Հայկական իւրայատուկ երաժշտութիւն
Հայկական իւրայատուկ երաժշտութիւնը, Հայ ժողովուրդի դարաւոր երաժշտական մշակոյթը սկիզբ առած է Ն.Ք. 2-րդ հազարամեակին։ Պատմական տուեալները մեզի հասած են հնադարեան հայ պատմաբաններ՝ Մովսէս Խորենացիի եւ Փաւստոս Բիւզանդացիի աշխատութիւններու շնորհիւ[1]։
Հնադար եւ միջնադար
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ն.Ք. 3-րդ հազարամեակին ձեւաւորուեր էր հայկական երաժշտութեան որակային իւրայատկութիւնը։ Մովսէս Խորենացին կը յիշատակէ «փանտիռ» երաժշտական գործիքը։ Փաւստոս Բիւզանդը կը յիշատակէ թմբուկը, սրինգը, քնարը եւ շեփորը[2]։ Պահպանուեր են մինչ քրիստոնէական Հայաստանի երգերէն հատուածներ, որոնք կը պատմեն Արա Գեղեցիկի եւ Շամիրամի, Արտաշէս թագաւորի մասին։ Այդ հնագոյն երգերէն մէկը, որ կը վերաբերի նախքան Քրիստոս 2-րդ դարուն, կը պատմեն հայ արքայ Արտաշէսի եւ ալաններու արքայադուստր՝ Սաթենիկի մասին․
Հեծաւ արի արքայ Արտաշէսը
գեղեցիկ Սեւուկ նժոյգը
Եւ հանեց ոսկեօղ շիկափոկ պարանը
Եւ իբրեւ սրաթեւ արծիւ
անցկացաւ գետը
Եւ նետեց ոսկեօղ շիկափոկ պարանը,
նետեց մէջքը ալանաց օրիորդի
Եւ շատ ցաւցուց մէջքը փափուկ
օրիորդի՝
Արագ հասցնելով զայն իր բանակը[3]։
Հայերէն խազեր, հին հայկական խազագրութիւն, 10-րդ դար 301 թուականէն, երբ Հայաստանը ընդունեց քրիստոնէութիւնը իբրեւ պաշտօնական կրօն, հիմք կը ստեղծուի հայկական քրիստոնէական եկեղեցիի երաժշտութեան զարգացման համար։ Ագաթանգեղոսը կը վկայէ, որ Դ. դարու վերջաւորութեան բարձրագոյն դպրոցներուն մէջ երգեցողութիւն ուսուցաներ են։ Միեւնոյն ատեն յայտնի է հայկական հոգեւորականութեան բացասական վերաբերմունքը հեթանոսական երաժշտական ժառանգութեան հանդէպ։
Հայկական խազագրութիւն, ԺԲ դարու, ձեռագիր Հայ հնադարեան երաժշտութեան զարգացումին կը նպաստէ նաեւ ֆէոտալիզմի ձեւաւորումը։ Բայց գուսանական արուեստը կ'ենթարկուի հալածանքներու (այնուհանդերձ շարունակելով իր զարգացումը)։
Հայ եկեղեցական երաժշտութեան զարգացումին նպաստեց՝ 406-ին հայկական այբուբենի ստեղծումը։ Վանքերուն մէջ կ'ուսուցանեն երաժշտութիւն եւ երգ։
Ե. եւ Զ. դարերուն կը ստեղծուին առաջին հոգեւոր երգերը, որոնց հեղինակներն են՝ Մեսրոպ Մաշտոցը,Սահակ Պարթեւը, Յովհաննէս Ա. Մանդակունին, Ստեփանոս Սիւնեցին, Կոմիտաս Ա. Աղցեցին։ Եկեղեցական երաժշտութեան զարգացման ընթացքին կը ձեւաւորուին շարականները (Ե. դար)։ Է. դարուն երաժիշտ Բարսեղ Ճոնը կը կազմէ շարականներու առաջին ժողովածուն։ Է. դարու հիմնագիրներէն յայտնի է նաեւ կաթողիկոս Սահակ Գ. Ձորոփորեցին։ Ձայներու երկրորդ համակարգումը կատարեց Ստեփանոս Սիւնեցին՝ Ը. դարու առաջին կիսուն։ Վերջինս եկեղեցական երաժշտութեան մեջ ներմուծեց նաեւ կանոնը։ Հին հայկական երաժշտութեան զարգացման մէջ նոր ձեռքբերում էր երաժշտական խազագրութեան՝ խազերու ստեղծումը Ը եւ Թ դարերուն։ Խազերու հնագոյն ձեռագիրը կը վերաբերի Թ. դարուն։ Ընդհանուր առմամբ պահպանուած է խազերու աւելի քան 2000 ձեռագիր։ Հնադարեան Հայաստանի երաժշտական մշակոյթի մասին կը յայտնէ նաեւ Դաւիթ Անյաղթը (Ժ - ԺԱ դարերուն)։
