննդավայր Կեսարիա, Թուրքիա
Մահացած է 1973[2]
Մահուան վայր Տիթրոյթ, Միշիկըն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
 Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Ուսումնավայր Ուէյն Սթէյթ Համալսարան
Մասնագիտութիւն պատմաբան, իրաւաբան, հայագէտ

Հրանդ Ք. Արմէն (1 Յունուար 1895(1895-01-01)[1], Կեսարիա, Թուրքիա - 1973[2], Տիթրոյթ, Միշիկըն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), հայ պատմաբան մըն է:

Հրանդ Ք. Արմէն 1911-ին կ՛անցնի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, ուր շրջան մը իր երէց եղբօր մօտ՝ ալիւրաղացի մէջ աշխատելէ ետք, կը մտնէ Ամերիկեան բանակ, զինուորական իր ծառայութիւնը կատարելու: 1931-ին որպէս Իրաւագիտութեան ուսանող, մուտք կը գործէ Տիթրոյթի Համալսարանը, զոր կ՛աւարտէ երեք տարիներու մէջ:

Իրաւանաբական ասպարէզին կողքին, Հրանդ Ք. Արմէն կը նուիրուի հայ ժողովուրդի պատմութեան սերտողութեան: Իր ամբողջ ուշադրութիւնը կեդրոնացնելով Արտաշէսեան, Արշակունեան Մարզպանական Հայաստանի վրայ, հետեւողականօրէն ան կը փորձէ լոյսին բերել տուեալ ժամանակաշրջանի միջազգային ու հայկական քաղաքական անցուդարձերը, միշտ ապաւինած հայ եւ օտար սկզբնաղբիւրներու վկայութեանց, որոնց հանդէպ իր դիրքորոշումը կը յայտնաբերէ հմուտ պատմաբանի կողքին նաեւ յանդուգն իրաւագէտը:

Հրանդ Ք. Արմէն, որ հետեւեալ բառերու մէջ խտացուցած էր իր կեանքը՝ «օրապահիկս օրէնսգիտութիւն, հոգեպահիկս՝ հայոց պատմութիւն»:

Հրանդ Ք. Արմէն կը մահանայ 1973-ի սկիզբները:

Աշխատութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Յամառ ու բծախնդիր աշխատանքով հայ պատմագրութեան գանձարանին աւանդ կը թողու հետեւեալ աշխատասիրութիւնները՝

Անոր գրչին կը պատկանի նաեւ ԱՐՄԷՆԻԶՄ խորագրով աշխատասիրութիւն մը:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1,0 1,1 http://am.hayazg.info/index.php?curid=11484
  2. 2,0 2,1 2,2 Library of Congress AuthoritiesLibrary of Congress.
  3. PeoplePill։ «Hrant Armen: Armenian historian (1895 - 1973) | Biography, Facts, Career, Wiki, Life»։ PeoplePill (հայերէն)։ արտագրուած է՝ 2020-08-18