Jump to content

Հմայեակ Յակոբեան

Հմայեակ Յակոբեան
Ծնած է 1871[1][2]
Ծննդավայր Տրապիզոն, Օսմանեան Կայսրութիւն[1][2]
Մահացած է 7 Յուլիս 1939(1939-07-07)[1][2]
Մահուան վայր Թիֆլիս, Խորհրդային Միութիւն[1][2]
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
 Խորհրդային Միութիւն
Ազգութիւն Հայ[1]
Ուսումնավայր Ներսիսեան դպրոց[1]
Միւնիխի Գեղարուեստի Ակադեմիա[1]
Մասնագիտութիւն գեղանկարիչ

Հմայեակ Յակոբեան (1871[1][2], Տրապիզոն, Օսմանեան Կայսրութիւն[1][2] - 7 Յուլիս 1939(1939-07-07)[1][2], Թիֆլիս, Խորհրդային Միութիւն[1][2]), հայ գեղանկարիչ:

Կեանք եւ գործունէութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Տրապիզոնի մէջ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ եւ ապա ընդունուած Թիֆլիսի Ներսիսեան վարժարանը, ուր իբրեւ նկարչութեան ուսուցիչ ունեցած է յայտնի նկարիչ Յարութիւն Շամշինեանը:

Աւարտելէ ետք ուսումը շարունակելու համար մեկնած է Գերմանիա, ուր շրջանաւարտ ըլլալէ ետք որոշ ժամանակ ապրած է:

Աշխատութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Յակոբեան զբաղած է նկարչութեամբ. հիմնականին մէջ նկարած է դիմանկարներ, բնանակարներ, ինչպէս նաեւ այլ ժանրի աշխատութիւններ:

Անոր գործերուն մէջ մեծապէս տեղ գտած է գիւղական կեանքը. անոնցմէ են «Վարը Արագածի լանջին», «Հովիւը», «Հին Թիֆլիզ»ը եւ այլ աշխատութիւններ:

Նկարներուն ճամբով փորձած է ներկայացնել հայ աշխատող դասակարգը։ Այդ գործերէն են «Հայ գիւղացին», «Ոսկերիչ Ալեքօն» գործերը:

Իսկ Յակոբեանի դիմանկարներէն յայտնի են «Մովսէս Խորենացի», «Կաթողիկոս Խրիմեան» աշխատութիւնները:

Ցուցահանդէսներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Յակոբեան իր գործերով ունեցած է անձանկան ցուցահանդէսներ, Հայաստանի, ինչպէս նաեւ այլ երկիրներու մէջ

Յետ մահու՝ 1948 թուականին Երեւանի մէջ բացուած է գեղանկարիչի ցուցահանդէսը:

Անոր գործերէն շատեր մինչեւ օրս կը պահուին Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին[3], ինչպէս նաեւ Վրաստանի եւ Ռուսաստանի մէջ գտնուող յատուկ հաւաքածոներու մէջ[4]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մասը վերցուած է Հայկական համառօտ հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի մէջ։