Հայկական երաժշտութիւնը նշանակալիօրէն կը զարգանայ զարգացած ֆէոտալիզմի դարաշրջանին՝ Ժ – ԺԳ դարերուն։ Անոր կը նպաստէ հայկական ազգային պետութեան վերականգնումը Թ. դարու կէսերուն։ Ժ. դարուն կը ստեղծուի մասնագիտական երաժշտութեան նոր ուղղութիւն՝ տաղը։ Տաղերը խոշոր հասարակական կամ հոգեւոր կտորներ են, որոնք ունին քնարական, վիպական, ինչպէս նաեւ քնարական բնոյթ։ Այդ ստեղծագործութիւններն իրենց սկզբնաղբիւրներով կը սերին գուսանական եւ գիւղական երաժշտութիւնէն։ Տաղերու աւելի յայտնի հեղինակներէն են Գրիգոր Նարեկացին (Ժ. դար), Խաչատուր Տարօնեցին (ԺԲ դար) եւայլն.։ Հայկական Վերածնունդի գուսանական գաղափարները արտացոլուած էին ինչպէս տաղերուն մէջ, այնպէս ալ «Սասունցի Դաւիթ» հերոսապատումին մէջ, որ վերջանականապէս ձեւաւորուեցաւ Թ – Ժ դարերուն։ Հայկական երաժշտական մշակոյթի հիմնական զարգացումը կապուած է ուղղակի տաղերուն հետ։ Երաժշտական խազագրութեան համակարգը կը կատարելագործուի ԺԱ դարուն՝ խազերու ի յայտ գալով։ Անիկա թոյլ կու տար աւելի ճշգրիտ ամրացնել մեղեդին։ Կը ստեղծուին «Խազգիրք» ժողովածուները, որոնք կը հանդիսանային նաեւ իւրօրինակ ուսումնական ձեռնարկներ։ Հին հայկական երաժշտութեան զարգացման աշխատանքին մէջ մեծ դեր խաղաց Ներսէս Շնորհալին (ԺԲ դար), որ գրեց բազմաթիւ երգեր, տաղեր եւ շարականներ։ ՅովհաննԷս ԻմաստասԷրը (ԺԱ – ԺԲ դարեր), Յովհաննէս Երզնկացին (ԺԳ դար) եւ ուրիշներ, իրենց աշխատութիւններուն մէջ կ'ուսումնասիրէին երաժշտա-գեղագիտական բնոյթի թեմաներ։ Առաքել Սիւնեցին, Յակոբ Ղրիմեցին գրեր են տուեալ ժամանակաշրջանի երաժշտական գործիքներու մասին։ Մեծ արժէք կը ներկայացնեն Կիլիկիոյ թագաւորութեան մէջ ստեղծուած պատմական երգերու բառերը (Հեթում Ա. արքայի որդի Լեւոնի գերեվարութեան մասին. եւայլն)։ ԺԴ դարէն հասարակական տաղերը զգալիօրէն դուրս կը մղեն շարականները եւ այլ հոգեւոր ստեղծագործութիւնները։ Յատկապէս սկսած ԺԶ դարէն՝ Հայաստանի՝ Թուրքիոյ եւ Պարսկաստանի միջեւ բաժնուելէն ետք, կ'ամրապնդուին ընկերային թեմաները եւ կը գերակայեն ողբերգական երգերը[4]։
