Jump to content

Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոն

Հայկազեան Համալսարանի Մուկար շէնքը

Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնը հիմնուած է Յունուար 2012-ին Հայկազեան Համալսարանի Heritage պատմական շէնքին մէջ (Լիբանան), բարերար Երջօ Սամուէլեանի նուիրատւութեան շնորհիւ։ Կեդրոնի տնօրէնն է Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան։

Կեդրոնը կը գործէ տնօրէնին ղեկավարութեամբ, որ կը գործակցի Համալսարանի նախագահի գրասենեակին կից գործող ակադեմական յանձնախումբին, ուսուցչակազմին եւ գրադարանավարներուն հետ։

Ա. Ուսումնասիրել հայկական սփիւռքի, յատկապէս միջին արեւելեան գաղութներու պատմութիւնը, ուշադրութիւն բեւեռելով անոնց պատմութեան, մշակոյթին, հիւրընկալ երկիրներուն եւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն վրայ,

Բ. Հարստացնել հայկական սփիւռքի անցեալի եւ ներկայի մշակոյթի եւ բնակչութեան մասին գիտելիքները,

Գ. Պահպանել եւ պաշտպանել հայկական սփիւռքի մշակութային ժառանգութիւնը։

Գործունէութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ա. Կազմակերպել գիտաժողովներ, հրապարակային դասախօսութիւններ, բանավիճային նիստեր։ Միաժամանակ, տրամադրել գիտաշխատողներու փոխանակման ծրագիրներ, եւ համակարգել միջին արեւելեան հայ սփիւռքի ուսումնասիրութեան աշխատանքները, առաւելաբար Տէրեան Հայագիտական Գրադարանի ծիրէն ներս։

Բ. Հաւաքել, դասաւորել եւ վերլուծել նախնական տեղեկութիւններ միջին արեւելեան հայ գաղութներու մասին, պահպանելու եւ պաշտպանելու համար հայ մշակոյթը։ Յառաջացնել եւ տարածել Սփիւռք երեւոյթին եւ անոր առնչակից նիւթերու՝ ինքնութեան, համարկումի եւ ինքնապահպանումի մասին նիւթեր։

Գ. Կազմակերպել եւ հրատարակել ուսումնասիրութիւններ սփիւռքահայ գաղթօճախներու ընկերային, քաղաքական, տնտեսական, մշակութային եւ մարզական ներդրումին մասին, ինչպէս նաեւ ուսումնասիրել գաղթօճախներու մասնակցութիւնը հիւրընկալ երկիրներու կեանքին։

Դ. Քաջալերել ուսումնասիրողները գրելու եւ պաշտպանելու մագիստրոսական եւ դոկտորական թէզեր հայկական սփիւռքին մասին։

Ե. Ուսումնասիրողներու, համայնքային ղեկավարներու, կառավարութիւններու, հասարակական կազմակերպութիւններու տրամադրել նիւթեր եւ խորհրդակցութիւն հայ սփիւռքի մասին։

Զ. Գործակցիլ տեղական եւ միջազգային ուսումնասիրական կեդրոններու հետ։

Է. Կազմակերպել տարեկան ակադեմական գիտաժողովներ, կեդրոնանալով հայկական սփիւռքի եւ անոր զանազան կազմակերպութիւններուն եւ անձնաւորութիւններուն վրայ։

Է. Հրատարակել գիտաժողովներու նիւթեր, գրքոյկներ, թռուցիկներ, լրատուներ եւ այլ նիւթեր, որոնք լոյս կը սփռեն հայկական սփիւռքին վրայ։

Ը. Կազմակերպել լիբանանահայ պարբերական մամուլի թուայնացումը եւ հրապարակել ամբողջացած աշխատանքները։ Աշխատանքները կ՚ընթանան հետեւեալ թերթերուն վրան. «Երիտասարդ Հայ» շաբաթաթերթ, «Ռազմիկ» ամսաթերթ, «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»։ Ծրագիրը կ՚ընդգրկէ նաեւ «Արարատ» օրաթերթը, «Երիտասարդ Հայուհի», «Նոր Կեանք», «Բագին», «Շիրակ» եւ «Կամար» պարբերաթերթերը։

  1. 2013 Մարտ 13-14, Երեւան, Երեւանի Պետական Համալսարան, «Հայ Ինքնութեան Հարցերը 21րդ դարուն», գործակցութեամբ Երեւանի Պետական Համալսարանի Սփիւռքագիտութեան Ամբիոնին եւ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան։
  2. 2013 Մայիս 15-17, Պէյրութ, Հայկազեան Համալսարան, «Հայկական Անդրսահմանային Տարածականութիւնը Եւ Արդի Հաղորդակցական Միջոցները»։
  3. 2013 Հոկտեմբեր 18-19, Պէյրութ, Հայկազեան Համալսարան, «Հայ Ինքնութեան Հիմնահարցեր», գործակցութեամբ ԵՊՀ Սփիւռքագիտութեան Ամբիոնի։
  4. 2014 Մայիս 14-16, Պէյրութ, Հայկազեան Համալսարան, «Լիբանանի Հայերը Բ.»

Հրատարակութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Լիբանանահայ Գիրքը, 1894-2012, Մատենագիտական Ցանկ», աշխատասիրութեամբ Անդրանիկ Տագէսեանի եւ Արմէն Իւրնէշլեանի, Պէյրութ, 2014։
  2. «Սփիւռքագիտութիւն Տարեգիրք», Երեւան, 2012։
  3. «Հայկական Անդրսահմանային Տարածականութիւնը Եւ Արդի Հաղորդակցական Միջոցները» Գիտաժողովի Նիւթեր (15-17 Մայիս 2013), խմբագիր՝ Անդրանիկ Տագէսեան, Պէյրութ, 2014։