Հալոուին
Հալոուին, (անգլերէն՝ Halloween, All Hallows' Eve կամ All Saints' Eve)[1], ժամանակակից համաշխարհային տօն, Մեծն Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իրլանտայի տարածաշրջաններուն մէջ սկիզբ առած տօն, որուն հիմք կը կազմեն Իրլանտայի եւ Սկովտիոյ հին աւանդոյթները[1][2][3]։
Կը տօնուի 31 Հոկտեմբերին՝ բոլոր սուրբերու օրուան նախօրեակին։
Հալոուինը աւանդաբար կը տօնեն եւրոպական եւ ամերիկեան երկիրներու մէջ:
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Այս տօնը եկած է շատ հին ժամանակներէ: Անոր արմատները կարելի է գտնել սելթիք ժողովուրդներու Սամհէյն փառատօնին մէջ: Սելթիք ժողովուրդները ցեղախումբեր էին, որոնք կ'ապրէին ներկայի Սելթիքի եւ Ֆրանսայի կարգ մը շրջաններուն մէջ` 2000 տարի առաջ: Անոնք կը հաւատային, թէ մահացած անձերու ոգիները Սամհէյնի ատեն աշխարհ կը վերադառնային: Հետեւաբար, զանոնք հանդարտեցնելու եւ իրենք զիրենք վնասելէ պաշտպանուելու համար, մարդիկ խարոյկներ կը վառէին եւ կը հագուէին անասունի գլուխներով եւ մորթերով շինուած տարազներ[4]:
Հռոմէացիները այս ցեղախումբերուն հողերը կը նուաճեն Ք.Ա. 390-ին: Ք.Ե. 1000-ի շուրջ, անոնք այս սովորութիւնը կ'որդեգրեն տօնելու համար Ոգիներու օրը` ծպտուելով իբրեւ սուրբեր, գէշ ոգիներ եւ հրեշտակներ: Սկզբնական օրերուն այդ տօները կը նշուէին նոյեմբեր 2-ին, սակայն հետագային ան սկսաւ տօնուիլ 31 հոկտեմբերին եւ կոչուեցաւ Օլ-հալլոուզ (բոլոր սուրբերը): Ժամանակի ընթացքին այս անուանումը վերածուեցաւ Հալոուինի:
Այս տօնը Ամերիկա կը հասնի 1800 թուականներու կէսերուն: Անմիջական յաջողութիւն կը գտնէ հարաւային գաղութներուն մէջ: Բնակիչները կը սկսին այդ օրը նշել իրարու ոգիներու պատմութիւններ պատմելով, պարելով, երգելով եւ յիշելով մահացած անձերը: Դարու վերջաւորութեան Հալոուինի ժողովրդականութիւնը տարածուած էր ամբողջ Միացեալ Նահանգներու տարածքին:
Ինչ կը վերաբերի «Թրիք օր թրեիթ» նշանաւոր սովորութեան, ան ալ հաւանաբար եկած է հռոմէական Ոգիներու օրուան տօնի սովորութիւններէն: Այդ օրը կարիքաւոր մարդիկ կը պտտէին հարուստներու տուները, անոնց դուռը կը զարնէին եւ կ'առաջարկէին աղօթք մը նուիրել ընտանիքին մահացածներու հոգիին` ոգիին, «Սօլ քէյքս», ոգիի կարկանդակի մը փոխարէն: Այս սովորութիւնը շարունակելով, իրլանտացի եւ սկովտիացի պզտիկները ծպտուած, սկսան երգել կամ բանաստեղծութիւններ արտասանել փոքրիկ քաղցրեղէններու փոխարէն: Վերջապէս, այս երկու երկիրներէն եկած գաղթականներն են, որոնք այս սովորութիւնը իրենց հետ Ամերիկա բերին 20-րդ դարու սկիզբը` ժամանակի ընթացքին համաշխարհային տօնակատարութեան մը վերածելով:
Սկզբնական շրջաններուն այդ փոքրիկ քաղցրեղէնները, «թրիթզ»ներ, պտուղներ, կաղիններ էին, ինչպէս նաեւ դահեկաններ կամ պզտիկ խաղալիքներ: 1950-ական թուականներուն է, որ շաքարեղէններու ընկերութիւնները կը սկսին պատրաստել հալոուինի շաքարեղէններու յատուկ փոքրիկ ծրարներ:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ 1,0 1,1 «Merriam-Webster's Encyclopædia of World Religions»։ Merriam-Webster։ 1999։ արտագրուած է՝ 2011 թ․ հոկտեմբերի 31։ «Halloween, also called All Hallows' Eve, holy or hallowed evening observed on October 31, the eve of All Saints' Day. The pre-Christian observances influenced the Christian festival of All Hallows' Eve, celebrated on the same date.»
- ↑ Nicholas Rogers (2002)։ «Halloween: From Pagan Ritual to Party Night»։ Oxford University Press։ արտագրուած է՝ 2011 թ․ հոկտեմբերի 31։ «Halloween and the Day of the Dead share a common origin in the Christian commemoration of the dead on All Saints' and All Souls' Day. But both are thought to embody strong pre-Christian beliefs. In the case of Halloween, the Celtic celebration of Samhain is critical to its pagan legacy, a claim that has been foregrounded in recent years by both new-age enthusiasts and the evangelical Right.»
- ↑ «Austrian information»։ 1965։ արտագրուած է՝ 2011 թ․ հոկտեմբերի 31։ «The feasts of Hallowe'en, or All Hallows Eve and the devotions to the dead on All Saints' and All Souls' Day are both mixtures of old Celtic, Druid and other heathen customs intertwined with Christian practice.»
- ↑ Պատմութիւն