Հին հայկական երաժշտական խազագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ըստ Ե. դարու պատմիչ Ղազար Փարպեցիին՝ հայերը սկզբնապէս կ' օգտագործէին այբուբենի տառերը՝ երաժշտութիւնը ամրացնելու համար։ Հին հայկական երաժշտական խազագրութիւնը՝ խազերը, ստեղծուած են Ը - Թ դարերուն։ Խազերու ստեղծման նախաձեռնողը հաւանաբար Ստեփանոս Սիւնեցին եղած է[5] ։ ԺԲ դարէն ետք խազերը կը զարգանային նաեւ Կիլիկիոյ մէջ, Ներսէս Շնորհալին, Գրիգոր Խուլը,Գէորգ Սկեռացին (ԺԳ դար) եւ ուրիշներ կը բարելաւեն խազերու համակարգը եւ անոնց նշաններու կատարման մեկնաբանման արհեստագիտութիւնը։ Յայտնի են աւելի քան 40 հիմնական եւ մինչեւ 20 կամ 30 լրացուցիչ, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ ածանցեալ նշաններ։ Խազերը կը բաժանուին 3 հիմնական բաժանմունքներու։ Բացի այդ հայկական խազերը բիւզանդական նշանային համակարգէն կը տարբերին նաեւ իրենց գծագրական գրելաձեւով, անուանումներով եւ նշաններու փոխյարաբերութեամբ։ Պահպանուեր են ծաւալուն ձեռագիր հատորներու հսկայական քանակութիւն, որոնք կը պարունակեն միջնադարեան հասարակական եւ հոգեւոր ստեղծագործութիւններու խազային գրառումներ։ Թ. Դարէն յայտնի են նաեւ ձեռագրեր հնչիւնական խազագրութեամբ։
Երգերու ժողովածու, 1322 թ | Երգերու ժողովածու, 1332 թ | Երգերու ժողովածու, 1342 թ |
Հին հայկական երաժշտական տեսակները եւ բնութագիրը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գուսանական երաժշտութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գուսանները հայ ժողովրդական երգիչներն են։ Անոնց ստեղծագործութիւնները բացարձակապէս հասարակական բնոյթ կը կրեն։ Նախաքրիստոնէական Հայաստանի մէջ հելլենիզմի դարաշրջանին գուսանները կը ծառայէին Գիսանէ աստուածուհիի տաճարին մէջ, կը մասնակցէին ֆարսերու եւ երգիծական ներկայացումներուն։ Գուսանական երաժշտութիւնը կը սերի ստրկատիրական ժամանակաշրջանի Հայաստանի «վիպասաններու» ստեղծագործութիւններէն։ Զարգացած ֆէոտալիզմի ժամանակաշրջանին յառաջացան «գուսանները» եւ «վարձակները»։ Գուսանական երգերու մասին կը վկայեն Ե. դարու հայ պատմիչներ Ագաթանգեղոսը, Փաւստոս Բիւզանդը, Մովսէս Խորենացին,Եղիշէն եւ ուրիշներ։[3] Ժողովրդական երգիչներ՝ գուսանները երգերը կը կատարէին հիմնականին մէջ խնճոյքներուն, հարսանիքներուն, եւայլն։ 301-էն յետոյ հայկական եկեղեցին կը հետապնդէր գուսանները։ Հայ պատմաբան Փաւստոս Բիւզանդը, որ ապրեր է Դ - Ե դարերուն, նկարագրելով Դ. դարու իրադարձութիւնները, գրեր է․
Անգամ մը անոնք Տարօնի մէջ էին՝ Աշտիշատ եկեղեցական աւանին մէջ, ուր առաջին անգամ եկեղեցի էր կառուցուած իրենց նախապապ Գրիգոր Լուսաւորիչի կողմէ։ Երկու եղբայրները՝ Պապը եւ Աթանագինէսը, ժամանեցին այդ գիւղը։ Խիստ յարբած՝ անոնք սկսան ծաղրել Աստուծոյ տաճարը․ երկու եղբայրները մտան եպիսկոպոսական հանգստավայր եւ սկսան հոն գինի խմել մարմնավաճառներու, երգչուհիներու, պարուհիներու եւ գուսաններու հետ։
Հին գուսանական արուեստը գոյատեւեց մինչեւ ԺԵ-ԺԶ դարերը։ Այդ ժամանակաշրջանի յայտնի քերթող-գուսաններն էին Գրիգոր Խլաթեցին եւ Նահապետ Քուչակը՝ հայրէններու հեղինակները։
Շարական
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Շարականները հոգեւոր երգերն են։ Պահպանուած են Ե – ԺԵ դարերուն մեծ քանակութեամբ շարականներ։ Հին հայկական հոգեւոր երաժշտութիւնը կազմուած է 4 հիմնական տեսակներէ՝ կցուրդ, կացուրդ, կանոն եւ տաղ։ Շարականները հին հայկական մշակոյթի՝ մասնաւորապէս քերթողութեան, երաժշտութեան եւ մասնագիտական երգարուեստի համադրումն է։ Արդէն Է. դարուն Բարսեղ Ճոնը կաթողիկոս Ներսէսի յանձնարարութեամբ կազմեց «Շարակնոց» ժողովածուն։ Համաձայն Կիրակոս Գանձակեցիին․ «Այդ ժամանակ Հայաստանի մէջ այնքան շատ էին կանոնաւոր եկեղեցական երգերը, որ թեմի մը երգիչները չէին գիտեր միւս թեմի երգերը»։ Վարդան Արեւելցին կը գրէ․
․․․վերանայուեցան եկեղեցական երգերը, որոնցմէ ընտրուեցան լաւագոյնները, որոնք մինչ այսօր կ' երգեն հայկական եկեղեցիին մէջ։ Անոնց խմբագրումը յանձնարարուեցաւ սուրբ Բարսեղին՝ Ճոն ազգանունով՝ Անի շրջանին մէջ գտնուող դպրեվանքի նախկին վանահօրը։ Անոր անունով կը կոչուին հայկական եկեղեցիներու մէջ շարականները՝ Ճոպընտիր։
Շարականներու բազմադարեան արուեստը միշտ կը գտնուի հասարակական երաժշտութեան եւ քերթողութեան ուժեղ ազդեցութեան տակ եւ հազարաւոր տարիներու ընթացքին զգալի է որ յեղաշրջում ունեցաւ։ Շարականներու հիմնական բանաստեղծական չափը բարդ չորսոտնեայ է (4+4+4+4)։ Շարականներու երաժշտութիւնը կը վերաբերի տուներու սկզբունքին։ Շարականները կը գրուին, իբր ամբողջական երաժշտա-բանաստեղծական ստեղծագործութիւններ։
Շարականները հաւաքուած են «Շարակնոց» ժողովածուի մէջ, ուր ներառուած են աւելի քան 1166 երգեր։
Տաղ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Տաղերը, շարականներու պէս, երաժշտական եւ բանաստեղծական արուեստի տեսակ են։ Տաղը մասնագիտական երաժշտութեան իւրայատուկ ձեւ է։ Անոնք համեմատաբար ծաւալուն կտորներ են, որոնք իրենց բովանդակութեամբ եւ մեղեդայնութեամբ կը յիշեցնեն յաջորդող դարաշրջանի ձայնային եւ գործիքային նուաճումներ։ կը տարբերակուին հոգեւոր եւ հասարակական տաղերը։ Առաջիններն աւելի ծաւալուն են, քան հասարակականները։ Տաղը, իբրեւ երաժշտական ձեւ, հիմնականին մէջ զարգացեր է Ժ. դարուն՝ գլխաւորապէս Գրիգոր Նարեկացիի շնորհիւ։ Հոգեւոր տաղերը ի տարբերութիւն շարականներուն՝ կանոնաւոր երգեր չէին․ տօնախմբութիւններուն եւ արարողութիւններուն կը կատարուէին տուեալ իրադարձութեան աւելի տօնական տեսք տալու համար։ Հասարակական տաղը աւելի ցայտուն կերպով կը զարգանայ Ֆրիկի ստեղծագործութիւններուն մէջ (ԺԳ դար)։ Տաղերու ուշ միջնադարեան հեղինակներէն յայտնի են Յովհաննէս Թլկուրանցին, Մկրտիչ Նաղաշը, Մինաս Թոխատեցին, Պետրոս Կապանցին, որոնց ստեղծագործութիւններէն քանի մը հատը պահպանուած են խազերու տեսքով։ Ամենայայտնի հասարակական տաղերէն մէկը՝ «Կռունկ»-ը, որ ստեղծուեր է ուշ միջնադարին, պահպանուած է ԺԷ դարու գործերուն մէջ։ Կրօնական տաղերու եւ գանձերու ուշ միջնադարեան հեղինակներէն աւելի յայտնի են Առաքել Սիւնեցին, Մաթէոս Դւուգայեցին, Գրիգոր Խլաթեցին, Առաքել Բաղիշեցին եւ ուրիշներ։ Հասարակական տաղերու հնադարեան ժողովածուն տպագրուած է Վենետիկ 1513-ին։
ԺԷ-ԺԸ դարեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Տաղերու ականաւոր կատարողներէն մէկը Պետրոս Կապանցին էր։ Անոր ստեղծագործութիւնները իրենց արմատներով կապուած են զարգացած ֆէոտալիզմի ժամանակաշրջանի հայկական երաժշտական մշակոյթի աւանդոյթներուն հետ։ Այդ ժամանակաշրջանին կը շատնան թէ՛ երաժիշտները, թէ՛ երաժիշտ-կատարողները։ Միեւնոյն ժամանակ Ժէ-ԺԸ դարերու հայ գիտնականները կը շարունակեն ուսումնասիրել միջնադարեան ձեռագրերու եւ բնագրերու երաժշտական ժառանգութիւնը։ Այդ շրջանի ճանչցուած երաժշտական տեսաբաններէն էին Աւետիք Պաղտասարեանը, Զենէ-Պողօսը, Խաչատուր Էրզրումցին եւ Մխիթար Սեբաստացին։ Հին հայկական երաժշտութեան ուսումնասիրութեան զուգընթաց՝ Գրիգոր դպիր Գապասկալեանը (4 երաժշտագիտական աշխատութիւններու հեղինակ ) կը փորձեն ստեղծել խազերու նոր համակարգ։
Աշուղական երաժշտութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Աշուղական երաժշտութիւնը կը հանդիսանայ երաժշտական եւ գրական մշակոյթի հիմնաքարը, որ յառաջացած է ԺԶ դարուն։ Աշուղները ժողովրդական երգիչ-քերթողներ են[6], որոնք մեծ դեր խաղացած են հայկական երաժշտութեան պատմութեան մէջ։ Աշուղական արուեստի հիմնական զարգացումը կը սկսի ԺԷ դարուն։ ԺԷ-ԺԸ դարերու նշանաւոր հայ աշուղներէն Էգազը, Գուլ Յարութիւնը, Ղազարի որդի Բաղերը եւ ուրիշներ[7]։ Աշուղական երաժշտութիւնը հիմնուած է ժողովրդական արուեստի բազմադարեան աւանդոյթներու վրայ։ Սորվելով միջնադարեան տաղասացներու աւանդոյթները՝ հայ աշուղներն իրենց ստեղծագործութիւններուն համար կը ստեղծէին իւրօրինակ մեղեդիներ։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Վահան Կուրկճեան «Հայաստանի պատմութիւն», 1958թ
- ↑ Ա․ Յովհաննիսեան «Հին Հայաստանի երաժշտութիւնը», էջ 65, 1973 թ
- ↑ Մ․ Խորենացի «Արտաշէս արքայի մասին»
- ↑ Քեն Փերի «The Blackwell Companion to Eastern Christianity»
- ↑ «Երաժշտական հանրագիտական բառարան, 1990թ»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2013-10-11-ին։ արտագրուած է՝ 2015-04-09
- ↑ Լեւոն Մսերիանց «Աշուղներ», էջ 290, հատոր 1, 1930 թ.
- ↑ Հայկական Սովետական Հանրագիտարան, էջ 494-495